Ֆրանչիսկոս պապը մտադիր է 2025 թուականին այցելել Թուրքիա` նշելու համար Նիկիոյ Առաջին տիեզերական ժողովին 1700-ամեակը: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Տէյլի Սապահ» օրաթերթը` յղում կատարելով Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարք Բարդուղիմէոսին:
«Նորին սրբութիւն Ֆրանչիսկոս պապը կ՛ուզէ միասին նշել այս կարեւոր տարեդարձը», պատրիարքին խօսքերը կը մէջբերէ օրաթերթը:
Անոր համաձայն, այժմ կը ստեղծուի յանձնախումբ` կազմակերպելու պապի Թուրքիա այցելութիւնը, եւ Վատիկանը շուտով այդ հարցով կապ պիտի հաստատէ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հետ:
Նիկիոյ տիեզերական Առաջին ժողովը գումարուած է 325 թուականին Հռոմի Կոստանդին կայսրին նախաձեռնութեամբ Նիկիոյ մէջ (այժմ` Թուրքիոյ Պուրսա նահանգի հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող Իզնիկ քաղաքը) եւ դարձած քրիստոնէութեան պատմութեան մէջ առաջին տիեզերական ժողովը: Անիկա ձեւակերպած է Հաւատամքը` քրիստոնէական վարդապետութեան համառօտ ամփոփումը, եւ սահմանած Զատիկի տօնակատարութեան ժամանակը: Ժողովին մասնակցած է 318 եպիսկոպոս, ներառեալ Հայաստանէն` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի որդի Արիստակէսը: Ըստ աւանդութեան, վերջինս իրեն հետ կը բերէ Նիկիոյ ժողովի որոշումները եւ զանոնք կը ներկայացնէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին, որ զանոնք կը ներմուծէ հայ եկեղեցւոյ դաւանաբանութեան եւ ծիսակատարութեան մէջ:


