Պահրէյնի պետական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց. «Պահրէյնն ու Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը իրարու կապող պատմական եղբայրական յարաբերութիւններու հիմամբ, եւ մեկնելով կրօնի, դրացնութեան, հասարակաց պատմութեան ու փոխադարձ շահերէն, Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարար Ապտելլաթիֆ պըն Ռաշետ Զայանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ալի Պաքերի Քանի, Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարարի իրանցի նախարարի հրաւէրով Ասիական գործակցութեան երկխօսութեան ժողովի մասնակցելու համար Իրան այցելութեան առիթով Թեհրանի մէջ երկկողմանի ժողով մը գումարեցին»:
Երկու նախարարները իրենց հանդիպումի ընթացքին համաձայնած են անհրաժեշտ մեքանիզմները ստեղծելու, երկու երկիրներուն միջեւ քաղաքական յարաբերութիւնները վերականգնելու կարելիութիւնները սերտելու բանակցութիւններ սկսելու համար:


