Միջազգային

Բրիտանիոյ Խորհրդարանական Ընտրութիւններ.  Աշխատաւորական Կուսակցութիւնը Մեծ Յաղթանակ Արձանագրեց

Բրիտանիոյ Խորհրդարանական Ընտրութիւններ. Աշխատաւորական Կուսակցութիւնը Մեծ Յաղթանակ Արձանագրեց

Աշխատաւորական կուսակցութիւնը հինգշաբթի օր Բրիտանիոյ մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն մեծ յաղթանակ արձանագրելով վերջ տուաւ Պահպանողական կուսակցութեան 14-ամեայ իշխանութեան: Երկրի վարչապետի պաշտօնը ստանձնեց կուսակցութեան ղեկավար Քեր Սթարմըրը: Աշխատաւորական կուսակցութիւնը (կեդրոն ձախ) ապահովեց խորհրդարանի 650 աթոռներէն 410-ը` ապահովելով խորհրդարանի բացարձակ մեծամասնութիւնը եւ մեծապէս գերազանցելով Պահպանողական կուսակցութիւնը, որ ապահովեց 131 աթոռներ, ինչ որ դարասկիզբէն ի վեր կուսակցութեան ընտրական յոռեգոյն արդիւնքն է: Գաղթականներուն...

Համաս Պատասխանեց Զինադադարի Առաջարկին

Համաս Պատասխանեց Զինադադարի Առաջարկին

Համաս շարժումը հակիրճ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Մեր պաղեստինցի ժողովուրդին վրայ յարձակումը դադրեցնելու համար, մեր միջնորդ եղբայրներուն (Քաթարի եւ Եգիպտոսի, «Ա.») հետ կարգ մը գաղափարներու փոխանակում կատարեցինք»: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը նախքան այդ յայտնեց. «Միջնորդները Իսրայէլին փոխանցեցին Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման առաջարկին վերաբերեալ Համասի պատասխանը»` աւելցնելով. «Իսրայէլ կը սերտէ Համասի պատասխանը, եւ իր պատասխանը միջնորդներուն պիտի յղէ»: Իսրայէլացի պաշտօնատար...

Փեսքով. «Էրտողան Չի Կրնար Միջնորդ Դառնալ Ուքրանիոյ Հետ Բանակցութիւններուն Մէջ»

Փեսքով. «Էրտողան Չի Կրնար Միջնորդ Դառնալ Ուքրանիոյ Հետ Բանակցութիւններուն Մէջ»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ասթանայի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է, որ Անգարան կրնայ օգնել ռուս-ուքրանական պատերազմին վերջ դնելու գործին` համոզում յայտնելով, որ կարելի է հասնիլ արդարացի լուծման, որ երկու կողմի շահերէն կը բխի: Թուրքիոյ նախագահական պալատին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Փութինն ու Էրտողանը շուրջ մէկ ժամ տեւած հանդիպումի ընթացքին քննարկած են նաեւ...

Ճինփինկ Ալիեւը Չինաստան Հրաւիրած Է

Ճինփինկ Ալիեւը Չինաստան Հրաւիրած Է

Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը հրաւիրած է Չինաստան` մասնակցելու Փեքինի մէջ տեղի ունենալիք Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան վեհաժողովին եւ միեւնոյն ժամանակ պետական այցելութիւն կատարելու Չինաստան: Երկու նախագահներուն հանդիպումը տեղի ունեցած է Ասթանայի մէջ` Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան վեհաժողովի երկօրեայ նիստի ծիրին մէջ: Չինաստանի նախագահը ընդգծած է, որ իրենք կ՛աջակցին կազմակերպութեան մէջ Ազրպէյճանի կարգավիճակի բարձրացման` շեշտելով, որ յաջորդ տարի Չինաստանի...

