Ուքրանիոյ ՕԹԱՆ-ին անդամակցութիւնը բացառուած է: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով:
Ան այդ մասին ըսած է ի պատասխան լրագրողի նշումին, թէ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ Քիեւի անդամակցութիւնը պայմանաւորած էր պատերազմին մէջ Ռուսիոյ դէմ յաղթանակով:
«Ուրեմն, ատիկա երբեք տեղի պիտի չունենայ: Յոյսով եմ` պարոն Սթոլթենպերկը ատիկա կը հասկնայ: Ան ինձմէ լաւ գիտէ, թէ ինչպէ՛ս նախապատրաստուած է 2008 թուականի տխրահռչակ որոշումը, երբ ՕԹԱՆ-ի ղեկավարները բարձրագոյն մակարդակով կը գրէին, որ Ուքրանիան ՕԹԱՆ-ի անդամ պիտի դառնայ: Ատիկա, ընդհանուր առմամբ, այս ամբողջ ճգնաժամի խթանն էր, որ մենք այսօր կը տեսնենք», ըսած է Ռիապքով:
«Այսպիսով, ձեր կարծիքով, Ուքրանիան երբեք ՕԹԱՆ-ին պիտի չմիանա՞յ», հարցուցած է լրագրողը:
«Կը կարծեմ` ատիկա բացառուած է», պատասխանած է Ռիապքով: