Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն. «Կ՛ողջունենք Բնակչութեան Տառապանքը Մեղմացնելու Համար Դամասկոսի Հետ Գործակցելու Անգարայի Ջանքը»

July 4, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան առաջին փոխբանբեր Վետանթ Փաթել յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ «Սուրիոյ հետ իրենց յարաբերութիւնները պիտի չբնականոնացնեն», սակայն ըսաւ, որ իր երկիրը կ՛ողջունէ բնակիչներուն տառապանքը մեղմացնելու համար սուրիական կառավարութեան հետ «գործակցելու Թուրքիոյ ջանքը»:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան օրեր առաջ յայտարարած էր, որ իր երկրին ու Սուրիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերականգնման նկատմամբ դրական տրամադրուած է, եւ Անգարան պատրաստ է Դամասկոսի հետ յարաբերութիւններու զարգացման վրայ աշխատելու, ինչպէս նաեւ հանդիպում ունենալու Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ:

Մինչ այդ, Էրտողան` մեկնաբանելով Կեսարիոյ մէջ թուրքերու կողմէ սուրիացի գաղթականներու վրայ կատարուած յարձակումներն ու հիւսիսային Սուրիոյ մէջ այդ յարձակումներուն յաջորդած լարուածութիւնը, ըսաւ, որ ընդհանուր կարգն ու կանոնը «պետութեան համար կարմիր գիծ է, եւ զայն որեւէ պատրուակով անցնողին նկատմամբ աչք փակել չկայ»:

«Ոչ ոքի հողին վրայ աչք ունինք, ո՛չ ալ ոեւէ մէկու գերիշխանութիւնը կը թիրախաւորենք, այլ Թուրքիան անջատողական մտադրութիւններէն կը պաշտպանենք», ըսաւ Էրտողան` աւելցնելով. «Գիտենք ինչպէս կտրել ձեռքերը, որոնք մեր դրօշին կ՛երկարին, եւ մեր երկրին մէջ գաղթականներուն կ՛երկարին»:

«Մենք շատ լաւ գիտենք, թէ ո՛վ է սադրանքի հեղինակը: Ո՛չ մենք, ո՛չ մեր ժողովուրդը, ո՛չ ալ մեր սուրիացի եղբայրները այս նենգ թակարդին մէջ պիտի իյնան», շեշտեց Թուրքիոյ նախագահը:

Իտլիպէն աղբիւրներ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, որ թրքական բանակը հիւսիսային Հալէպի մէջ «ազգային բանակի խմբաւորումներ»-ու հետ կը պատրաստուի ապահովական արշաւի մը` ձերբակալելու համար երեքշաբթի օր Հալէպի գիւղական շրջանի Ռայի եւ Պապ Սալամէ անցակէտերուն վրայ թուրք պաշտօնեաներու վրայ կատարուած յարձակումին մասնակիցները:

Նշենք, որ զինեալներ ներխուժած էին Թուրքիոյ կողմէ կառավարուող կառավարական շէնք մը եւ վար առած թրքական դրօշը:

Աղբիւրները նշեցին, որ նշեալ արշաւը կրնայ սկսիլ Թուրքիոյ Կեսարիա եւ Քիլիս նահանգներուն մէջ սուրիացիներու կալուածներուն վրայ յարձակումին մասնակից թուրքերուն դէմ արշաւի աւարտէն ետք:

Նախորդը

Իրանի Մէջ Նախագահական Ընտրութեան 2-րդ Փուլէն Առաջ Փեզեշքեան Կը Շարունակէ Մնալ Առաջին Դիրքի Վրայ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Մինչ Ուաշինկթըն Միջին Արեւելքի Մէջ  Իր Քաղաքացիները Զգուշացուց.  Թրամփ Արձակուրդը Անակնկալ Կերպով  Կրճատելով Վերադարձաւ Սպիտակ Տուն
Միջազգային

Մինչ Ուաշինկթըն Միջին Արեւելքի Մէջ Իր Քաղաքացիները Զգուշացուց. Թրամփ Արձակուրդը Անակնկալ Կերպով Կրճատելով Վերադարձաւ Սպիտակ Տուն

September 21, 2026
Ռիտայի. «Ամերիկեան Կառավարութեան  Որեւէ Բանակցութիւն Սկսելու Իրանեան  7 Պայմաններ Փոխանցուեցան»
Միջազգային

Ռիտայի. «Ամերիկեան Կառավարութեան Որեւէ Բանակցութիւն Սկսելու Իրանեան 7 Պայմաններ Փոխանցուեցան»

September 21, 2026
Կրինլանտն Ու Դանիան Միացեալ Նահանգներու Հետ  Համաձայնութիւն Պիտի Ստորագրեն
Միջազգային

Կրինլանտն Ու Դանիան Միացեալ Նահանգներու Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Ստորագրեն

September 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.