Փութին. «Եթէ Քիեւն Ու Անոր Հովանաւորները  Ընդունին Կարգաւորման Մեր Տարբերակը,  Զինուորական Գործողութիւնները Անմիջապէս Կը Դադրեցուին»

Փութին. «Եթէ Քիեւն Ու Անոր Հովանաւորները Ընդունին Կարգաւորման Մեր Տարբերակը, Զինուորական Գործողութիւնները Անմիջապէս Կը Դադրեցուին»

Եթէ Քիեւն ու անոր հովանաւորները կարգաւորման ռուսական տարբերակը ընդունին, զինուորական գործողութիւնները անմիջապէս կը դադրեցուին, մարդկային կեանքերը չեն կորսուիր եւ բանակցութիւններ կը սկսին: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան վեհաժողովի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին: «Յիշեցնեմ, որ յունիսի կէսերուն մենք ներկայացուցինք լուծման մէկ այլ տարբերակ, որ եթէ ուքրանական կողմը, եւ ամէնէն կարեւորը `անոր արեւմտեան հովանաւորները,...

Ուաշինկթըն. «Կ՛ողջունենք Բնակչութեան Տառապանքը Մեղմացնելու Համար Դամասկոսի Հետ Գործակցելու Անգարայի Ջանքը»

Ուաշինկթըն. «Կ՛ողջունենք Բնակչութեան Տառապանքը Մեղմացնելու Համար Դամասկոսի Հետ Գործակցելու Անգարայի Ջանքը»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան առաջին փոխբանբեր Վետանթ Փաթել յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ «Սուրիոյ հետ իրենց յարաբերութիւնները պիտի չբնականոնացնեն», սակայն ըսաւ, որ իր երկիրը կ՛ողջունէ բնակիչներուն տառապանքը մեղմացնելու համար սուրիական կառավարութեան հետ «գործակցելու Թուրքիոյ ջանքը»: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան օրեր առաջ յայտարարած էր, որ իր երկրին ու Սուրիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերականգնման նկատմամբ դրական տրամադրուած է, եւ Անգարան պատրաստ...

Իրանի Մէջ Նախագահական Ընտրութեան 2-րդ Փուլէն Առաջ Փեզեշքեան Կը Շարունակէ Մնալ Առաջին Դիրքի Վրայ

Իրանի Մէջ Նախագահական Ընտրութեան 2-րդ Փուլէն Առաջ Փեզեշքեան Կը Շարունակէ Մնալ Առաջին Դիրքի Վրայ

Ըստ իրանեան «Շենախթ» վերլուծական կեդրոնին կատարած հարցախոյզի արդիւնքին, Իրանի մէջ նախագահական ընտրութեան ուրբաթ օր նախատեսուած 2-րդ փուլէն առաջ նախագահական ընտրութեան յաղթելու հաւանական թեկնածուն կը մնայ բարեկարգչականներու թեկնածու Մասուտ Փեզեշքեանը: Հազար իրանցիներու մասնակցութեամբ կատարուած հարցախոյզին համաձայն, քուէարկութեան պիտի մասնակցի հարցախոյզի մասնակիցներուն 42 առ հարիւրը: Փեզեշքեանի ի նպաստ քուէարկելու պատրաստ է հարցախոյզի մասնակիցներուն 52 առ հարիւրը, իսկ պահպանողականներու թեկնածու Սայիտ Ժալիլիին ի...

Քոնկրեսէն Դեմոկրատականներ  Կը Պատրաստուին Պայտընը Նախագահական  Ընտրապայքարէն Հեռանալ Համոզելու

Քոնկրեսէն Դեմոկրատականներ Կը Պատրաստուին Պայտընը Նախագահական Ընտրապայքարէն Հեռանալ Համոզելու

Քոնկրեսի դեմոկրատական անդամներ կը պատրաստուին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընը նախագահական ընտրապայքարէն հեռանալ համոզելու: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` մէջբերելով աղբիւրներ: Ըստ լրատու գործակալութեան, Ներկայացուցիչներու տան անդամ 25 դեմոկրատականները կը պատրաստուին Պայտընին կոչ ուղղելու` Տանըլտ Թրամփի հետ չափազանց վատ պատկերասփռուած բանավէճէն ետք նախագահական ընտրապայքարէն հեռանալու: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը նշէ, որ Քոնկրեսի դեմոկրատական շարք մը անդամներ նաեւ կը մտածեն...

Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ Ռուսիոյ Հետ  Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Համար  Խմբակցութեան Ստեղծման Աշխատանք

Եւրոպական Խորհրդարանին Մէջ Ռուսիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Համար Խմբակցութեան Ստեղծման Աշխատանք

«Այլընտրանք Գերմանիոյ համար» եւ այլ աջակողմեան կուսակցութիւններ կ՛աշխատին Եւրոպական խորհրդարանին մէջ ստեղծելու համար նոր խմբակցութիւն մը, որ դէմ պիտի ըլլայ հակառուսական պատժամիջոցներուն եւ Եւրոպական Միութեան ներկայ քաղաքականութեան: Այս մասին յայտարարած է ընտրութիւններէն ետք Եւրոպական խորհրդարան մուտք գործած հունգարական «Մեր հայրենիք» աջակողմեան կուսակցութեան նախագահ Լասլօ Թորոցքայ: «Այլընտրանք Գերմանիոյ համար»-ի, «Պուլկարական վերածնունդ»-ի եւ մեր միւս եւրոպական դաշնակիցներուն հետ միասին մենք երկար ժամանակ...

«Կը Զօրակցինք Կազայի Մէջ Տեւական Զինադադարի  Հասնելու Ամերիկեան Եւ Միջազգային Ջանքերուն»  Պլինքընին Կ՛ըսէ Պըն Զայետ

«Կը Զօրակցինք Կազայի Մէջ Տեւական Զինադադարի Հասնելու Ամերիկեան Եւ Միջազգային Ջանքերուն» Պլինքընին Կ՛ըսէ Պըն Զայետ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարար Ապտալլա պըն Զայետ Ալ Նահիան հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին իր ամերիկացի պաշտօնակից Էնթընի Պլինքընի հետ քննարկած է Միջին Արեւելքի շրջանին մէջ վերջին զարգացումները, համապարփակ ու տեւական զինադադարի հաստատման եւ Կազայի քաղաքայիններու կարիքներու մարդասիրական բաւարարման ամրապնդման ջանքերը: Անոնք նաեւ անդրադարձած են Սուտանի մէջ կացութեան զարգացումներուն եւ մարդասիրական...

Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կը Մօտենայ Համասի  Զինուորական Կարողականութեան Ոչնչացման»

Նեթանիահու. «Իսրայէլ Կը Մօտենայ Համասի Զինուորական Կարողականութեան Ոչնչացման»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց, որ Իսրայէլ կը մօտենայ պաղեստինեան Համաս շարժումի զինուորական կարողականութեան վերջնական ոչնչացման: Նեթանիահուի գրասենեակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Կը յառաջանանք դէպի Համասի բանակի ոչնչացման փուլի աւարտը, եւ պիտի շարունակենք անոնց մնացորդները հարուածել»: Նեթանիահու նշեց, որ «Շիֆա» բժշկական համալիրի տնօրէնի ազատ արձակումը մեծ սխալ եւ բարոյական ձախողութիւն է` աւելցնելով, որ այդ որոշումը տրուած է առանց քաղաքական ղեկավարութեան...

Ուաշինկթըն Իրանի Մէջ «Խորքային Փոփոխութիւն Մը» Չի Նախատեսեր, Անկախ Նախագահական Ընտրութեան Արդիւնքէն

Ուաշինկթըն Իրանի Մէջ «Խորքային Փոփոխութիւն Մը» Չի Նախատեսեր, Անկախ Նախագահական Ընտրութեան Արդիւնքէն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլի արդիւնքը ինչ որ ալ ըլլայ, Իրանի կողմէ «խորքային փոփոխութիւն մը» չի նախատեսեր, եւ նախագահական ընտրութեան առաջին փուլը ազատ եւ արդար չի նկատեր: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերի առաջին տեղակալ Վետանթ Փաթել մամլոյ ասուլիսի ընթացքին լրագրողներուն յայտնեց. «Չենք սպասեր, որ այս ընտրութիւնը, ինչ ալ ըլլայ անոր արդիւնքը, Իրանի ուղղուածութեան...

Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Հակաթրքական Ցոյցեր` Ի Պատասխան Թուրքիոյ Մէջ Հակասուրիական Անկարգութիւններուն

Հիւսիսային Սուրիոյ Մէջ Հակաթրքական Ցոյցեր` Ի Պատասխան Թուրքիոյ Մէջ Հակասուրիական Անկարգութիւններուն

Առնուազն չորս մարդ մահացած է եւ 20 ուրիշներ վիրաւորուած Սուրիոյ թրքական բանակի վերահսկողութեան տակ գտնուող հիւսիս- արեւմուտքին մէջ հակաթրքական ցոյցերու պատճառով: Այս մասին հաղորդեց «Տէօչէ Վելլէ»-ն` յղում կատարելով Մարդու իրաւունքներու սուրիական դիտարանին: Կազմակերպութեան տուեալներով` ցոյցերուն մասնակցած են հարիւրաւոր անձեր, որոնց մէկ մասը զինուած եղած է: Ցուցարարները վար առած են թրքական դրօշները: Աֆրին եւ Ժարապլոս քաղաքներուն մէջ ցուցարարներու եւ թուրք զինուորներու...

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի  Քամալա Հարիս Նախագահական Ընտրապայքարին Մէջ  Պայտընին Փոխարինելու Ամէնէն Հաւանական Թեկնածուն Է

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի Քամալա Հարիս Նախագահական Ընտրապայքարին Մէջ Պայտընին Փոխարինելու Ամէնէն Հաւանական Թեկնածուն Է

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Քամալա Հարիս, հակառակ իր քաղաքական թուլութեան, կը նկատուի պետութեան ներկայ ղեկավար Ճօ Պայտընը փոխարինելու ամէնէն հաւանական թեկնածուն, եթէ վերջինս դուրս գայ ընտրապայքարէն: Նման կարծիք կը յայտնէ ամերիկեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթը: Օրաթերթը կը նկատէ, որ թէեւ Հարիսի վարկանիշը նոյնքան ցած է, որքան գործող նախագահինը, սակայն ան կը շարունակէ սիրուած մնալ սեւամորթ ընտրողներու եւ կիներու շրջանակին մէջ: Հարիս...

Եւրոպայի Մէջ Ամերիկեան Ռազմակայանները  Բերուած Են Մարտական Պատրաստութեան

Եւրոպայի Մէջ Ամերիկեան Ռազմակայանները Բերուած Են Մարտական Պատրաստութեան

Եւրոպայի տարածքին մէջ գտնուող ամերիկեան շարք մը ռազմակայաններ 29 եւ 30 յունիսին բերուած են մարտական պատրաստութեան: Ռազմակայաններու ուժային պաշտպանութեան մակարդակը բարձրացուած է երկրորդ աստիճանի` առնչուած այն մտավախութիւններուն, թէ ամերիկեան զօրքերը կամ ռազմակայանները կրնան ենթարկուիլ ահաբեկչական յարձակումի: Այս մասին յայտնած է «Սի.Էն.Էն.»-ը` վկայակոչելով երկու անանուն ամերիկացի պաշտօնատարներ: Նշեալ ռազմակայաններուն մէջ, ներառեալ Միացեալ Նահանգներու Շթութկարթի կայազօրը, ուր տեղակայուած է Միացեալ Նահանգներու Եւրոպական...

Ֆրանչիսկոս Պապը Կոչ Ուղղած Է Աշխարհի  Բոլոր Ռազմագերիներուն Տուն  Վերադառնալ Արտօնելու

Ֆրանչիսկոս Պապը Կոչ Ուղղած Է Աշխարհի Բոլոր Ռազմագերիներուն Տուն Վերադառնալ Արտօնելու

Ֆրանչիսկոս պապը կոչ ուղղած է վերջ տալու բոլոր պատերազմներուն, իսկ աշխարհի բոլոր ռազմագերիներուն եւ բանտարկեալներուն տուն վերադառնալ արտօնելու: «Վաթիքըն Նիուզ» կը նշէ, որ պապը աղօթած է, որ «բոլոր ռազմագերիները շուտով տուն վերադառնան»: Աղբիւրը կը մանրամասնէ, որ կաթողիկէներու հոգեւոր պետը աղօթած է, երբ երկու յոյն կաթողիկէ քահանաներ ազատ արձակուած են ռուսական գերութենէն` Մոսկուայի եւ Քիեւի միջեւ գերիներու փոխանակման գործարքի ծիրին մէջ:...

