Միջազգային

Պլինքըն. «ՕԹԱՆ-ի Վեհաժողովը Պիտի Ամրապնդէ Դաշինքին Հետ Ուքրանիոյ Կապերը»

Պլինքըն. «ՕԹԱՆ-ի Վեհաժողովը Պիտի Ամրապնդէ Դաշինքին Հետ Ուքրանիոյ Կապերը»

Ուաշինկթընի մէջ ընթացող ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովը պիտի ամրապնդէ Հիւսիսատլանտեան դաշինքի Ուքրանիոյ հետ կապերը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն: «ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովը պիտի ամրապնդէ Ուքրանիոյ կապերը կազմակերպութեան հետ եւ դաշինքին անդամակցութեան ուղին», ըսած է Պլինքըն արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տմիթրի Քուլեպայի հետ հանդիպումի ժամանակ: Նշենք, որ Ուաշինկթընի մէջ...

Էրտողան Օրպանի Հետ Քննարկած Է Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Հոլովոյթը

Էրտողան Օրպանի Հետ Քննարկած Է Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան Անդամակցութեան Հոլովոյթը

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանի հետ քննարկած է Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հոլովոյթը եւ համաշխարհային խնդիրները: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմէն յայտնած են, որ Էրտողան Ուաշինկթընի մէջ հանդիպած է Հունգարիոյ վարչապետին հետ: Հանդիպումին ընթացքին Էրտողան յայտարարած է, որ Թուրքիան կը շարունակէ խաղաղութեան ջանքերը` վերջ դնելու ռուս-ուքրանական պատերազմին եւ Կազայի վրայ Իսրայէլի...

Սպիտակ Տուն. «Կալանթ Եւ Հալեւի Սալիվընին Ներկայացուցին Համասը Պարտութեան Մատնելու Այլընտրանքները»

Սպիտակ Տուն. «Համասի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Տակաւին Գործարքի Շուրջ Բացեր Գոյութիւն Ունին»

Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ճոն Քըրպի լրագրողներու յայտնեց, որ ամերիկացի երկու բարձրաստիճան պաշտօնատարներ կը գտնուին Գահիրէ` Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ զինադադարի հաստատման բանակցութիւններ կատարելու համար: Ան աւելցուց, որ տակաւին երկու կողմերուն միջեւ բացեր գոյութիւն ունին: Քըրպի ըսաւ, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ուիլիըմ Պըռնզ եւ Միջին Արեւելքի հարցով ամերիկացի պատուիրակ Պրեթ Մքկըրք կը գտնուին Եգիպտոս` եգիպտացի, իսրայէլացի եւ յորդանանցի պաշտօնատարներու...

Ուաշինկթըն. «Հիւլէական Գործարքի  Վերականգնման Վերաբերեալ Եւրոպական Միութեան  Առաջարկին Թեհրանի Պատասխանը Կառուցողական Չէ»

Ուաշինկթըն Իրանի Քաղաքականութեան Մէջ Որեւէ Խորքային Փոփոխութիւն Չի Նախատեսեր

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ բարեկարգչական թեկնածու Մեսուտ Փեզեշքեանի Իրանի նախագահ ընտրութենէն ետք Թեհրանի քաղաքականութեան մէջ որեւէ փոփոխութիւն չի նախատեսեր, եւ այդ զարգացումը երկխօսութեան շարունակման կարելիութիւնները չ՛ամրապնդեր: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր լրագրողներու ըսաւ. «Չենք նախատեսեր, որ այս ընտրութիւնը Իրանի ուղղուածութեան եւ քաղաքականութեան մէջ որեւէ խորքային փոփոխութեան յանգեցնէ»:

Եւրոպական Միութիւնը Որոշած Է Կասեցնել  Վրաստանի Անդամակցութեան Հոլովոյթը

Եւրոպական Միութիւնը Որոշած Է Կասեցնել Վրաստանի Անդամակցութեան Հոլովոյթը

Եւրոպական Միութեան ղեկավարութիւնը որոշած է կասեցնել Վրաստանի` միութեան անդամակցութեան հոլովոյթը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Վրաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Փաւել Կերչինսքի: «Ցաւով պէտք է ըսեմ, որ (Եւրոպական Միութեան ղեկավարները) համաձայնած են կասեցնել Վրաստանի` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան հոլովոյթը, ասիկա յստակ ըսուած է Եւրոպական խորհուրդի զեկուցումներուն մէջ», ըսած է Կերչինսքի` Թիֆլիսի մէջ միջազգային խորհրդաժողովի ընթացքին իր...

Փեզեշքեան. «Անկասկած Պիտի Ամրապնդենք  Բարեկամ Ռուսիոյ Հետ Յարաբերութիւնները»

Փեզեշքեան. «Անկասկած Պիտի Ամրապնդենք Բարեկամ Ռուսիոյ Հետ Յարաբերութիւնները»

Իրան մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ բարեկամ եւ դրացի Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններուն եւ, անկասկած, պիտի ամրապնդէ զանոնք: Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին ըսած է Իրանի նորընտիր նախագահ Մասուտ Փեզեշքեան: Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Փութին հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին շնորհաւորած է Փեզեշքեանը նախագահ ընտրութեան առիթով եւ յաջողութիւն մաղթած պետական պատասխանատու...

Էրտողանն Ու Իրանի Նորընտիր Նախագահը  Քննարկած Են Շրջանային Հարցերը

Էրտողանն Ու Իրանի Նորընտիր Նախագահը Քննարկած Են Շրջանային Հարցերը

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Իրանի նորընտիր նախագահ Մասուտ Փեզեշքեանի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Թէ.Ռէ.Թէ.»-ն: Էրտողանի գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է Թուրքիոյ եւ Իրանի երկկողմանի յարաբերութիւններուն, քննարկուած են շրջանային եւ համաշխարհային խնդիրներ: Էրտողան վստահութիւն յայտնած է բոլոր ոլորտներու մէջ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն հետագայ զարգացման հարցին նկատմամբ` ընդգծելով անոնց պատմական խոր...

Պայտըն Վճռական Է Մնալ Նախագահական  Ընտրապայքարին Մէջ Եւ Յաղթել Թրամփին

Պայտըն Վճռական Է Մնալ Նախագահական Ընտրապայքարին Մէջ Եւ Յաղթել Թրամփին

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի դեմոկրատական խմբակցութիւններու ղեկավարութեան ուղղուած իր նամակին մէջ յայտարարած է, որ մտադիր չէ դուրս գալ ընտրապայքարէն եւ վստահութիւն յայտնած է, որ իր հանրապետական մրցակից Տանըլտ Թրամփին պիտի յաղթէ: Պայտընի նամակի բնագիրը հրապարակուած է «Էքս»-ի վրայ: Նամակին մէջ կը նշուի, որ Սպիտակ տան ղեկավարը, «հակառակ մամուլին մէջ շրջանառուող շահարկումներուն, վճռական է մնալ նախընտրական պայքարին...

Օրպան Ազրպէյճան Գտնուելու Ժամանակ  «Գաղտնի» Նամակ Ուղարկած Է  Եւրոպական Միութեան Ղեկավարութեան

Օրպան Ազրպէյճան Գտնուելու Ժամանակ «Գաղտնի» Նամակ Ուղարկած Է Եւրոպական Միութեան Ղեկավարութեան

Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան, որ յուլիսի սկիզբէն այսպէս կոչուած «խաղաղարար առաքելութիւն» կը կատարէ Քիեւի, Մոսկուայի եւ Փեքինի մէջ, ոչ հրապարակային նամակ գրած է Եւրոպական Միութեան ղեկավարութեան` ներկայացնելով Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ նախագահներ Վոլոտիմիր Զելենսքիի եւ Վլատիմիր Փութինի հետ իր հանդիպումներուն մանրամասնութիւններն ու Ուքրանիոյ պատերազմին վերաբերեալ Քրեմլինի դիրքորոշումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Սվոպոտա» կայքը` նշելով, որ խմբագիրները փաստաթուղթը ստացած են եւրոպացի պաշտօնատարէ...

Փութին. «Ռուսիան Պատրաստ Է  Միացեալ Նահանգներու Հետ Երկխօսութեան»

Փութին. «Ռուսիան Պատրաստ Է Միացեալ Նահանգներու Հետ Երկխօսութեան»

Ռուսիան պատրաստ է Միացեալ Նահանգներու հետ երկխօսութեան: Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան վեհաժողովի աւարտին ռուսական լրատուամիջոցներու հետ հարցազրոյցի ընթացքին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներէն ազդանշաններ կան ռազմավարական կայունութեան շուրջ երկխօսութիւն սկսելու պատրաստակամութեան մասին, սակայն յետոյ անոնք կ՛անհետանան եւ կը սկսին խօսիլ վերացական նիւթերու շուրջ: «Սպասենք նոր վարչակազմի ձեւաւորման եւ հասկնանք, թէ ի՛նչ են անոր ծրագիրներն ու նախապատուութիւնները, անգամ...

Նեթանիահու. «Համասի Հետ Որեւէ Գործարք Պէտք Է Իսրայէլին Արտօնէ Կռիւը Շարունակել»

Նեթանիահու. «Համասի Հետ Որեւէ Գործարք Պէտք Է Իսրայէլին Արտօնէ Կռիւը Շարունակել»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ պաղեստինեան Համաս շարժումին հետ որեւէ գործարք պէտք է Իսրայէլին արտօնէ կռիւը շարունակել: Այս մասին հաղորդեց Նեթանիահուի գրասենեակը: Նեթանիահու աւելցուց, որ առաջարկը, որուն Իսրայէլ համաձայն գտնուած է, «պատանդներուն տունդարձը կ՛արտօնէ առանց հրաժարելու պատերազմի նպատակներէն, որոնք պէտք է իրագործել», եւ անոր համաձայն, հազարաւոր զինեալներու հիւսիսային Կազա վերադարձը չի կրնար գործարքին մաս կազմել: Նեթանիահու իր նախապայմանները շարունակելով...

Ֆրանսայի Արտակարգ Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Յաղթանակ Արձանագրեց Ձախակողմեան Դաշինքը

Ֆրանսայի Արտակարգ Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Յաղթանակ Արձանագրեց Ձախակողմեան Դաշինքը

Ֆրանսայի արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրեց ձախակողմեան կուսակցութիւններու Նոր ժողովրդական ճակատ դաշինքը` Ժան Լիւք Մելանշոնի գլխաւորութեամբ: Դաշինքը ապահովեց 174 աթոռ, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի գլխաւորած «Միասին» դաշինքը` 156 աթոռ, իսկ Մարին Լը Փենի գլխաւորած ծայրայեղ աջակողմեան Ազգային միութիւնը` 143 աթոռ, Հանրապետական կուսակցութիւնն ու անոր դաշնակիցները` 66 աթոռ, իսկ մնացեալ քաղաքական ուժերը` 38 աթոռ: Նոր ժողովրդական ճակատի ղեկավար Ժան Լիւք Մելանշոն...

Փեզեշքեան Իրանի Նախագահի Պաշտօնը Պիտի Ստանձնէ Օգոստոսի Սկիզբը

Փեզեշքեան Իրանի Նախագահի Պաշտօնը Պիտի Ստանձնէ Օգոստոսի Սկիզբը

Իրանի նախագահ ընտրուած բարեկարգչական Մասուտ Փեզեշքեանի` խորհրդարանին մէջ երդման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ օգոստոսի սկիզբը: Այս մասին երկրի պետական լրատուամիջոցներուն յայտնած է Իրանի խորհրդարանի դիւանի անդամ Մոժթապա Եոսեֆին: Եոսեֆին ըսած է, թէ նախքան այդ, Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Խամենէին պէտք է «թանզիֆ» կոչուող արարողութեան ժամանակ հաւանութիւն տայ Փեզեշքեանի յաղթանակին: Ապա ենթադրաբար 4 կամ 5 օգոստոսին տեղի պիտի...

Էրտողան. «Կրնամ Որեւէ Պահու Ասատը Հրաւիրել»

Էրտողան. «Կրնամ Որեւէ Պահու Ասատը Հրաւիրել»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ կրնայ որեւէ պահու Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը հրաւիրել Թուրքիա` նշելով, որ ինք կը յուսայ թուրք-սուրիական յարաբերութիւնները վերադարձնել իրենց նախկին վիճակին: Էրտողան Պերլինէն իր վերադարձի ընթացքին օդանաւին մէջ իրեն ընկերակցող լրագրողներուն յայտնեց, որ իր երկիրը կը սպասէ, որ Ասատ իրեն հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու քայլ մը առնէ, որպէսզի «պատշաճ կերպով» փոխադարձէ: «Ներկայիս հասանք փուլի մը,...

Լուազօ Օրպանի Շուշի Այցելութիւնը  Հունգարիոյ Համար Խայտառակութիւն  Եւ Եւրոպայի Համար Գայթակղութիւն Կ՛որակէ

Լուազօ Օրպանի Շուշի Այցելութիւնը Հունգարիոյ Համար Խայտառակութիւն Եւ Եւրոպայի Համար Գայթակղութիւն Կ՛որակէ

Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանի Հիւսիսային Կիպրոսի ներկայացուցիչի հետ Արցախի բռնագրաւեալ Շուշի քաղաքին մէջ Թրքական պետութիւններու կազմակերպութեան վեհաժողովին մասնակցութիւնը Հունգարիոյ համար խայտառակութիւն է: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է Եւրոպական խորհրդարանի անվտանգային ու պաշտպանական հարցերով յանձնախումբի նախագահ Նաթալի Լուազօ: Անոր համաձայն, այս այցելութիւնը Եւրոպայի համար գայթակղութիւն է: «Արդեօք Հունգարիոյ վարչապետ Օրպանը կասկածի տա՞կ կը դնէ Կիպրոսի խնդիրը», գրած է ան` կից...

Մոսատի Ղեկավարը Առանց Պատուիրակութեան  Մեկնեցաւ Տոհա` Համասի Հետ  Բանակցութիւնները Շարունակելու

Մոսատի Ղեկավարը Առանց Պատուիրակութեան Մեկնեցաւ Տոհա` Համասի Հետ Բանակցութիւնները Շարունակելու

Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, որ իսրայէլեան արտաքին հետախուզութեան` Մոսատի ղեկավար Տաւիտ Պառնէան առանց իսրայէլեան պատուիրակութեան մնացեալ անդամներուն մեկնած է Տոհա` գերիներու փոխանակման եւ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման գործարքին շուրջ բանակցութիւնները շարունակելու համար: Իսրայէլացի պաշտօնատարներ պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, որ բանակցութիւնները երկար ժամանակ պիտի խլեն, եւ իսրայէլեան պատուիրակութեան մնացեալ անդամները Մոսատի ղեկավարին պիտի միանան, եթէ յառաջընթաց արձանագրուի: Կը նախատեսուի,...

Իրանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ  Նախագահական Ընտրութեան 2-րդ Փուլը

Իրանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Նախագահական Ընտրութեան 2-րդ Փուլը

Իրանցի քուէարկողները երէկ ուղղուեցան ընտրական կեդրոններ` մասնակցելու համար նախագահական ընտրութեան 2-րդ փուլին, որուն ընթացքին կը մրցակցէին բարեկարգչական թեկնածու Մասուտ Փեզեշքեանն ու հիւլէական թղթածրարի հարցով նախկին աւագ բանագնաց, պահպանողական Սայիտ Ժալիլին: 19 մայիսին նախկին նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի` ուղղաթիռի արկածի պատճառով մահէն ետք արագօրէն կազմակերպուած նախագահական ընտրութեան առաջին փուլը տեղի ունեցած էր 28 յունիսին: Փեզեշքեան ապահոված էր քուէներուն 42,4 առ հարիւրը, իսկ...

Էրտողան. «Միայն Զինեալներն Են, Որոնք  Թուրք-Սուրիական Յարաբերութիւններու  Կարգաւորման Կ՛ընդդիմանան»

Էրտողան. «Միայն Զինեալներն Են, Որոնք Թուրք-Սուրիական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Կ՛ընդդիմանան»

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ յայտնեց, որ կրնայ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին հետ համակարգումով Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին հրաւէր յղել: Այս մասին հաղորդեց «Սքայ Նիուզ Արապիա»-ն` աւելցնելով, որ յստակ չէ, եթէ Էրտողան Ասատը Թուրքիա՞, թէ՞ այլուր ժողովի հրաւիրելու կ՛ակնարկէ: Էրտողան յայտարարած է. «Միայն զինեալներն են, որոնք թուրք-սուրիական յարաբերութիւններու հաւանական կարգաւորման կ՛ընդդիմանան»: «Սուրիոյ մէջ տարածուելիք խաղաղութեան մթնոլորտը նաեւ կարեւոր է...

Էրտողան Շուշիի Փոխարէն  Պիտի Մեկնի Պերլին

Էրտողան Շուշիի Փոխարէն Պիտի Մեկնի Պերլին

Թրքական եւ գերմանական շարք մը լրատուամիջոցներու համաձայն, նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 6 յուլիսին պիտի մեկնի Պերլին` ներկայ գտնուելու ֆութպոլի Եւրոպայի ախոյեանութեան քառորդ աւարտականի Թուրքիա-Նետերլանտներ հանդիպումին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Գործակալութիւնը, վկայակոչելով թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը, կը նշէ, որ Էրտողան Պերլին մեկնելու համար փոխած է իր աշխատանքային ժամանակացոյցը` ջնջելով շաբաթ օր նախատեսուած այցելութիւնը Շուշի: 2020 թուականին բռնագրաւուած այդ...

Page 148 of 882 1 … 147 148 149 … 882

Արխիւներ