Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համաս Կ՛արձագանգէ Նեթանիահուի Դիրքորոշումին

Յունիս 25, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաղեստինեան Համաս շարժումը յայտնեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի` Կազայի ղեկավարման մասին յայտարարութիւնը յստակ ապացոյց է, որ ան կը մերժէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումն ու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի առաջարկները:

Շարժումը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով աւելցուց, որ Նեթանիահուի կեցուածքը ամերիկեան վարչակազմին Իսրայէլի գերիներու փոխանակման գործարքի վերաբերեալ շրջանառութեան մէջ դրած դիրքորոշումին հակառակն է:

Համաս նշեց, որ իր մնայուն զինադադարի հաստատման եւ Կազայէն իսրայէլեան ուժերու ամբողջական հեռացման վրայ պնդելը Նեթանիահուի խուսանաւումին, խաբեբայութեան, յարձակումի եւ պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ ցեղասպանութեան պատերազմի երկարաձգման ճամբան փակելու համար է:

Շարժումը միջազգային ընտանիքին ու ազդեցիկ պետութիւններուն կոչ ուղղեց` աշխուժ կերպով աշխատելու իսրայէլեան կառավարութիւնը մղելու պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ իր պատերազմը դադրեցնելու, եւ ամերիկեան վարչակազմէն ալ պահանջեց Կազայի դէմ համապարփակ ցեղասպանութեան իր աջակցութիւնը դադրեցնելու յստակ որոշում տալու:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած էր, որ պաղեստինեան պետութեան ստեղծման դէմ է եւ պիտի չարտօնէ Կազան պաղեստինեան ազգային իշխանութեան յանձնել:

Ան ըսաւ, որ կ՛ուզէ «տեղացի պաղեստինցիներու հետ գործակցաբար քաղաքային վարչութիւն մը ստեղծել»` նշելով, որ Կազայի մէջ իսրայէլեան բնակեցման վերականգնումը իրապաշտ չէ:

Նեթանիահու աւելցուց, որ Իսրայէլ պատերազմ կը մղէ 7 ճակատներու վրայ` Համասի դէմ, Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի դէմ, Եմէնի մէջ հուսիներուն դէմ, Իրաքի եւ Սուրիոյ, Այսրյորդանանի մէջ զինեալ խմբաւորումներու դէմ եւ Իրանի դէմ:

Ըստ Իսրայէլի վարչապետին, Կազայի մէջ բուռն կռիւներու փուլը աւարտելու վրայ է, սակայն աւելցուց, որ պատրաստ չէ Համասը ոչնչացնելէ առաջ պատերազմը դադրեցնելու:

Ան ըսաւ, որ պատրաստ է գերիներու մասնակի փոխանակում կատարելու, սակայն ատկէ ետք պատերազմը պիտի շարունակէ անոր նպատակները իրագործելու համար:

Նեթանիահու նաեւ ըսաւ, որ պատրաստ չէ Լիբանանի հետ սահմանին վրայ ներկայ կացութիւնը պահպանելու եւ այդ առնչութեամբ ծրագիրներու մշակման պատրաստութեան մէջ է:

Ան ըսաւ, որ Իսրայէլ չ՛անտեսեր Այսրյորդանանի մէջ 7 հոկտեմբերի յարձակումին նման յարձակումի մը շղթայազերծումը` նշելով, որ իր կառավարութիւնը ատոր դիմակայման պատրաստ է:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ ամերիկեան վարչակազմը Իսրայէլին յղած է պատգամ մը, որ Իսրայէլին ամբողջական աջակցութեան տրամադրման իր քաղաքականութեան մէջ փոփոխութիւն չկայ:

Վարչակազմը նաեւ յայտնած է, թէ մտադիր է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթի հետ Ուաշինկթընի մէջ «շինիչ երկխօսութիւն» ունենալ:

Իսրայէլեան բանակի հանգստեան կոչուած հրամանատարներէն զօր. Եիսրայիլ Զիֆ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին յայտնեց, որ Իսրայէլի վարչապետի պատերազմի ճամբով իրագործելիք նպատակները այլեւս անհասկնալի են, եւ ճիշդ որոշումը Կազայի մէջ պատերազմը դադրեցնելն է:

Ան նշեց, որ Նեթանիահու չ՛ուզեր պատերազմը դադրեցնել եւ զայն դադրեցնելու ծրագիր չունի, ինչ որ տարբեր մակարդակներու վրայ Իսրայէլին մեծ վնաս կը հասցնէ:

Իսրայէլի կառավարութեան բանբեր Օֆիտ Կինտելման երէկ յայտնեց. «Նեթանիահու երաշխիքներ ստացաւ, թէ ամերիկեան զինամթերքի ուղարկումը մօտալուտ է»:

 

Նախորդը

Սեւասթոփոլի Վրայ Ուքրանիոյ Հրթիռային Յարձակում. Մոսկուան Կը Մեղադրէ Ուաշինկթընը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Մօտ Օրէն Վենեզուելայի Մէջ Ցամաքային Շարժում Մը Պիտի Տեսնենք» Կ՛ըսէ Թրամփ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները
Միջազգային

Թրամփ Դադրեցուց Քանատայի Հետ Առեւտրական Բոլոր Բանակցութիւնները

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ըստ «Մաարիւ»-ին.  Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը
Միջազգային

Ըստ «Մաարիւ»-ին. Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներուն Փոխանցեց Կազայի Մէջ Թրքական Ներկայութեան Իր Մերժումը

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?