Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն երէկ երեկոյեան մեկնեցաւ Նոր Քալետոնիա:
Ֆրանսական կառավարութեան բանբերը երէկ յայտնեց. «Մաքրոն կառավարական ժողովի ընթացքին յայտարարեց, որ պիտի մեկնի: Այս երեկոյ այդտեղ պիտի ուղղուի»:
Ֆրանսայի տիրապետութեան տակ գտնուող Խաղաղ ովկիանոսեան արշիպեղագոս Նոր Քալետոնիոյ մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններու պատճառով ստեղծուած է խառնակ վիճակ:
Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարարը նախապէս յայտնած էր, որ Նոր Քալետոնիոյ մէջ անջատողականներէն ոմանք գործարք կնքած են Ազրպէյճանի հետ: