Միջազգային քրէական դատարանի դատախազ Քարիմ Խան «Սի.Էն.Էն.»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին պահանջեց Կազայի մէջ պատերազմական ոճիրներ եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներ գործելու մեղադրանքով Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի եւ պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթի ձերբակալման հրամանագիր հրապարակել:
Դատախազը նաեւ պահանջեց ձերբակալել Համասի ղեկավարներէն Եահիա Սընուարը: Համասէն պաշտօնատար մը մեկնաբանելով որոշումը զայն նկատեց «զոհի ու դահիճի հաւասարեցում»` աւելցնելով, որ ասիկա բռնագրաւումին ցեղասպանութեան պատերազմը շարունակելու քաջալերանք է»:


