Միջազգային

Դեմոկրատական Ղեկավարներն Ու Պայտընի Ընտանիքի  Անդամները Կը Բացառեն Անոր Թեկնածութեան Յետս Կոչումը

Դեմոկրատական Ղեկավարներն Ու Պայտընի Ընտանիքի Անդամները Կը Բացառեն Անոր Թեկնածութեան Յետս Կոչումը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի ընտանիքը, մրցակից Տանըլտ Թրամփի հետ անյաջող բանավէճէն ետք, հանդիպած է Քեմի Տէյվիտի մէջ գտնուող նախագահական նստավայրին մէջ: «Սի.Էն.Էն.»-ի աղբիւրներուն համաձայն, հարազատները «բացարձակ աջակցութիւն» յայտնած են գործող նախագահին` շարունակելու մասնակցիլ նախագահական ընտրութեան: Ինչպէս կը հաղորդեն շարք մը լրատուամիջոցներ, ներառեալ «Սի.Էն.Էն.»-ը, ընտանիքի կարծիքը Պայտընի համար շատ կարեւոր է, նոյնիսկ աւելի, քան անոր մերձաւոր խորհրդականներու շրջապատի դիրքորոշումը: Ընտանեկան...

Իրանի Նախագահական Ընտրութիւն.  Ուրբաթ Օր Ընտրութեան Երկրորդ Փուլը` Փեզեշքեանի Եւ Ժալիլիի Միջեւ

Իրանի Նախագահական Ընտրութիւն. Ուրբաթ Օր Ընտրութեան Երկրորդ Փուլը` Փեզեշքեանի Եւ Ժալիլիի Միջեւ

Իրանի Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբի նախագահ Մուհսեմ Սալամի յայտնեց, որ նախագահութեան թեկնածուներ Մասուտ Փեզեշքեանն ու Սայիտ Ժալիլին անցած են ընտրութեան երկրորդ փուլ, որ տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ օր` նկատի ունենալով, որ թեկնածուներէն ոչ ոք քուէներուն 50+1-ը ապահոված է: Անցեալ շաբաթ օր մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ ընտրութեան մասնակցած է շուրջ 24 միլիոն քուէարկող, այսինքն` մասնակցութեան համեմատութիւնը 40 առ հարիւր էր: Փեզեշքեան...

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Պիտի Մասնակցի Պաքուի Մէջ Գումարուելիք ՔՈՓ29-ին

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Պիտի Մասնակցի Պաքուի Մէջ Գումարուելիք ՔՈՓ29-ին

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես պիտի այցելէ Պաքու` մասնակցելու ՄԱԿ-ի կլիմայի փոփոխութեան մասին խորհրդաժողովին` ՔՈՓ29-ին: Այս մասին Կութիերես յայտնած է ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին: «Այո՛, ի հարկէ: Ես միշտ մասնակցած եմ ՔՈՓ վեհաժողովներուն, ես կու գամ անոնց մեկնարկին եւ աւարտին: Կ՛ակնկալեմ, որ ինքնին ատիկա պիտի ըլլայ փոփոխութիւններու պահը այն իմաստով, որ պիտի գայ համաշխարհային ճանաչման պահը, որ մենք...

Լաւրով-Պաքերի Քանի Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Լաւրով-Պաքերի Քանի Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարի գործակատար Ալի Պաքերի Քանիի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Կողմերը հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին լուրջ մտահոգութիւն յայտնած են Միջին Արեւելքի մէջ լարուածութեան վտանգաւոր աճին նկատմամբ: «Կողմերը լուրջ մտահոգութիւն յայտնած են շրջանին մէջ լարուածութեան վտանգաւոր սրման նկատմամբ, որ յառաջացած է բազմաթիւ ճգնաժամերու չլուծուած ըլլալուն...

Թուրքիոյ Գաղտնի Սպասարկութեան Պետը Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Մը Ունեցաւ Հանիէի Հետ

Թուրքիոյ Գաղտնի Սպասարկութեան Պետը Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Մը Ունեցաւ Հանիէի Հետ

Աղբիւրներ թրքական պետական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնած են, որ թրքական գաղտնի սպասարկութեան` ՄԻԹ-ի ղեկավար Իպրահիմ Քալըն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է պաղեստինեան Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իպրահիմ Հանիէի հետ: Քալըն Հանիէի հետ քննարկած է Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման բանակցութիւններուն հասած փուլը եւ այն քայլերը, որոնք պէտք է որդեգրել երաշխաւորելու համար մնայուն զինադադարը, գերիներու փոխանակումն ու Կազա մարդասիրական օժանդակութիւններու հասանելիութիւնը:...

Ֆրանսայի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Խորհրդարանական  Ընտրութիւններու Առաջին Փուլը

Ֆրանսայի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Առաջին Փուլը

Ֆրանսայի մէջ երէկ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու առաջին փուլը տեղի ունեցաւ: Երկրորդ փուլը 7 յուլիսին պիտի կատարուի: 577 աթոռի համար պայքարող թեկնածուները կրնան ընտրուիլ առաջին փուլին, եթէ ստանան ձայներու բացարձակ մեծամասնութիւնը իրենց ընտրատարածքին մէջ, սակայն ատիկա հազուադէպ տեղի կ՛ունենայ: Վարչական շրջաններու մեծ մասին համար պիտի պահանջուի երկրորդ փուլ, որուն մէջ պիտի ներգրաւուին բոլոր թեկնածուները, որոնք ստացած են առնուազն 12,5 տոկոս քուէ առաջին փուլին,...

Քոպախիծէ Եւ Պայրամով Շրջանի Կացութեան  Վերաբերեալ Միտքեր Փոխանակած Են

Քոպախիծէ Եւ Պայրամով Շրջանի Կացութեան Վերաբերեալ Միտքեր Փոխանակած Են

Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիծէ հանդիպում ունեցած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ: Վրաստանի կառավարութենէն կը յայտնեն, որ կողմերը քննարկած են երկու երկիրներու ռազմավարական գործընկերութեան առնչուող հարցեր, միտքեր փոխանակած են շրջանին մէջ գոյութիւն ունեցող կացութեան վերաբերեալ: Անդրադարձ կատարուած է տնտեսական համագործակցութեան եւ շրջանային նշանակութեան նախագիծերուն: Ընդգծուած է ենթակառուցային եւ ուժանիւթային մեծ ծրագիրներու իրականացման գործին մէջ միացեալ ջանքերու կարեւորութիւնը:

Էրտողան. «Եւրոպական Միութեան Լիիրաւ  Անդամակցութիւնը Կը Շարունակէ Մնալ  Թուրքիոյ Ռազմավարական Նպատակը»

Էրտողան. «Եւրոպական Միութեան Լիիրաւ Անդամակցութիւնը Կը Շարունակէ Մնալ Թուրքիոյ Ռազմավարական Նպատակը»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութեան լիիրաւ անդամակցութիւնը կը մնայ իր երկրի ռազմավարական նպատակը: Այս մասին ան ըսած է Անգարայի մէջ Էսթոնիոյ նախագահ Ալար Քարիսի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին: «Եւրոպական Միութեան լիարժէք անդամակցութիւնը, ինչպէս մենք պարբերաբար կը շեշտենք, մեր ռազմավարական նպատակն է: Մեր հասարակաց շահերէն կը բխի, որ Եւրոպական Միութիւնը եւս նոյն դիրքերէն մօտենայ Թուրքիոյ:...

Մաքրոն Յայտարարած Է Փութինի Հետ  Երկխօսութեան Պատրաստակամութեան Մասին

Մաքրոն Յայտարարած Է Փութինի Հետ Երկխօսութեան Պատրաստակամութեան Մասին

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն յայտարարած է, որ պատրաստակամ է իր ռուս պաշտօնակից Վլատիմիր Փութինի հետ երկխօսութիւնը շարունակելու: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: «Ես կը շարունակէի երկխօսութիւնը Վլատիմիր Փութինի հետ: Ոչ, վերջին ամիսներուն մենք չենք հաղորդակցիր, սակայն ես չեմ բացառեր զրոյցի կարելիութիւնը այս կամ այն նիւթին շուրջ», ըսած է Մաքրոն «Ճենըրէյշըն Տու Իթ Եուրսելֆ»-ի փոտքասթի ընթացքին: Մաքրոն նշած է,...

Ֆիտան. «Թուրքիան Կը Սպասէ Փութինի Այցելութեան.  Մինչ Այդ Էրտողան Մտադիր Է Փութինի Հետ  Ղազախստանի Մէջ Բանակցիլ»

Ֆիտան. «Թուրքիան Կը Սպասէ Փութինի Այցելութեան. Մինչ Այդ Էրտողան Մտադիր Է Փութինի Հետ Ղազախստանի Մէջ Բանակցիլ»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարած է, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կը ծրագրէ Ղազախստանի մէջ բանակցութիւններ վարել Ռուսիոյ ղեկավար Վլատիմիր Փութինի հետ: «Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կ՛ակնկալէ բանակցութիւններ վարել Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ 3-4 յուլիսին Ասթանայի մէջ տեղի ունենալիք Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան վեհաժողովի ծիրին մէջ», յայտարարած է ան: Ֆիտան նաեւ նշած է, որ Թուրքիան կը...

Միջազգային Կարճ Լուրեր

Միջազգային Կարճ Լուրեր

- ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներու դեսպանները զինուորական դաշինքի ընդհանուր քարտուղար ընտրած են Նետերլանտներու վարչապետ Մարք Ռիւթէն: Ան 57 տարեկան է եւ հոկտեմբեր 2010-էն ի վեր չորս անընդմէջ նստաշրջաններով ղեկավարած է Նետերլանտներու կառավարութիւնը: ՕԹԱՆ-ի գործող ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկի պաշտօնավարման ժամկէտը կ՛աւարտի հոկտեմբերին: - ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ նախկին նախագահ Ալան Պերսեթ ընտրուեցաւ Եւրոպական խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար: 52 տարեկան Պերսեթ 18 սեպտեմբերին պիտի ստանձնէ իր...

Պայտըն-Թրամփ Առաջին Պատկերասփռուած Բանավէճը

Պայտըն-Թրամփ Առաջին Պատկերասփռուած Բանավէճը

Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի դեմոկրատական թեկնածու Ճօ Պայտընի եւ հանրապետական թեկնածու Տանըլտ Թրամփի միջեւ առաջին պատկերասփռուած բանավէճը, որ կազմակերպուած էր «Սի.Էն.Էն.» պատկերասփիւռի կայանին կողմէ: Բանավէճի թէժ քննարկման նիւթերէն էր Ռուսիոյ Ուքրանիա ներխուժումը: Թրամփ քանի մը անգամ կրկնած է, որ եթէ ինք նախագահ ըլլար, Ռուսիան Ուքրանիա չէր ներխուժեր: Ան ըսած է, թէ ԱՖղանիստանէն ամերիկեան բանակի «ամօթալի» դուրսբերումը...

Էրտողան. «Պատրաստ Ենք Միասնաբար Աշխատելու Սուրիոյ Հետ Յարաբերութիւնները Զարգացնելու, Ճիշդ Ինչպէս Անցեալին Ըրինք»

Էրտողան. «Պատրաստ Ենք Միասնաբար Աշխատելու Սուրիոյ Հետ Յարաբերութիւնները Զարգացնելու, Ճիշդ Ինչպէս Անցեալին Ըրինք»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Պոլսոյ մէջ նամազէն ետք յայտնեց. «Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններ չհաստատելու որեւէ պատճառ չկայ, եւ պատրաստ ենք միասնաբար աշխատելու յարաբերութիւնները զարգացնելու համար, ճիշդ ինչպէս անցեալին կատարած ենք»: «Մեր մօտ երբեք Սուրիոյ ներքին հարցերուն միջամտելու նման որեւէ մտադրութիւն կամ նպատակ չի կրնար ըլլալ», նշեց Էրտողան: Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ նախապէս յայտարարած էր, որ Սուրիան դրական կ՛ընկալէ Սուրիոյ գերիշխանութեան,...

«Վրաստանի` Եւրոպական Միութեան Անդամկցութեան Հոլովոյթը Տէ Ֆաքթօ Կասեցուած Է»  Կ՛ըսէ Պրիւքսել

«Վրաստանի` Եւրոպական Միութեան Անդամկցութեան Հոլովոյթը Տէ Ֆաքթօ Կասեցուած Է» Կ՛ըսէ Պրիւքսել

Եւրոպական Միութեան երկիրներու ղեկավարները յայտարարած են, որ Վրաստանի` Եւրոպական Միութեան միանալու հոլովոյթը տէ ֆաքթօ կասեցուած է` այդ երկրին մէջ որդեգրուած «օտարերկրեայ գործակալներու մասին» օրէնքին պատճառով: Պրիւքսելի մէջ վեհաժողովի աւարտին հրապարակուած յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ այդ օրէնքը շեղում կը հանդիսանայ Եւրոպական յանձնաժողովի առաջարկներէն` Վրաստանին Եւրոպական Միութեան թեկնածուի կարգավիճակ տրամադրելու վերաբերեալ: «Տէօչէ Վելլէ» կը հաղորդէ, որ այդ մասին կը նշուի Պրիւքսելի...

Պելոուսով Սպայակոյտին Սեւ Ծովու Վրայ Ամերիկեան Գրգռութիւններուն Դէմ Դնելու Ցուցմունք Տուած Է

Պելոուսով Սպայակոյտին Սեւ Ծովու Վրայ Ամերիկեան Գրգռութիւններուն Դէմ Դնելու Ցուցմունք Տուած Է

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ ամերիկեան ռազմավարական անօդաչու թռչող սարքերու Սեւ ծովուն վերեւ թռիչքները կը շատնան: Անոնք հետախուզութիւն եւ թիրախներու ճշդում կը կատարեն: Նախարարութիւնը նշեց, որ ատիկա Միացեալ Նահանգներն ու ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրները ուքրանական տագնապին մասնակից կը դարձնէ: Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ այդպիսի թռիչքները ռուսական օդուժի օդանաւերու թռիչքներու շրջանին մէջ արկածներու հաւանականութիւնը մեծապէս կը բարձրացնէ, ինչ որ ՕԹԱՆ-ի եւ...

Եւրոպական Միութեան Երկիրներու Ղեկավարները Ընտրած Են Միութեան Նոր Ղեկավարները

Եւրոպական Միութեան Երկիրներու Ղեկավարները Ընտրած Են Միութեան Նոր Ղեկավարները

Եւրոպական Միութեան երկիրներու ղեկավարները Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած վեհաժողովին ընթացքին քուէարկած են ճշդելու համար դաշինքի հիմնական կառոյցներու նոր ղեկավարները: Այս մասին կը հաղորդէ «Տէօչէ Վելլէ»-ն: Քուէարկութեան հիմամբ Եւրոպական յանձնաժողովի պաշտօնին վրայ պիտի մնայ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյեն, Եւրոպական խորհուրդը Շարլ Միշելի փոխարէն պիտի գլխաւորէ Փորթուկալի նախկին վարչապետ Անթոնիօ Քոսթան, իսկ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ծառայութիւնը Ճոզեփ Պորելի փոխարէն պիտի գլխաւորէ...