Ֆրանսայի Խորհրդարանական Ընտրութիւններ.  Ծայրայեղ Աջը Առաջին Անգամ Ըլլալով Առաջին Դիրքի Վրայ

Ֆրանսայի Խորհրդարանական Ընտրութիւններ. Ծայրայեղ Աջը Առաջին Անգամ Ըլլալով Առաջին Դիրքի Վրայ

Ծայրայեղ աջակողմեան Ազգային միաւորումը Ֆրանսայի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով գրաւեց առաջին դիրքը, ինչ որ վատ կացութիւն կը ստեղծէ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի համար, որ 9 յունիսին Եւրոպական խորհրդարանի ընտրութիւններուն իր կուսակցութեան բերած վատ արդիւնքին լոյսին տակ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններու հրաւիրած էր: Նախնական տուեալներուն համաձայն, Մարին Լը Փենի ղեկավարած Ազգային միաւորումը ապահոված է քուէներուն 33,1 առ հարիւրը, ձախակողմեան Նոր...

Իսրայէլեան Բանակը Կազայէն Շուրջ 50 Գերիներ Ազատ Արձակեց

Իսրայէլեան Բանակը Կազայէն Շուրջ 50 Գերիներ Ազատ Արձակեց

Իսրայէլեան բանակը երէկ առտու ազատ արձակեց Կազայէն շուրջ 50 գերիներ, որոնց շարքին էր «Շիֆա» բժշկական համալիրի տնօրէն տոքթ. Մոհամետ Ապու Սլմիէն, որ անցեալ նոյեմբերէն ի վեր կալանաւորուած էր: Իսրայէլեան բանակը բժշկական համալիրին մէջ զինեալներու եւ Համասի ենթակառոյցի գոյութեան պնդումով զայն պաշարելէ, ռմբակոծելէ, ապա այդտեղ ներխուժելէ ետք ձերբակալած էին տոքթ. Սլմիէն ու շարք մը բժիշկներ եւ հիւանդապահներ: Տոքթ. Սլմիէ ազատ արձակուելէ...

«Պաղեստինեան Հողերու Վրայ Որեւէ Օտար Ներկայութիւն Անօրինական Է»  Կ՛ըսէ Պաղեստինեան Իշխանութիւնը

«Պաղեստինեան Հողերու Վրայ Որեւէ Օտար Ներկայութիւն Անօրինական Է» Կ՛ըսէ Պաղեստինեան Իշխանութիւնը

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահի պաշտօնական բանբեր Նեպիլ Ապու Ռուտէյնա, պատասխանելով Կազան միջազգային ուժերու յանձնելու առնչութեամբ իսրայէլեան յայտարարութիւններուն, յայտարարեց. «Պաղեստինեան հողերուն վրայ որեւէ օտար ներկայութիւն ապօրինի է, եւ պաղեստինցի ժողովուրդը միայն ինք կ՛որոշէ, թէ ո՛վ իրեն կ՛իշխէ եւ իր հարցերը կը ղեկավարէ»: «Ապօրինի են նաեւ բնակեցումն ու տեղահանման քաղաքականութիւնը, որ բռնագրաւումի իշխանութիւնները կը փորձեն գետնի վրայ գործադրել իրենց գործած արիւնալի ջարդերով: Բռնագրաւումի...

Զելենսքի. «Մենք Միայն Մէկ Թշնամի Ունինք` Փութինը»

Քիեւ Կը Յայտարարէ, Թէ Պատրաստ Է Մոսկուայի Հետ Միջնորդներու Միջոցով Բանակցելու

Քիեւ պատրաստ է Մոսկուայի հետ բանակցելու միայն միջնորդներու միջոցով, յայտարարած է Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: Պատասխանելով ամերիկեան «Ֆիլատելֆիա Ինքուայրըր»-ի հարցումին, թէ ի՞նչ հանգամանքներու մէջ կարելի է, որ Ուքրանիան բանակցի Փութինի հետ, Զելենսքի ըսած է. «Կարելի է գտնել բնորդ մը, ուր կրնան գտնուիլ լուծումներ: Այդ բնորդը առաջին անգամ կիրարկուած է «հացահատիկային միջանցք»-ի շուրջ բանակցութիւններուն, երբ...

Page 149 of 882 1 … 148 149 150 … 882

Արխիւներ