Միջազգային

Մոսկուան Եւ Թեհրանը Իրան Կազի Մատակարարումներ  Կազմակերպելու Վերաբերեալ Յուշագիր Ստորագրած Են

Մոսկուան Եւ Թեհրանը Իրան Կազի Մատակարարումներ Կազմակերպելու Վերաբերեալ Յուշագիր Ստորագրած Են

Ռուսական «Կազփրոմ»-ն ու Իրանի կազի ազգային ընկերութիւնը Իրան ռուսական կազի մատակարարումներ կազմակերպելու վերաբերեալ ռազմավարական յուշագիր ստորագրած են: Ըստ ԻՐՆԱ-ի, Իրան կը նախատեսէ Ռուսիոյ, Քաթարի եւ Թուրքմենիստանի հետ համատեղ իր տարածքին մէջ կազային հանգոյց ստեղծել: «Յուշագիրը ստորագրուած է Թեհրանի մէջ` Ռուսիոյ եւ Իրանի ներկայացուցիչներուն միջեւ` նպաստելու կազի ոլորտին մէջ երկու երկիրներու համագործակցութեան զարգացման ու ամրապնդման: Ռուսական կազը կը նախատեսուի արտածել Իրան»,...

Ռուտենքօ. «Կը Նախատեսենք Մօտիկ  Ապագային Իրանի Հետ Համապարփակ  Գործակցութեան Համաձայնագիր Կնքել»

Ռուտենքօ. «Կը Նախատեսենք Մօտիկ Ապագային Իրանի Հետ Համապարփակ Գործակցութեան Համաձայնագիր Կնքել»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Անտրէյ Ռուտենքօ յայտնեց, որ Մոսկուան կը նախատեսէ մօտիկ ապագային Իրանի հետ համապարփակ գործակցութեան համաձայնագիր կնքել, որովհետեւ համաձայնագիրի բնագիրին վրայ աշխատանքը շուտով պիտի աւարտի: Ան ըսաւ, որ երկու երկիրներուն գլխաւոր պարտականութիւնը համաձայնագիրի կնքման վերաբերեալ կարգ մը դասաւորումները ամբողջացնելն է: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Ասիոյ հարցերու երկրորդ բաժանմունքի տնօրէն Զամիր Քապուլով այս ամսուան սկիզբը յայտնած էր, որ...

Միացեալ Նահանգներու Եւ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարներուն Միջեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Միացեալ Նահանգներու Եւ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարներուն Միջեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին երեքշաբթի օր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Անտրէյ Պելոուսովի հետ: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Ըստ Փենթակոնի, Օսթին եւ Պելոուսով քննարկած են հաղորդակցութեան ուղիները բաց պահելու կարեւորութիւնը: «Ամերիկայի ձայն»-ին համաձայն, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր, օդուժի հազարապետ-զօրավար Փաթրիք Ռայտըր մամլոյ ասուլիսի ընթացքին լրագրողներուն ըսած է, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը կայացած է Օսթինի...

Խօսելով Այսօր Քիշնեւի Մէջ  Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպումին Մասին`  Միշել. «Կարեւոր Է Զերծ Մնալ Առաւելապաշտական  Դիրքորոշումներէն Եւ Երկխօսութեան Նպատակ Ունենալ»

Միշել Ուքրանիոյ Եւ Մոլտովայի Հետ Եւրոպական Միութեան Բանակցութիւններու Սկիզբը Կը Նկատէ «Պատմական Իրադարձութիւն»

Լիւքսամպուրկի մէջ 25 յունիսին պաշտօնապէս սկսած են Ուքրանիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան բանակցութիւնները: Անոնց առաջին փուլը կողմերու միջկառավարական խորհրդաժողովն է, որուն մասնակցելու համար հասած է Ուքրանիոյ 13 հոգիէ բաղկացած պատուիրակութիւնը: Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Ուքրանիոյ փոխվարչապետ Օլկա Սթեֆանշինան: Եւրոպական Միութենէն խորհրդաժողովին մասնակցած են բոլոր 27 անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները, պատուիրակութիւնը կը ղեկավարէ Եւրոպական Միութեան խորհուրդին նախագահող Պելճիքայի արտաքին գործոց նախարար Հաճա...

Փենթակոն. «Միացեալ Նահանգներ  Չեն Պատրաստուիր Հրթիռային  Հարուած Հասցնելու Սուրիոյ»

«Ուքրանիան Ինք Հարուածներու Թիրախներու Վերաբերեալ Որոշումներ Կու Տայ» Կ՛ըսէ Փենթակոն

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան` Փենթակոնի բանբեր հազարապետ Չարլի Տիթց, մեկնաբանելով Ուքրանիոյ մէջ զինուորական գործողութիւններուն Միացեալ Նահանգներու մասնակցութեան մասին ռուսական կողմի յայտարարութիւնները, ըսած է, որ Ռուսիան հարուածելու ընթացքին Քիեւ ինք կ՛ընտրէ թիրախները: «Ուքրանիան ինք որոշումներ կու տայ թիրախներու ընտրութեան վերաբերեալ եւ կ՛իրականացէ իր զինուորական գործողութիւնները», յայտարարած է ան: Սպիտակ տունը, արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը տակաւին չեն արձագանգած...

Լաւրով. «ԵԱՀԿ-ն Փճացուած Է  Եւ Արեւմուտքի Շահերուն Կը Սպասարկէ»

Լաւրով. «ԵԱՀԿ-ն Փճացուած Է Եւ Արեւմուտքի Շահերուն Կը Սպասարկէ»

Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութիւնը (ԵԱՀԿ) փճացուած է եւ Արեւմուտքի շահերուն կը ծառայէ, ինչ որ նման փորձերուն աւելի արդիւնաւէտ հակազդեցութիւն կ՛ենթադրէ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին Մինսքի մէջ Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի հետ հանդիպումէն ետք յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: «Մենք պատմեցինք, թէ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ու Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան մէջ...

Համաս Կ՛արձագանգէ Նեթանիահուի Դիրքորոշումին

Համաս Կ՛արձագանգէ Նեթանիահուի Դիրքորոշումին

Պաղեստինեան Համաս շարժումը յայտնեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի` Կազայի ղեկավարման մասին յայտարարութիւնը յստակ ապացոյց է, որ ան կը մերժէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումն ու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի առաջարկները: Շարժումը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով աւելցուց, որ Նեթանիահուի կեցուածքը ամերիկեան վարչակազմին Իսրայէլի գերիներու փոխանակման գործարքի վերաբերեալ շրջանառութեան մէջ դրած դիրքորոշումին հակառակն է: Համաս նշեց, որ իր մնայուն զինադադարի հաստատման եւ...

Սեւասթոփոլի Վրայ Ուքրանիոյ Հրթիռային  Յարձակում. Մոսկուան Կը Մեղադրէ Ուաշինկթընը

Սեւասթոփոլի Վրայ Ուքրանիոյ Հրթիռային Յարձակում. Մոսկուան Կը Մեղադրէ Ուաշինկթընը

Սեւասթոփոլի մէջ Ուքրանիոյ զինեալ ուժերու հրթիռային յարձակումին պատճառով արձանագրուած են չորս զոհեր, ներառեալ երկու երեխաներ, աւելի քան 120 անձեր վիրաւորուած են: «Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնեն քաղաքային իշխանութիւնները: Ռուսիոյ առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներով` վիրաւորուած են 124 անձեր: Նախարարութեան տուեալներով վիրաւորներու շարքերուն մէջ կան 27 երեխաներ: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներով` յարձակումը կատարուած է տարանջատուող մարտագլխիկով ԱԹԱՔՄՍ մարտավարական հրթիռներու կիրարկումով:...

Պորել. «Եւրոպական Միութիւնը Պիտի Փակէ  Վրաստանի Առջեւ Դռները, Եթէ Անիկա Ներկայ  Քաղաքական Ընթացքը Շարունակէ»

Պորել. «Եւրոպական Միութիւնը Պիտի Փակէ Վրաստանի Առջեւ Դռները, Եթէ Անիկա Ներկայ Քաղաքական Ընթացքը Շարունակէ»

Եւրոպական Միութիւնը պիտի փակէ Վրաստանի առջեւ դռները, եթէ այդ երկրի կառավարութիւնը շարունակէ ներկայ քաղաքական ընթացքը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նիստի ընթացքին յայտնած է Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել: «Եւրոպական Միութեան դռները հիմա բաց են Վրաստանի առջեւ: Սակայն, եթէ կառավարութիւնը շարունակէ ընել այն, ինչ որ հիմա կ՛ընէ, այդ դռները...

Տաղստանի Մէջ Ահաբեկչական Յարձակում

Տաղստանի Մէջ Ահաբեկչական Յարձակում

Կիրակի երեկոյեան Դերբենտի մէջ խումբ մը զինեալներ կրակ բացին հրէական տաճարի եւ ուղղափառ եկեղեցւոյ վրայ, այդ պատճառով ալ շէնքերուն մէջ հրդեհ յառաջացաւ: Մօտաւորապէս նոյն ժամանակին, Մախաչկալայի մէջ ճանապարհային ոստիկանութեան պահակակէտի վրայ յարձակում մըն տեղի ունեցաւ: Բացի ատկէ, այլ յարձակում ալ տեղի ունեցած է Սերկոքալա գիւղին մէջ, ուր ահաբեկիչները կրակած են ոստիկանական մեքենայի վրայ` վիրաւորելով ոստիկան մը: Տաղստանի Հանրապետութեան մէջ հակաահաբեկչական...

Քաղաքական Յարաբերութիւններու Վերականգնման  Բանակցութիւններ Սկսելու Համար Անհրաժեշտ  Մեքանիզմի Ստեղծման Շուրջ  Պահրէյն-Իրան Համաձայնութիւն

Քաղաքական Յարաբերութիւններու Վերականգնման Բանակցութիւններ Սկսելու Համար Անհրաժեշտ Մեքանիզմի Ստեղծման Շուրջ Պահրէյն-Իրան Համաձայնութիւն

Պահրէյնի պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց. «Պահրէյնն ու Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը իրարու կապող պատմական եղբայրական յարաբերութիւններու հիմամբ, եւ մեկնելով կրօնի, դրացնութեան, հասարակաց պատմութեան ու փոխադարձ շահերէն, Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարար Ապտելլաթիֆ պըն Ռաշետ Զայանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ալի Պաքերի Քանի, Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարարի իրանցի նախարարի հրաւէրով Ասիական գործակցութեան երկխօսութեան ժողովի մասնակցելու համար Իրան այցելութեան առիթով Թեհրանի մէջ...

Նեթանիահու. «Պաղեստինեան Ահաբեկչական Պետութեան, Պատերազմի Դադրեցման Եւ Համասի Գոյատեւման Դէմ Եմ»

Նեթանիահու. «Պաղեստինեան Ահաբեկչական Պետութեան, Պատերազմի Դադրեցման Եւ Համասի Գոյատեւման Դէմ Եմ»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց. «Ամերիկացի մեր բարեկամներէն բազմաթիւ անգամներ եւ բոլոր մակարդակներուն վրայ պահանջեցինք արագացնել զէնքերուն մատակարարումը, եւ ամիսներով այս կացութեան մէջ որեւէ փոփոխութիւն տեղի չունենալէն ետք, որոշեցի հարցին մասին հրապարակաւ արտայայտուիլ»: «Իբրեւ Իսրայէլի վարչապետ պարտականութիւնս է ամէն ինչ ընել երաշխաւորելու համար, որ մեր մարտիկները մարտական լաւագոյն միջոցները ստանան», ըսաւ Նեթանիահու` նշելով. «Վերջերս լսածիս լոյսին տակ, կը կարծեմ, որ...

Թրամփ. «Ես Միացեալ Նահանգները ՕԹԱՆ-էն  Պիտի Չհանեմ, Այնքան Ատեն Որ  Եւրոպացիները Տակաւին Կը Վճարեն»

Թրամփ Խոստացած Է, Ընտրուելու Պարագային, Մինչեւ 20 Յունուար Լուծել Ռուս-Ուքրանական Տագնապը

Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ եւ այդ պաշտօնի Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Տանըլտ Թրամփ Ֆիլատելֆիոյ մէջ իր կողմնակիցներուն հետ հանդիպումի ընթացքին խոստացած է, որ ընտրութեան ընթացքին յաղթելու պարագային մինչեւ երդման արարողութիւնը պիտի լուծէ ուքրանական տագնապը: Այս մասին հաղորդեց «Ֆոքս Նիուզ»-ը: Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահի երդման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 20 յունուար 2025-ին: Թրամփ ընդգծած է, որ վերջ պիտի դնէ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ...

«Ժամանակն Է, Որ Թել Աւիւ Մտածէ ՄԱԿ-էն  Դուրս Գալու Դրական  Եւ Ժխտական Կողմերուն Մասին»  Կ՛ըսէ ՄԱԿ-ի Մօտ Իսրայէլի Դեսպանը

«Ժամանակն Է, Որ Թել Աւիւ Մտածէ ՄԱԿ-էն Դուրս Գալու Դրական Եւ Ժխտական Կողմերուն Մասին» Կ՛ըսէ ՄԱԿ-ի Մօտ Իսրայէլի Դեսպանը

ՄԱԿ-ի մօտ Իսրայէլի դեսպան Կիլատ Էրտան յայտնեց. «Իսրայէլ քանի մը օրէն պիտի սերտէ ՄԱԿ-ի բարձրաստիճան պաշտօնատարները իր հողերէն վտարելու հարցը»: «Ժամանակն է, որ Թել Աւիւ մտածէ ՄԱԿ-էն դուրս գալու դրական եւ ժխտական կողմերուն մասին», ըսաւ դեսպանը: ՄԱԿ-ի կողմէ չորեքշաբթի օր հրապարակուած հետաքննութիւն մը եզրակացուցած էր, որ Իսրայէլ Կազայի մէջ 7 հոկտեմբեր 2023-էն ի վեր շարունակուող պատերազմի ընթացքին մարդկութեան դէմ ոճիրներ...

Քաթար Եւ Սպանիա Կազայի Մէջ Զինադադարի Հաստատման Եւ Շրջանին Մէջ Մագլցումը Դադրեցնելու Կոչ Կ՛ուղղեն

Քաթար Եւ Սպանիա Կազայի Մէջ Զինադադարի Հաստատման Եւ Շրջանին Մէջ Մագլցումը Դադրեցնելու Կոչ Կ՛ուղղեն

Քաթարի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար շէյխ Մոհամետ պըն Ապտելռահման Ալ Թանի յայտնեց, որ Կազայի մէջ անմիջապէս զինադադարի հաստատումը բոլոր ճակատներուն վրայ մագլցումը զսպելու միակ ուղին է: Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարար Խոսէ Մանուէլ Ալպարես իր կարգին ողջունեց Քաթարի` գերիներու փոխանակման գործարքի կնքման համար թափած միջնորդական աշխատանքը, եւ շեշտեց, որ Ուքրանիոյ եւ Միջին Արեւելքի մէջ պէտք է նոյն արժեչափերը կիրարկել: Քաթարի վարչապետը...

Ազրպէյճանի Խորհրդարանին Մէջ Առաջարկած Են Փոխել Երկրին Անունը

Ազրպէյճանի Խորհրդարանը Արտակարգ Ընտրութիւններ Նշանակելու Խնդրանքով Դիմած Է Ալիեւին

Ազրպէյճանի խորհրդարանը արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններ նշանակելու վերաբերեալ երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւին ուղղուած դիմումի վերաբերեալ որոշումի նախագիծ պատրաստած է: Որոշումի բնագիրը կարդացած է երեսփոխան Թահիր Ռզայեւ: Այս մասին կը հաղորդեն ազրպէյճանական լրատուամիջոցները: Խորհրդարանին մէջ այդ առնչութեամբ յանձնախումբ ստեղծուած է: Ազրպէյճանի իշխող «Ենի Ազրպէյճան» կուսակցութեան վարչութեան 20 յունիսի նիստի ընթացքին, կուսակցութեան երեսփոխանները միաձայնութեամբ որոշում որդեգրած էին խորհրդարանը լուծարելու համար Ազրպէյճանի նախագահին դիմելու:...

Մոսկուան, Թեհրանն Ու Պաքուն «Հիւսիս-Հարաւ»-ի  Համար Աշխատանքային Խումբ Պիտի Ստեղծեն

Մոսկուան, Թեհրանն Ու Պաքուն «Հիւսիս-Հարաւ»-ի Համար Աշխատանքային Խումբ Պիտի Ստեղծեն

Մոսկուայի, Թեհրանի եւ Պաքուի ներկայացուցիչները համաձայնած են «Հիւսիս-հարաւ» միջազգային փոխադրամիջոցային միջանցքի ծիրին մէջ բեռնափոխադրումներու հարցով ստեղծել աշխատանքային խումբ եւ ստուգել սահմանային ու մաքսային կէտերը ռուս-ազրպէյճանական եւ ազրպէյճանա-իրանեան սահմաններուն: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է Իրանի մէջ Ռուսիոյ առեւտրական առաքելութեան մէջ Տաղստանի կառավարութեան ներկայացուցիչ Անտրէյ Թանայեւ, որ ռուսական պատուիրակութեան կազմին մէջ մասնակցած է աշխատանքային խումբի ձեւաւորման փորձագէտներու հանդիպման: «Մենք Դերբենտի...

Ռիապքով. «Կը Զգուշացնենք Ուաշինկթընը  Մոսկուայի Համբերութիւնը Փորձելէ. Ռուսիոյ  Անվտանգութիւնը Պիտի Երաշխաւորուի  Գոյութիւն Ունեցող Բոլոր Միջոցներով»

Ռիապքով. «Ուքրանիոյ ՕԹԱՆ-ին Անդամակցութիւնը Բացառուած Է»

Ուքրանիոյ ՕԹԱՆ-ին անդամակցութիւնը բացառուած է: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով: Ան այդ մասին ըսած է ի պատասխան լրագրողի նշումին, թէ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ Քիեւի անդամակցութիւնը պայմանաւորած էր պատերազմին մէջ Ռուսիոյ դէմ յաղթանակով: «Ուրեմն, ատիկա երբեք տեղի պիտի չունենայ: Յոյսով եմ` պարոն Սթոլթենպերկը ատիկա կը հասկնայ: Ան ինձմէ...

Նոր Քալետոնիոյ Անկախականներու  Ղեկավարը Ձերբակալուած Է

Նոր Քալետոնիոյ Անկախականներու Ղեկավարը Ձերբակալուած Է

Ֆրանսական ոստիկանութիւնը 19 յունիսի գիշերը ձերբակալած է Նոր Քալետոնիոյ անկախական շարժումի ղեկավար Քրիսթիան Թենին: Ըստ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան, անոր կողքին ձերբակալուած են 7 անձեր: Անոնք բոլորն ալ կը կասկածուին մայիսի կէսերէն Խաղաղական ովկիանոսին մէջ գտնուող եւ Ֆրանսայի ենթակայութեան տակ եղող այս կղզիներուն մէջ անկարգութիւններ կազմակերպելու մէջ: Փարիզ նախապէս յայտարարած էր, որ անկարգութիւնները հրահրուած են երրորդ պետութիւններու` մասնաւորաբար Ազրպէյճանի միջամտութեան հետեւանքով:...

Ըստ Պաշտօնատարներու.  Իսրայէլ Եւ Համաս Համաձայնած Են Գործարքի Առաջարկի Առաջին Փուլի Պայմաններուն Եւ Տարակարծութիւնը Պատերազմի Վերջ Տալուն Շուրջ Է

Ըստ Պաշտօնատարներու. Իսրայէլ Եւ Համաս Համաձայնած Են Գործարքի Առաջարկի Առաջին Փուլի Պայմաններուն Եւ Տարակարծութիւնը Պատերազմի Վերջ Տալուն Շուրջ Է

Պաշտօնատարներ ամերիկեան «Փոլիթիքօ» պարբերաթերթին յայտնած են. «Իսրայէլ եւ Համաս համաձայնեցան գործարքի առաջարկի առաջին փուլի պայմաններուն, եւ տարակարծութիւնը պատերազմին վերջ տալուն շուրջ է»: «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին մօտ Իսրայէլի ներկայ առաջարկին հիմամբ զինադադարի համաձայնութիւն գոյացնելու կարելիութեան շուրջ կասկածներ ունին», նշեցին անոնք: Աղբիւրներուն համաձայն, գոյութիւն ունի այն կարծիքը, որ Կազայի մէջ կացութիւնը առնուազն մինչեւ տարեվերջ պիտի մնայ իր ներկայ վիճակին...

Page 151 of 882 1 … 150 151 152 … 882

Արխիւներ