Վրաստանը, Մոլտովան Եւ Սերպիան Դէմ Են  Ռուսիոյ Սառեցուած Հաշիւներէն Եկամուտները  Քիեւին Փոխանցելուն

Վրաստանը, Մոլտովան Եւ Սերպիան Դէմ Են Ռուսիոյ Սառեցուած Հաշիւներէն Եկամուտները Քիեւին Փոխանցելուն

Եւրոպական Միութեան միանալու թեկնածու երկիրները` Վրաստանը, Մոլտովան եւ Սերպիան, չեն միացած ռուսական սառեցուած հաշիւներէն Քիեւին եկամուտները փոխանցելու որոշումին: Վրացական «Ափսնի» կայքը կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ծառայութեան ղեկավար Ճոզեփ Պորելի յայտարարութեան մէջ: Ան բացատրած է, որ Եւրոպական Միութեան մնացեալ թեկնածուները` Հիւսիսային Մակեդոնիան, Մոնթենեկրոն, Ալպանիան, Ուքրանիան եւ Պոսնիան աջակցած են ռուսական հաշիւներէն եկամուտները Քիեւին փոխանցելու...

Այսօր Նախատեսուած Նախագահական  Ընտրութեան Նախօրեակին.  Պահպանողական Երկու Թեկնածուներ  Յետս Կոչեցին Իրենց Թեկնածութիւնը

Այսօր Նախատեսուած Նախագահական Ընտրութեան Նախօրեակին. Պահպանողական Երկու Թեկնածուներ Յետս Կոչեցին Իրենց Թեկնածութիւնը

Իրանի շուրջ 61 միլիոն քաղաքացիներ այսօր կ՛ուղղուին ընտրական կեդրոններ` ընտրելու համար իրենց երկրին նոր նախագահը, որուն աթոռը 19 մայիսին նախկին նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի մահուան պատճառով թափուր մնացած էր: Նախագահութեան թեկնածուներէն Ամիր Հուսէյն Քատիզատէ յայտարարեց, որ իր թեկնածութիւնը յետս կը կոչէ` աջակցելու համար պահպանողական թեկնածուներու ընտրուելու առիթին: Ալի Ռիտա Զաքանի իր կարգին յայտնեց, որ իր թեկնածութիւնը յետս կը կոչէ` նշելով, որ...

Ֆիտան Կիպրոսին Ու Յունաստանին.  «Իսրայէլի Պատերազմէն Հեռու Մնացէք»

Ֆիտան Կիպրոսին Ու Յունաստանին. «Իսրայէլի Պատերազմէն Հեռու Մնացէք»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան 24 յունիսին թրքական «ՀապերԹիւրք» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Կիպրոսն ու յունական կղզիները Կազայի դէմ գործողութիւններու կեդրոնի կը վերածուին` զգուշացնելով այդ երկիրները շրջանին մէջ Իսրայէլի քայլերուն մասնակցելէ: Այս մասին հաղորդեց «էքաթիմերինի»-ն: «Մենք յաճախ կը տեսնենք հետախուզական տեղեկութիւնններ, թէ կարգ մը երկիրներ հարաւային Կիպրոսի յոյն կիպրական վարչակազմը կ՛օգտագործեն իբրեւ ռազմակայան, մասնաւորաբար Կազայի մէջ...

Քաց. «Հըզպալլայի Եւ Լիբանանի Դէմ Խաղի  Կանոնները Փոխելու Պահուն Շատ Մօտ Ենք»

Քաց Էրտողանը Զինուորական Յանցագործ Կը Կոչէ. Անգարա Կ՛արձագանգէ

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եիսրայէլ Քաց Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը զինուորական յանցագործ կոչած է: «Էրտողան յայտարարեց, թէ կը զօրակցի Հըզպալլային, հակառակ Իսրայէլին ուղղուած սպառնալիքներուն: Էրտողան զինուորական յանցագործ է, որ կը սպաննէ Սուրիոյ սահմանին վրայ անմեղ քիւրտերը եւ կը փորձէ մերժել Լիբանանէն Իրանի հրահանգով յարձակած ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ Իսրայէլի ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը», «Էքս»-ի վրայ գրած է Քաց: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը...

Page 150 of 882 1 … 149 150 151 … 882

Արխիւներ