Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրան-Ազրպէյճան Սահմանին Վրայ Ռայիսի-Ալիեւ Հանդիպում

May 20, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Իրանի եւ Ազրպէյճանի պետական սահմանին վրայ տեղի ունեցաւ երկու երկիրներու նախագահ Ռայիսիի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ հանդիպումը:

Իրանեան լրատուամիջոցներուն համաձայն, ղեկավարները մասնակցած են Խուտաֆերինի ջրելեկտրակայանի շահագործման յանձնման արարողութեան եւ Արաքս գետի վրայ «իզ-ալասի» ջրաելեկտրակայանի բացումին:

Իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ալիեւ ըսած է. «Իրան նախագահին հետ հանդիպումի ժամանակ ես նշած եմ, որ Իրանը կը փորձէ շրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն ապահովել: Շրջանին մէջ օտար երկիրներու միջամտութիւնը անընդունելի է. խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը պէտք է ապահովեն այս շրջանի երկիրներն ու ժողովուրդները»:

«Ներկայիս Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմաններու որոշման հոլովոյթը կ՛ընթանայ: Մենք կը տեսնենք այս հոլովոյթին առաջին դրական արդիւնքները», յայտնած է Ազրպէյճանի նախագահը:

Նշելով, որ ասիկա յուսադրող իրադարձութիւն է, Ալիեւ ընդգծած է. «Որովհետեւ ասիկա յոյս կը ներշնչէ, որ վերջապէս երկար ընդմիջումէ ետք Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կրնայ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքուիլ: Մենք կ՛ողջունենք այս հարցին մէջ Իրանի աջակցութիւնը»:

Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի նախագահը նաեւ յայտարարած է. «Ոչ ոք կրնայ թիւրըմբռնում ստեղծել եւ պառակտում մտցնել Իրանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ»:

«Այս արարողութիւնը անգամ մը եւս ցոյց կու տայ երկու երկիրներու բարեկամութիւնը: Այսօր ամբողջ աշխարհը ականատես կը դառնայ, թէ որքա՛ն մեծ է Իրանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բարեկամութիւնը», ըսած է ան:

Ըստ Ալիեւի, իրանական-ազրպէյճանական «բարեկամութիւնն ու եղբայրութիւնը կարեւոր գործօն են ապագային շրջանին մէջ կայունութեան եւ անվտանգութեան քայլերու ամրապնդման համար»:

Ան շեշտած է, որ Իրանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ փոխադրամիջոցային ոլորտին մէջ իրականացուող միացեալ նախագիծերը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունին նաեւ շրջանին համար:

Իրանի նախագահը իր կարգին ըսած է, որ այն, որ շատ կարեւոր մեծ նախագիծեր կրնան իրականացուիլ երկու ժողովուրդներուն եւ երկու պետութիւններուն միջեւ, ինքնին նշանակալի իրադարձութիւն է:

«Թերեւս ոչ ոքի հաճելի թուին մեր հանդիպումներն ու միացեալ յաջողութիւնները: Մեզի համար ատիկա նշանակութիւն չունի: Գլխաւորը այն է, որ մենք միասին իրականացնենք այն, ինչ որ ի շահ մեր երկիրներուն, պետութիւններուն եւ ժողովուրդներուն է», նշած է Ռայիսի:

 

Նախորդը

Սէուտական Արաբիոյ Գահաժառանգն Ու Սալիվըն Քննարկած Են Երկու Երկիրներուն Միջեւ Ռազմավարական Համաձայնութիւններու «Գրեթէ Վերջնական» Տարբերակը

Յաջորդը

Կանց. «Նեթանիահուին Մինչեւ 8 Յունիս Ժամանակ Կու Տամ Պատերազմի Ռազմավարութիւն Ճշդելու, Եւ Եթէ Իր Ուղին Շարունակէ, Ընտրութիւններու Պիտի Ուղղուինք»

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
Ամերիկացիներուն Հետ Տակաւին Հանդիպումներու  Կամ Հաղորդակցութիւններու Չգոյութիւնը Նշելով`  Արաղչի. «Թէ՛ Բանակցութիւններուն,  Թէ՛ Ալ Պատերազմին Պատրաստ Ենք»
Միջազգային

Ամերիկացիներուն Հետ Տակաւին Հանդիպումներու Կամ Հաղորդակցութիւններու Չգոյութիւնը Նշելով` Արաղչի. «Թէ՛ Բանակցութիւններուն, Թէ՛ Ալ Պատերազմին Պատրաստ Ենք»

January 31, 2026
Դամասկոս Քիւրտերուն Հետ Համապարփակ  Զինադադարի Համաձայնութեան Եւ Աստիճանական  Համարկումի Փոխհասկացողութեան  Գոյացումը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Դամասկոս Քիւրտերուն Հետ Համապարփակ Զինադադարի Համաձայնութեան Եւ Աստիճանական Համարկումի Փոխհասկացողութեան Գոյացումը Յայտարարեց

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.