Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ուքրանիան Ինք Հարուածներու Թիրախներու Վերաբերեալ Որոշումներ Կու Տայ» Կ՛ըսէ Փենթակոն

June 26, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան` Փենթակոնի բանբեր հազարապետ Չարլի Տիթց, մեկնաբանելով Ուքրանիոյ մէջ զինուորական գործողութիւններուն Միացեալ Նահանգներու մասնակցութեան մասին ռուսական կողմի յայտարարութիւնները, ըսած է, որ Ռուսիան հարուածելու ընթացքին Քիեւ ինք կ՛ընտրէ թիրախները:

«Ուքրանիան ինք որոշումներ կու տայ թիրախներու ընտրութեան վերաբերեալ եւ կ՛իրականացէ իր զինուորական գործողութիւնները», յայտարարած է ան:

Սպիտակ տունը, արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը տակաւին չեն արձագանգած ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան խնդրանքին` մեկնաբանելու Սեւասթոփոլի դէմ հարուածը:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած էր, որ 23 յունիսին, ժամը 12:15-ին ուքրանական կողմը հարուածներ հասցուցած է Խրիմի Սեւասթոփոլ քաղաքին` օգտագործելով տարանջատուող մարտագլխիկներով ամերիկեան ԱԹԱՔՄՍ մարտավարական հինգ հրթիռ:

Սեւասթոփոլի մէջ Ուքրանիոյ զինեալ ուժերու հրթիռային յարձակումին պատճառով արձանագրուած են չորս զոհեր, ներառեալ երկու երեխաներ, աւելի քան 120 անձեր վիրաւորուած են: «Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած են քաղաքային իշխանութիւնները:

Ռուսիոյ առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներով` վիրաւորուած են 124 անձեր: Նախարարութեան տուեալներով վիրաւորներու շարքերուն մէջ կան 27 երեխաներ:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներով` յարձակումը կատարուած է տարանջատուող մարտագլխիկով ԱԹԱՔՄՍ մարտավարական հրթիռներու կիրարկումով:

Պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը նշէ, որ Սեւասթոփոլի դէմ արձակուած հրթիռներէն չորսը վնասազերծուած են: «Հրթիռ մը եւս, վերջին փուլին հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու խոցման հետեւանքով, շեղած է թռիչքի հետագիծէն, որմէ ետք անոր մարտագլխիկը պայթած է օդին մէջ` քաղաքի տարածքին մէջ», ըսած է Սեւասթոփոլի ղեկավար Միխայիլ Ռազվոզժայեւ:

Կը հաղորդուի, որ պայթումին պատճառով հրթիռի բեկորները ինկած են մարդաշատ քաղաքի լողափին վրայ:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ հրթիռային հարուածի մեղաւորը Ուքրանիոյ կողքին Ուաշինկթընն է:

Քրեմլին իր կարգին յայտնած էր. «Խրիմի վրայ մարտավարական հրթիռներով ուքրանական յարձակումը բարբարոսական է, եւ գիտենք անոր պատասխանատու կողմը, եւ անիկա Ուքրանիան չէ»:

«Կռիւին Միացեալ Նահանգներու միջամտութիւնը, որուն պատճառով ռուս քաղաքացիներ կը սպաննուին, չի կրնար հետեւանքներ չունենալ», ընդգծած էր Քրեմլին:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Խրիմի վրայ յարձակումի հարցով իր մօտ կանչած էր Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսին` անոր յայտնելով, որ Ուաշինկթըն Քիեւի չափ պատասխանատու է յարձակումին համար, եւ այդ յարձակումը «անպատիժ պիտի չմնայ»:

 

Նախորդը

Լաւրով. «ԵԱՀԿ-ն Փճացուած Է Եւ Արեւմուտքի Շահերուն Կը Սպասարկէ»

Յաջորդը

Կանց. «Հըզպալլայի Հետ Քաղաքական Լուծումէն Հեռանալը Զինուորական Լուծման Դիմելը Կը Մօտեցնէ»

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.