Ռուսիան Մտադիր Է ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական Վեհաժողովէն Դուրս Գալ
Ռուսիան մտադիր է կասեցնել Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) Խորհրդարանական վեհաժողովին իր անդամակցութիւնը եւ դադրեցնել այդ մարմինին վճարումները: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով, այս մասին կը յայտնէ «Քոմերսանթ»-ը` նշելով, որ Ռուսիոյ խորհուրդի միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախաձեռնութեան աջակցած է խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքօ, իսկ Տուման յայտարարած է այդ առնչութեամբ օրինագիծի պատրաստութեան մասին: ԵԱՀԿ-ին անդամ են 57 երկիրներ, որոնց շարքին են Միացեալ Նահանգները,...




















