Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պաղեստինեան Հողերու Վրայ Որեւէ Օտար Ներկայութիւն Անօրինական Է» Կ՛ըսէ Պաղեստինեան Իշխանութիւնը

Յուլիս 2, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահի պաշտօնական բանբեր Նեպիլ Ապու Ռուտէյնա, պատասխանելով Կազան միջազգային ուժերու յանձնելու առնչութեամբ իսրայէլեան յայտարարութիւններուն, յայտարարեց. «Պաղեստինեան հողերուն վրայ որեւէ օտար ներկայութիւն ապօրինի է, եւ պաղեստինցի ժողովուրդը միայն ինք կ՛որոշէ, թէ ո՛վ իրեն կ՛իշխէ եւ իր հարցերը կը ղեկավարէ»:

«Ապօրինի են նաեւ բնակեցումն ու տեղահանման քաղաքականութիւնը, որ բռնագրաւումի իշխանութիւնները կը փորձեն գետնի վրայ գործադրել իրենց գործած արիւնալի ջարդերով: Բռնագրաւումի կառավարութիւնն ու անոր ղեկավարը կ՛երազեն, եթէ կը կարծեն, որ կրնան պաղեստինցի ժողովուրդի ճակատագիրը ճշդել եւ բռնագրաւումը նուիրականացնել` Կազայի մէջ բռնագրաւողը փոխարինելու համար օտար ուժեր բերելով», աւելցուց Ապու Ռուտէյնա:

«Պիտի չընդունինք եւ չարտօնենք մեր հողին վրայ օտար ներկայութիւն, ըլլայ այս Այսրյորդանանի, թէ Կազայի մէջ: Պաղեստինի ազատագրութեան կազմակերպութիւնը պաղեստինցի ժողովուրդի միակ օրինական ներկայացուցիչն է: Ան իրաւական լիազօրութիւնը ունի Պաղեստինեան ամբողջ պետութեան, Կազայի եւ Այսրյորդանանի մէջ, ներառեալ Երուսաղէմը», նշեց ան:

«Ծայրայեղական Պեցելել Սմոթրիչի ղեկավարած Այսրյորդանանի հողերուն մէջ, ներառեալ բռնագրաւեալ Երուսաղէմը, բնակեցման վայրերու ընդլայնումը անօրինական է եւ մաս կը կազմէ համապարփակ պատերազմին, որ կը մղուի Պաղեստինի ժողովուրդին, անոր հողերուն եւ սրբատեղիներուն դէմ», ըսաւ Ապու Ռուտէյնա:

Նախորդը

Քիեւ Կը Յայտարարէ, Թէ Պատրաստ Է Մոսկուայի Հետ Միջնորդներու Միջոցով Բանակցելու

Յաջորդը

Իսրայէլեան Բանակը Կազայէն Շուրջ 50 Գերիներ Ազատ Արձակեց

RelatedPosts

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»
Միջազգային

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին «Մեծ Յառաջընթաց»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»
Միջազգային

Ուիթքոֆ. «Համաս Կազայի Մէջ Ապագայ Չունի Եւ Պէտք Է Կտրուկ Կերպով Զինաթափուի»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»
Միջազգային

Վենս. «Ո՛չ Ռուսիան, Ո՛չ Ալ Ուքրանիան Տակաւին Պատրաստ Են Խաղաղութեան Համաձայնագիր Կնքելուն»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?