Կիրակի երեկոյեան Դերբենտի մէջ խումբ մը զինեալներ կրակ բացին հրէական տաճարի եւ ուղղափառ եկեղեցւոյ վրայ, այդ պատճառով ալ շէնքերուն մէջ հրդեհ յառաջացաւ:
Մօտաւորապէս նոյն ժամանակին, Մախաչկալայի մէջ ճանապարհային ոստիկանութեան պահակակէտի վրայ յարձակում մըն տեղի ունեցաւ:
Բացի ատկէ, այլ յարձակում ալ տեղի ունեցած է Սերկոքալա գիւղին մէջ, ուր ահաբեկիչները կրակած են ոստիկանական մեքենայի վրայ` վիրաւորելով ոստիկան մը:
Տաղստանի Հանրապետութեան մէջ հակաահաբեկչական գործողութիւններու դրութիւն հաստատուեցաւ, իսկ Քննչական կոմիտէն քրէական գործ յարուցեց «Ահաբեկչութիւն» յօդուածով:
«ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Տաղստանի Հանրապետութեան ղեկավար Սերկէյ Մելիքով իր թելեկրամեան ալիքին վրայ հրապարակած տեսանիւթին մէջ յայտնած է, որ ահաբեկչական յարձակումներուն պատճառով սպաննուած են աւելի 15 ոստիկաններ եւ քանի մը քաղաքայիններ, ներառեալ Դերբենտի ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ աւելի քան 40 տարի հոգեւոր ծառայութիւն մատուցած հայր Նիքոլայը:
Մելիքով յայտնեց, որ Մախաչքալայի եւ Դերբենտի մէջ մարտական գործողութիւնները աւարտած են, ոչնչացուած են վեց ահաբեկիչներ: Ան նաեւ նշած է, որ Տաղստանի մէջ կացութիւնը կը գտնուի պետական կառոյցներու եւ իրաւապահներու վերահսկողութեան տակ:
Շրջանի ղեկավարը նաեւ աւելցուցած է, որ 24, 25 եւ 26 յունիսին Տաղստանի մէջ սուգի օրեր յայտարարուած են:
«Մաշ Թելեկրամ» ալիքը կը հաղորդէ, որ Մախաչքալայի մէջ ահաբեկչական յարձակումին մասնակցած են Տաղստանի Սերգոքալա շրջանի ղեկավար Մագոմետ Օմարովի երկու որդիները, որոնք սպաննուած են: Անոնց հայրը ձերբակալուած է: Զինք պիտի հեռացնեն աշխատանքէն:
Ալիքը կը նշէ, որ Օմարովի սպաննուած որդիներէն մէկը` Օսմանը, Մախաչքալայի մէջ շինարարական ձեռնարկութեամբ կը զբաղէր: Ան Իզերպաշի «Լիմոնատ» սրճարանի սեփականատէրն էր եւ կապեր ունէր Թուրքիոյ հետ:


