Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուան Եւ Թեհրանը Իրան Կազի Մատակարարումներ Կազմակերպելու Վերաբերեալ Յուշագիր Ստորագրած Են

June 28, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսական «Կազփրոմ»-ն ու Իրանի կազի ազգային ընկերութիւնը Իրան ռուսական կազի մատակարարումներ կազմակերպելու վերաբերեալ ռազմավարական յուշագիր ստորագրած են: Ըստ ԻՐՆԱ-ի, Իրան կը նախատեսէ Ռուսիոյ, Քաթարի եւ Թուրքմենիստանի հետ համատեղ իր տարածքին մէջ կազային հանգոյց ստեղծել:

«Յուշագիրը ստորագրուած է Թեհրանի մէջ` Ռուսիոյ եւ Իրանի ներկայացուցիչներուն միջեւ` նպաստելու կազի ոլորտին մէջ երկու երկիրներու համագործակցութեան զարգացման ու ամրապնդման: Ռուսական կազը կը նախատեսուի արտածել Իրան», յայտարարած է Իրանի քարիւղի նախարար Ժաւատ Օուճի:

Օուճի յոյս յայտնած է, որ այս յուշագիրը լաւ փոփոխութիւններ պիտի բերէ Իրանի ուժանիւթային հաշուեկշիռին մէջ, եւ յուշագիրը շատ կարճ ժամանակի մէջ պիտի դառնայ համաձայնագիր:

Յուշագիրին համաձայն, Իրանը ռուսական կազը պիտի գնէ ողջամիտ գինով եւ աւելի սուղ գինով պիտի արտածէ դէպի Իրաք, Թուրքիա եւ Փաքիստան:

Գործող ամերիկեան պատժամիջոցներուն պատճառով Իրանի արտածման-ներածման կարելիութիւնները էապէս սահմանափակուած են:

Յունուար 2022-ին Թեհրանը Մոսկուային առաջարկած էր հեղուկ կազի մատակարարումներ կատարել Ռուսիայէն դէպի Իրանի հարաւ` Ազրպէյճանի տարածքով, ապա զայն արտածել աշխարհի որեւէ կէտ:

Նախորդը

Ռուտենքօ. «Կը Նախատեսենք Մօտիկ Ապագային Իրանի Հետ Համապարփակ Գործակցութեան Համաձայնագիր Կնքել»

Յաջորդը

Քաց Էրտողանը Զինուորական Յանցագործ Կը Կոչէ. Անգարա Կ՛արձագանգէ

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.