Ֆրանսական ոստիկանութիւնը 19 յունիսի գիշերը ձերբակալած է Նոր Քալետոնիոյ անկախական շարժումի ղեկավար Քրիսթիան Թենին: Ըստ ԱՖՓ լրատու գործակալութեան, անոր կողքին ձերբակալուած են 7 անձեր:
Անոնք բոլորն ալ կը կասկածուին մայիսի կէսերէն Խաղաղական ովկիանոսին մէջ գտնուող եւ Ֆրանսայի ենթակայութեան տակ եղող այս կղզիներուն մէջ անկարգութիւններ կազմակերպելու մէջ:
Փարիզ նախապէս յայտարարած էր, որ անկարգութիւնները հրահրուած են երրորդ պետութիւններու` մասնաւորաբար Ազրպէյճանի միջամտութեան հետեւանքով: