Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քիեւ Կը Յայտարարէ, Թէ Պատրաստ Է Մոսկուայի Հետ Միջնորդներու Միջոցով Բանակցելու

July 2, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Քիեւ պատրաստ է Մոսկուայի հետ բանակցելու միայն միջնորդներու միջոցով, յայտարարած է Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Պատասխանելով ամերիկեան «Ֆիլատելֆիա Ինքուայրըր»-ի հարցումին, թէ ի՞նչ հանգամանքներու մէջ կարելի է, որ Ուքրանիան բանակցի Փութինի հետ, Զելենսքի ըսած է. «Կարելի է գտնել բնորդ մը, ուր կրնան գտնուիլ լուծումներ: Այդ բնորդը առաջին անգամ կիրարկուած է «հացահատիկային միջանցք»-ի շուրջ բանակցութիւններուն, երբ Ուքրանիան կը բանակցէր ոչ թէ Ռուսիոյ, այլ ՄԱԿ-ի եւ Թուրքիոյ հետ: Անոնք իրենց վրայ վերցուցած էին մեզ հետ բանակցելու, ապա Ռուսիոյ հետ համապատասխան համաձայնագիր կնքելու պատասխանատուութիւնը: Նման բնորդ կրնայ կիրարկուիլ նաեւ տարածքային ամբողջականութեան, ուժանիւթի եւ նաւագնացութեան հարցերու համար: Առայժմ մենք միայն այս բնորդը ունինք»:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով արձագանգելով Զելենսքիին յայտնեց. «Նախագահ Փութինը բազմիցս ըսած է, որ Ռուսիան դրական կ՛ընկալէ որեւէ հաղորդակցութիւն, որեւէ երկխօսութիւն, որպէսզի հասնինք այն նպատակներուն, որոնք մեր առջեւ դրած ենք»:

Քրեմլին Քիեւի հետ բանակցութիւններու քանի մը պայման նշած է` ուքրանական զօրքերու դուրս բերում Տոնպասէն եւ «Նովոռոսիայէն», Քիեւը պէտք է հրաժարի ՕԹԱՆ-ին անդամակցելու ծրագիրէն, Ուքրանիան պէտք է ունենայ չէզոք, ոչ յանձնառու, ոչ հիւլէական երկրի կարգավիճակ, ինչպէս նաեւ արեւմտեան բոլոր պատժամիջոցներու ջնջում: Զելենսքի այս պայմանները «վերջնագիր» կոչած է:

Նախորդը

Դեմոկրատական Ղեկավարներն Ու Պայտընի Ընտանիքի Անդամները Կը Բացառեն Անոր Թեկնածութեան Յետս Կոչումը

Յաջորդը

«Պաղեստինեան Հողերու Վրայ Որեւէ Օտար Ներկայութիւն Անօրինական Է» Կ՛ըսէ Պաղեստինեան Իշխանութիւնը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.