Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համաս Պատասխանեց Զինադադարի Առաջարկին

July 5, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համաս շարժումը հակիրճ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց. «Մեր պաղեստինցի ժողովուրդին վրայ յարձակումը դադրեցնելու համար, մեր միջնորդ եղբայրներուն (Քաթարի եւ Եգիպտոսի, «Ա.») հետ կարգ մը գաղափարներու փոխանակում կատարեցինք»:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը նախքան այդ յայտնեց. «Միջնորդները Իսրայէլին փոխանցեցին Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման առաջարկին վերաբերեալ Համասի պատասխանը»` աւելցնելով. «Իսրայէլ կը սերտէ Համասի պատասխանը, եւ իր պատասխանը միջնորդներուն պիտի յղէ»:

Իսրայէլացի պաշտօնատար մը ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին յայտնեց. «Զինադադարի առաջարկին շուրջ Համասի պատասխանը շինիչ է, եւ կ՛արտօնէ դէպի առկախ հարցերուն շուրջ մանրամասն բանակցութիւններ եւ թերեւս ալ համաձայնութեան գոյացում ուղղուիլ»:

Իսրայէլացի ապահովական պաշտօնատար մը «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ին յայտնեց. «Համասի պատասխանի ընդհանուր գիծերը համեմատաբար դրական է»:

Իսրայէլացի պաշտօնատար մը իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին յայտնեց. «Համասի պատասխանը գործարքի առաջին փուլին մէջ զինադադարի հաստատման պայմանը չի ներառեր, սակայն կ՛արտօնէ տարեց, երեխայ, հիւանդ, վիրաւոր եւ կին զինուոր գերիներու վերադարձը»:

«Եթէ Համաս խախտէ համաձայնութիւնը, կարելի է անկէ դուրս գալ եւ առաջին փուլէն ետք կռիւը շարունակել», նշած է պաշտօնատարը:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթ Կազայի մէջ իսրայէլացի գերիներու ընտանիքներուն յայտնած է. «Աւելի քան երբեւէ մօտ ենք  (Համասի հետ գերիներու) փոխանակման գործարքի կնքման»:

Իսրայէլի նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդի նախկին անդամ Կատի Այզենքոթ իր կարգին յայտնեց. «Մենք 9 ամիսէ ի վեր գերիներու փոխանակման գործարքին ամէնէն մօտ եղող կէտին մը վրայ կը գտնուինք»:

«Կը դժուարանամ պատկերացնել, որ Նեթանիահուն ղեկավարութեան մէջ ռազմավարական մակարդակի պիտի բարձրանայ եւ գործարքին համաձայն գտնուի», աւելցուց Այզենքոթ:

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ը երէկ հաղորդեց. «Իսրայէլի մէջ Կազայի հարցին շուրջ 3 շաբթուան ընթացքին համաձայնութեան գոյացման կարելիութեան նկատմամբ լաւատեսութիւն գոյութիւն ունի»:

Իսրայէլեան պետական ձայնասփիւռի կայանին հաղորդումով, իսրայէլեան անվտանգութեան հարցերով նախարարաց սեղմ խորհուրդը երէկ երեկոյեան ժողով մը «պիտի գումարէ»` քննարկելու համար զինադադարի հաստատման ու գերիներու փոխանակման գործարքին շուրջ Համասի պատասխանը:

Նախորդը

Փեսքով. «Էրտողան Չի Կրնար Միջնորդ Դառնալ Ուքրանիոյ Հետ Բանակցութիւններուն Մէջ»

Յաջորդը

Պուլոս Մաթար Եպիսկոպոս. «Հարցը Լուծուած Է, Եւ Ոչինչ Կ՛արգիլէ Ռայի Պատրիարք-Շէյխ Խաթիպ Հետագայ Հանդիպումը»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ  Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Վենեզուելան Ռազմահարթակ` Միացեալ Նահանգներու Եւ Չինաստանի Միջեւ

January 8, 2026
Գաղութային

January 6, 2026
Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի
Գլխաւոր լուրեր

Բեթղեհէմի Պատգամը` «Եղէք Նոր Մարդ»

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.