Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միշել Ուքրանիոյ Եւ Մոլտովայի Հետ Եւրոպական Միութեան Բանակցութիւններու Սկիզբը Կը Նկատէ «Պատմական Իրադարձութիւն»

June 27, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիւքսամպուրկի մէջ 25 յունիսին պաշտօնապէս սկսած են Ուքրանիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան բանակցութիւնները: Անոնց առաջին փուլը կողմերու միջկառավարական խորհրդաժողովն է, որուն մասնակցելու համար հասած է Ուքրանիոյ 13 հոգիէ բաղկացած պատուիրակութիւնը:

Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր Ուքրանիոյ փոխվարչապետ Օլկա Սթեֆանշինան: Եւրոպական Միութենէն խորհրդաժողովին մասնակցած են բոլոր 27 անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները, պատուիրակութիւնը կը ղեկավարէ Եւրոպական Միութեան խորհուրդին նախագահող Պելճիքայի արտաքին գործոց նախարար Հաճա Լապիպիպը:

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել Ուքրանիոյ եւ Մոլտովայի հետ Եւրոպական Միութեան բանակցութիւններու մեկնարկէն առաջ յայտարարութիւն կատարելով նշած է, որ պատմական իրադարձութեան ականատես կ՛ըլլայ:

«Ատիկա բարեփոխումներ կատարելու ուղղութեամբ Ուքրանիոյ եւ Մոլտովայի հսկայական ջանքերու արդիւնքն է: Երբ ժողովուրդի կամքը կը յարգուի, հեռատես ղեկավարութիւնը յաջողութեան կը հասնի, իսկ Ժողովրդավարութիւնը գործնականին մէջ կը կիրարկուի, մենք կը տեսնենք իրական յառաջընթացի պտուղները», ըսած է Միշէլ:

Անոր համաձայն, Ուքրանիոյ ջանքերը առաւել հիացմունքի արժանի են` հաշուի առնելով պատերազմական իրավիճակը:

Ըստ Միշելի, Ուքրանիան եւ Մոլտովան պէտք է շարունակեն իրենց աշխատանքը հաստատութիւններու ամրապնդման, փտածութեան դէմ պայքարի եւ տնտեսական կայունութեան բարձրացման ուղղութեամբ, որպէսզի համապատասխանեն Եւրոպական Միութեան լիիրաւ անդամակցութեան խիստ չափանիշներուն:

Միշել ընդգծած է, որ Եւրոպական Միութիւնը իր կառոյցներուն եւ անդամ պետութիւններուն միջոցով պատրաստ է այդ ճամբով իւրաքանչիւր փուլի մէջ աջակցելու Ուքրանիոյ եւ Մոլտովային:

Նախորդը

Պասքեթպոլ. Լիբանան – Մալտիւ Կղզիներ` 102-21

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Եւ Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարներուն Միջեւ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.