Ազրպէյճան անցեալ յունուարին տեղի ունեցած «ահաբեկչութենէն» ետք կը վերաբանայ Իրանի մէջ իր դեսպանատունը: Այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
«Վերջին քանի մը ամսուան ընթացքին երկու երկիրներու պաշտօնատարներուն միջեւ հաղորդակցութիւններու եւ բանակցութիւններու ծիրին մէջ իրանեան կողմին ներկայացուած են մեր երկրի ակնկալիքները` դեսպանատան անվտանգութեան լիարժէք երաշխիք տրամադրելու վերաբերեալ», ըսած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ:
Անոր համաձայն, քննարկուած է դեսպանատան նոր վայրի հարցը, որ աւելի անվտանգ պիտի ըլլայ եւ պիտի համապատասխանէ դիւանագիտական առաքելութեան համար անհրաժեշտ պահանջներուն:
«Այդ առնչութեամբ արդէն որոշուած է դեսպանատան նոր վայրը», նշած է դիւանագէտը:
Ան ընդգծած է, որ ներկայիս նախապատրաստական աշխատանքներ կը տարուին դեսպանատան նոր նստավայրին համար:
Թեհրանի մէջ Ազրպէյճանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը որոշած էր դադրեցնել իր գործունէութիւնը յունուար 2023-ին դեսպանատան վրայ զինեալ յարձակումէն ետք, որուն պատճառով մէկ մարդ սպաննուած էր եւ երկու ուրիշներ վիրաւորուած:
Յարձակումը, որ Պաքուն «ահաբեկչական արարք» կոչած է, յանգեցուցած էր դիւանագիտական յարաբերութիւններու կտրուկ վատթարացման, Ազրպէյճանը Թեհրանէն հեռացուցած էր իր դեսպանատան աշխատակիցները:


