Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բրիտանիոյ Խորհրդարանական Ընտրութիւններ. Աշխատաւորական Կուսակցութիւնը Մեծ Յաղթանակ Արձանագրեց

July 6, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աշխատաւորական կուսակցութիւնը հինգշաբթի օր Բրիտանիոյ մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն մեծ յաղթանակ արձանագրելով վերջ տուաւ Պահպանողական կուսակցութեան 14-ամեայ իշխանութեան: Երկրի վարչապետի պաշտօնը ստանձնեց կուսակցութեան ղեկավար Քեր Սթարմըրը:

Աշխատաւորական կուսակցութիւնը (կեդրոն ձախ) ապահովեց խորհրդարանի 650 աթոռներէն 410-ը` ապահովելով խորհրդարանի բացարձակ մեծամասնութիւնը եւ մեծապէս գերազանցելով Պահպանողական կուսակցութիւնը, որ ապահովեց 131 աթոռներ, ինչ որ դարասկիզբէն ի վեր կուսակցութեան ընտրական յոռեգոյն արդիւնքն է: Գաղթականներուն դէմ եղող «Բրիտանիան բարեփոխել» կուսակցութիւնը ակնկալուածէն աւելի լաւ արդիւնք արձանագրելով ապահովեց 13 աթոռ:

Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Քեր Սթարմըր յայտարարեց. «Քուէարկողները այստեղ եւ երկրի ամբողջ տարածքին իրենց խօսքը ըսին, եւ անոնք պատրաստ են փոփոխութեան եւ վերջ տալու ցուցադրական քաղաքականութեան ու վերադառնալու հանրութեան ծառայութիւն եղող քաղաքականութեան»:

Նշենք, որ Բրիտանիոյ նոր վարչապետը մարդկային իրաւանց փաստաբան եւ պետութեան ընդհանուր դատախազ եղած է:

Բրիտանիոյ գործող վարչապետ Ռիշի Սունաք յայտնեց. «Աշխատաւորական կուսակցութիւնը ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրեց, եւ մեր կուսակցութիւնը ջախջախիչ պարտութիւն կը դիմագրաւէ»: Ան աւելցուց, որ ինք հեռաձայնած է Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավարին եւ զինք շնորհաւորած:

«Այս ընտրութիւններուն արդիւնքին պատասխանատուութիւնը կը կրեմ», նշեց Սունաք:

Նախորդը

Լեռնալիբանանի Երիտասարդներու Ախոյեանութիւն. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Սաֆա Շուէյֆաթ

Յաջորդը

Էրտողան Շուշիի Փոխարէն Պիտի Մեկնի Պերլին

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.