Միջազգային

Փարիզի Մէջ Ձերբակալուած Է «Թելեկրամ»  Ընկերային Ցանցի Հիմնադիրը

Փարիզի Մէջ Ձերբակալուած Է «Թելեկրամ» Ընկերային Ցանցի Հիմնադիրը

Ֆրանսական «Թէ.Էֆ.1» եւ «Պէ.Էֆ.Էմ.» պատկերասփիւռի կայանները հաղորդեցին, որ Փարիզի Պուրժէ օդակայանին մէջ ձերբակալուած է «Թելեկրամ» ընկերային ցանցի հիմնադիր, ռուս միլիառատէր Փաւել Թուրովը: Ան անձնական օդանաւով կնոջ եւ թիկնապահներու ընկերակցութեամբ Ազրպէյճանէն հասած էր Փարիզ: Ըստ նախնական տեղեկութիւններու, Թուրով կը մեղադրուի թմրեցուցիչներու ապօրինի շրջանառութեան, երեխաներու նկատմամբ յանցագործութիւններու եւ խարդախութեան նպաստելու համար, որովհետեւ «Թելեկրամ» ընկերային ցանցը մերժած է համագործակցիլ իրաւապահներու հետ: «Թէ.Էֆ.1»-ի հաղորդումով`...

Քենետի Կրտսերը Ընտրապայքարէն Դուրս Եկաւ  Եւ Կոչ Ուղղեց Թրամփին Քուէարկելու

Քենետի Կրտսերը Ընտրապայքարէն Դուրս Եկաւ Եւ Կոչ Ուղղեց Թրամփին Քուէարկելու

Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան երրորդ թեկնածու Ռապըրթ Քենետի Կրտսերը յայտարարեց, որ իր նախընտրական արշաւը կը դադրեցնէ: «Ես կ՛ուզեմ բոլորին ըսել, որ ես չեմ դադրեցներ իմ քարոզարշաւը, այլ միայն զայն կը կասեցնեմ», ըսած է ան իր աջակիցներուն ուղղուած ուղերձին մէջ: Դեմոկրատական կուսակցութեան նախկին անդամ Քենետիի ընտրական գրասենեակը յայտնեց, որ ան այդ որոշումը տուած է` մեկնելով այն մտավախութենէն, որ ընտրապայքարին մէջ իր...

«Զեկուցումները Ցոյց Կու Տան, Որ Հանիէի  Ահաբեկման Մէջ Ներքին Տարրեր Մեղսակից Չեն»  Կ՛ըսէ Իրանեան Հետախուզութեան Նախարարը

«Զեկուցումները Ցոյց Կու Տան, Որ Հանիէի Ահաբեկման Մէջ Ներքին Տարրեր Մեղսակից Չեն» Կ՛ըսէ Իրանեան Հետախուզութեան Նախարարը

Իրանի հետախուզութեան նախարար Իսմայիլ Խաթիպ յայտնեց. «Զեկուցումները ցոյց կու տան, որ Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի նախագահ Իսմայիլ Հանիէի ահաբեկման գործողութեան ներքին տարրեր մեղսակից չեն»: 31 յուլիսին Հանիէի ահաբեկումէն ետք Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը յայտարարեց. «Կը սերտենք Թեհրանի մէջ Հանիէի նահատակութեան դէպքի մանրամասնութիւնները, եւ հետագային պիտի յայտարարենք անոր արդիւնքները»: Իսմայիլ Հանիէն ու անոր անձնական թիկնապահներէն մէկը մահացած էին, երբ Թեհրանի մէջ անոր...

Քըրպի. «Միացեալ Նահանգները Ուքրանիոյ Հետ  Կը Քննարկեն Ամերիկեան Սպառազինութեամբ Ռուսիոյ  Տարածքի Վրայ Հարուածներու Խորութեան  Յաւելման Հեռանկարները»

Քըրպի. «Միացեալ Նահանգները Ուքրանիոյ Հետ Կը Քննարկեն Ամերիկեան Սպառազինութեամբ Ռուսիոյ Տարածքի Վրայ Հարուածներու Խորութեան Յաւելման Հեռանկարները»

Միացեալ Նահանգները Ուքրանիոյ հետ կը քննարկեն ամերիկեան սպառազինութեամբ Ռուսիոյ տարածքին վրայ հարուածներու խորութեան յաւելման հեռանկարները: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի զինուորական հաղորդակցութիւններու համակարգող Ճոն Քըրպի: «Մենք տակաւին կը շարունակենք խօսակցութիւնները անոնց հետ», լրագրողներու համար հերթական առցանց մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է Քըրպի: Միեւնոյն ժամանակ, Քըրպի աւելցուցած է, որ այս ոլորտին...

Հունգարիան Կը Սպառնայ Գաղթականներուն  Դէպի Պրիւքսել Անվճար Տոմս Տալ

Հունգարիան Կը Սպառնայ Գաղթականներուն Դէպի Պրիւքսել Անվճար Տոմս Տալ

Հունգարիան Եւրոպական Միութեան կը սպառնայ անօրինական գաղթականներուն եւ տեղահանուածներուն դէպի Պրիւքսել մէկ ուղղութեամբ անվճար տոմս տալ` այդպիսով պատասխանելով անոնց ապաստան չտրամադրելու պատճառով Եւրոպական դատարանին կողմէ Հունգարիոյ վրայ մեծ տուգանքներ սահմանելու որոշումին: Անցեալ յունիսին Եւրոպական դատարանը որոշած է Հունգարիան 200 միլիոն եւրոյով տուգանել Եւրոպական Միութեան մէջ ապաստան տրամադրելու կանոնները կանոնաւոր կերպով խախտելուն համար, բացի ատկէ, նաեւ օրական մէկ միլիոն եւրօ վճարել,...

Սպիտակ Տուն. «Գահիրէի Նախնական  Ցուցանիշներով Շինիչ Եղող  Բանակցութիւններուն Մէջ  Յառաջընթաց Արձանագրուեցաւ»

Սպիտակ Տուն. «Գահիրէի Նախնական Ցուցանիշներով Շինիչ Եղող Բանակցութիւններուն Մէջ Յառաջընթաց Արձանագրուեցաւ»

Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ Ուաշինկթընի, Տոհայի եւ Գահիրէի միջնորդութեամբ Իսրայէլի եւ պաղեստինեան Համաս շարժումին միջեւ անուղղակի նոր բանակցութիւններ տեղի կ՛ունենան: Սպիտակ տունը երէկ երեկոյեան յայտարարեց, որ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման վերաբերեալ Գահիրէի բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց արձանագրուած է, եւ նախնական ցուցանիշներու համաձայն, բանակցութիւնները շինիչ են: Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ճոն Քըրպի նշեց, որ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ուիլիըմ Պըռնզ կը հասնի...

Քաց. «Պաղեստինեան Պետութեան Ստեղծումը  Կազայի Եւ Այսրյորդանանի Մէջ Իրանեան  Ռազմակայանի Գոյութիւն Պիտի Նշանակէ»

Քաց. «Պաղեստինեան Պետութեան Ստեղծումը Կազայի Եւ Այսրյորդանանի Մէջ Իրանեան Ռազմակայանի Գոյութիւն Պիտի Նշանակէ»

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եիսրայէլ Քաց յայտնեց. «Իրանն ու Համաս շարժումը Պաղեստինեան դատը առին իրենց վերահսկողութեան տակ»: «Պաղեստինեան պետութեան ստեղծումը կը նշանակէ Կազայի, Յուդայի եւ Սամարիոյ մէջ իրանեան ռազմակայանի գոյութիւն, ճիշդ ինչպէս Լիբանանի, Եմէնի, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ է, ինչ որ կը սպառնայ Իսրայէլի մէջ բնակուած կեդրոններուն, օդանաւերու թռիչքներու ուղիներուն, ապրանքներու ուղարկման ճամբաներուն եւ տնտեսական կեդրոններուն», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Չենք...

Հարիս Կը Խոստանայ Բոլոր  Ամերիկացիներուն Նախագահը Ըլլալ

Հարիս Կը Խոստանայ Բոլոր Ամերիկացիներուն Նախագահը Ըլլալ

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ, Միացեալ Նահանգներու նախագահի Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու Քամալա Հարիս Շիքակոյի մէջ իր կուսակցութեան ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ խոստացաւ բոլոր ամերիկացիներուն նախագահը ըլլալ: Ան շեշտեց, որ նոյեմբերի նախագահական ընտրութիւնը «նոր երթ մը ճշդելու» առիթ մը պիտի ըլլայ` աւելցնելով. «Կ՛ուզեմ ասիկա գիտնաք` կը խոստանամ բոլոր ամերիկացիներուն նախագահը ըլլալ»: «Այս ընտրութեան մէջ սուղ առիթ մը ունինք պառակտման...

Թրամփ. «Հարիս 7 Հոկտեմբերի Յարձակումին  Պատճառ Դարձաւ, Իսկ Ես Իրանը Սնանկացուցի,  Եւ Հըզպալլային Ուղարկելու Գումարներ Չունէր»

Թրամփ. «Հարիս 7 Հոկտեմբերի Յարձակումին Պատճառ Դարձաւ, Իսկ Ես Իրանը Սնանկացուցի, Եւ Հըզպալլային Ուղարկելու Գումարներ Չունէր»

Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ, Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Տանըլտ Թրամփ «Ֆոքս Նիուզ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Թեկնածու Քամալա Հարիսը 3,5 տարիէ ի վեր իշխանութեան վրայ է, եւ խօսքին մէջ ըսածը չըրաւ, եւ ան չխօսեցաւ Չինաստանի մասին,  առեւտրական բացի, ոճիրի մակարդակին եւ մանուկներու առեւտուրին մասին»: «Հարիսի ղեկավարութեան տակ ապագայ պիտի չըլլայ, որովհետեւ մեզ համաշխարհային հիւլէական երրորդ պատերազմի պիտի...

Անթոնով. «Առանց Ուաշինկթընի Համաձայնութեան  Քիեւը Չէր Համարձակեր Նոյնիսկ Մատը Շարժել»

Անթոնով. «Առանց Ուաշինկթընի Համաձայնութեան Քիեւը Չէր Համարձակեր Նոյնիսկ Մատը Շարժել»

Ուքրանիան ոչինչ կ՛ընէ առանց իր տէրերուն` Միացեալ Նահանգներու արտօնութեան: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ Քուրսք մարզին վրայ Ուքրանիոյ զինեալ ուժերու յարձակումին անդրադառնալով յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անաթոլի Անթոնով: «Առանց Ուաշինկթընի համաձայնութեան անոնք պարզապէս չէին համարձակեր մատերնին շարժել, գնդացիր կամ հրացան ուղղել մեր ուղղութեամբ: Կամ, յամենայն դէպս, անոնք վստահ են, որ իրենց որեւէ գործողութիւն պիտի ստանայ արեւմտեան...

Ակնարկ.  Ճանաչումի Նախաբանային Ուղերձը

Սպիտակ Տուն. «Պայտըն Նեթանիահուին Շեշտեց Համասի Հետ Համաձայնութեան Հասնելու Հրատապութիւնը»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին շեշտեց պաղեստինեան Համաս շարժումին հետ Կազայի մէջ զինադադարի հասնելու հրատապութիւնը: Այս մասին հաղորդեց Սպիտակ տունը: Սպիտակ տունը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց. «Նախագահը ընդգծած է զինադադարի եւ պատանդներու ազատ արձակման գործարքը կնքելու հրատապութիւնը եւ քննարկած Գահիրէի մէջ տեղի ունենալիք բանակցութիւնները` վերացնելու համար մնացած բոլոր խոչընդոտները»: Սպիտակ տունը...

Իրանի Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտը Կը Հերքէ  «Ֆարս»-ի` Ռայիսիի Ուղղաթիռի Կործանման  Պատճառներուն Մասին Հրապարակած Տեղեկութիւնը

Իրանի Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտը Կը Հերքէ «Ֆարս»-ի` Ռայիսիի Ուղղաթիռի Կործանման Պատճառներուն Մասին Հրապարակած Տեղեկութիւնը

Իրանի զինեալ ուժերու սպայակոյտը հերքած է իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութեան հրապարակումը` Իրանի իսլամական հանրապետութեան նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի ուղղաթիռի կործանման պատճառներուն մասին: Այս մասին հաղորդեց ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: «Ֆարս» գործակալութեան այն տեղեկութիւնը, թէ ուղղաթիռի կործանման գործօններէն մէկը եղած է յաւելեալ երկու ուղեւորներու գոյութիւնը, հակառակ անվտանգութեան արձանագրութիւններուն, ինչի պատճառով ուղղաթիռը բաւարար ուժ չէ ունեցած անհրաժեշտ բարձրութիւն ապահովելու համար, սուտ է», նշուած է...

Զելենսքի. «Մեր Ուժերը Ռուսիոյ Քուրսք  Շրջանին Մէջ Նոր Գիւղ Մը Գրաւեցին»

Զելենսքի. «Մեր Ուժերը Ռուսիոյ Քուրսք Շրջանին Մէջ Նոր Գիւղ Մը Գրաւեցին»

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի յայտարարեց. «Մեր ուժերը Ռուսիոյ Քուրսք շրջանին մէջ նոր գիւղ մը գրաւեցին»: Մինչ ուքրանական ուժերը կը շարունակեն 6 օգոստոսէն ի վեր ռուսական հողերուն մէջ իրենց յառաջխաղացքը, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց. «Ուքրանական ուժերու Քուրսքի շրջանին մէջ ներթափանցելու փորձը նախօրօք կը ջնջէ բանակցութիւններ կատարելու կարելիութիւնը»: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա աւելցուց, որ Քիեւ արդարացումներ կը փնտռէ...

Չինաստան Հերքած Է Միացեալ Նահանգներու  Ուժանիւթի Նախարարութեան` «Քորոնա»-ի  Տարրալուծարանային Ծագման Մասին Վարկածը

Փեքին. «Միացեալ Նահանգներ Հիւլէական Մեծագոյն Սպառնալիքն Են, Եւ Զինարշաւի Մէջ Մտնելու Նպատակ Չունինք»

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ չինական հիւլէական սպառնալիքի տեսութիւնը կ՛արծարծեն` իրենց հիւլէական զինանոցը ընդլայնելու պատրուակ գտնելու համար»: «Որեւէ պետութեան հետ զինարշաւի մէջ մտնելու մտադրութիւն չունինք, եւ կը կարծենք, որ Միացեալ Նահանգները հիւլէական մեծագոյն սպառնալիքն են», նշեց նախարարութիւնը: Նախարարութիւնը կ՛անդրադառնար «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին հաղորդած այն լուրին, թէ «Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն մարտին հաւանութիւն տուած է խիստ գաղտնի...

Արաքժի Կը Նշէ Միացեալ Նահանգներու  Եւ Եւրոպայի Հետ Յարաբերութիւններուն Մէջ  Լարուածութեան Կարգաւորման Պայմանները

Արաքժի Կը Նշէ Միացեալ Նահանգներու Եւ Եւրոպայի Հետ Յարաբերութիւններուն Մէջ Լարուածութեան Կարգաւորման Պայմանները

Իրանի արտաքին գործոց նոր նշանակուած նախարար Ապպաս Արաքժի հրապարակած է Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի հետ յարաբերութիւններու վերականգնման պայմանները: Ճափոնական «Քիոթօ Նիուզ»-ի հետ իր առաջին հարցազրոյցին մէջ Արաքժի յայտնած է, որ իր նախարարութիւնը պիտի ամրապնդէ Թեհրանի եւ Թոքիոյի միջեւ յարաբերութիւնները բոլոր ուղղութիւններուն մէջ եւ պիտի համագործակցի Թոքիոյի հետ շրջանային ճգնաժամի միացեալ լուծման համար: Արաքժիի կարծիքով` Իրանն ու Ճափոնը Ասիոյ մէջ փոխշահաւէտ...

Քոպախիծէ. «Վրաստանի Խորհրդարանական  Ընտրութիւնները Պիտի Դառնան Պատերազմի  Եւ Խաղաղութեան Միջեւ Հանրաքուէ»

Քոպախիծէ. «Վրաստանի Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Պիտի Դառնան Պատերազմի Եւ Խաղաղութեան Միջեւ Հանրաքուէ»

Վրաստանի մէջ 26 հոկտեմբերին նշանակուած խորհրդարանական ընտրութիւնները պիտի դառնան «պատերազմի եւ խաղաղութեան միջեւ հանրաքուէ»: Այս մասին յայտարարած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիծէ: «Այս ընտրութիւնները տեսակ մը հանրաքուէ են պատերազմի եւ խաղաղութեան միջեւ, հանրաքուէ` քարոզչութեան եւ աւանդական արժէքներու միջեւ: Իրականութեան մէջ ընտրութիւնը յստակ է: Ըտրութիւն պէտք է կատարել յօգուտ խաղաղութեան, բարոյականութեան եւ երկրի պայծառ ապագային», ըսած է Քոպախիծէ վրացի լրագրողներուն: Վրաստանի...

Ամերիկեան Դեսպանատան Գործերու Ժամանակաւոր  Հաւատարմատարը Կանչուած Է Ռուսիոյ  Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Ամերիկեան Դեսպանատան Գործերու Ժամանակաւոր Հաւատարմատարը Կանչուած Է Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւն

Ռուսիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատարը կանչուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն: Անոր բողոքագիր յանձնուած է Քուրսքի մարզ «ապօրինի» մուտք գործած ամերիկացի լրագրողներու գործողութիւններուն վերաբերեալ: Այս մասին կը հաղորդէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Ռուսական գերատեսչութիւնները քննչական գործողութիւններ պիտի կատարեն Միացեալ Նահանգներէն Քուրսքի մարզ ներթափանցած լրագրողները պատասխանատուութեան ենթարկելու համար: «Ամերիկեան սեփական զինեալ ուժերու Ուքրանիոյ զինեալ ուժերու ներխուժման մասնակցութիւնը կ՛ապացուցէ Միացեալ...

Իրան ԵԱՏՄ-ի Մէջ Դէտ Պետութեան Կարգավիճակ  Ստանալու Դիմում Ներկայացուցած Է

Իրան ԵԱՏՄ-ի Մէջ Դէտ Պետութեան Կարգավիճակ Ստանալու Դիմում Ներկայացուցած Է

Իրան Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) մէջ դէտ պետութեան կարգավիճակ ստանալու դիմում ներկայացուցած է: «Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը հաղորդէ ԵԱՏՄ-ի մամլոյ ծառայութիւնը: «Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ դէտ պետութեան կարգավիճակ ստանալու վերաբերեալ դիմումը քննարկուած է Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի կեդրոնատեղիին մէջ», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ: Կը նշուի նաեւ, որ այս հարցին շուրջ խորհրդակցութիւնները տեղի ունեցած են տեսաժողովի...

«Կապիկի Ծաղկախտի Պարագային  Դիմակ Կրելը Պարտադիր Չէ»  Կ՛ըսէ Առողջապահութեան Համաշխարհային  Կազմակերպութիւնը

«Կապիկի Ծաղկախտի Պարագային Դիմակ Կրելը Պարտադիր Չէ» Կ՛ըսէ Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը Կապիկի ծաղկախտի բռնկման համաճարակաբանական արտակարգ կացութեան պատճառով դիմակներ կրելը պարտադիր չի նկատեր: Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան Եւրոպայի շրջանային գրասենեակի ղեկավար Հանս Քլիւկէն ըսած է, որ ժահրը կը փոխանցուի մորթի հետ շփման միջոցով, մասնաւորաբար սեռային յարաբերութեան կամ վարակուած անասուն շոյելու ժամանակ: Անոր համաձայն, Կապիկի ծաղկախտի նոր ալիքը եւրոպական երկիրներու համար նոյն վտանգը չի ներկայացներ, ինչ որ էր պարագան «Քովիտ-19»...

Ռայտըր. «Միացեալ Նահանգներ Ուքրանիոյ Հետ  Կը Քննարկեն Քուրսքի Շրջանին Մէջ Անոր  Յարձակումին Երկարաժամկէտ Նպատակները»

Ռայտըր. «Միացեալ Նահանգներ Ուքրանիոյ Հետ Կը Քննարկեն Քուրսքի Շրջանին Մէջ Անոր Յարձակումին Երկարաժամկէտ Նպատակները»

Ուաշինկթըն Քիեւի հետ կը քննարկէ Ուքրանիոյ զինեալ ուժերու Ռուսիոյ Քուրսքի շրջան ներխուժման երկարաժամկէտ նպատակները: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներու համար հերթական մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան` Փենթակոնի մամլոյ քարտուղար Փաթրիք Ռայտըր: «Սակայն, երբ խօսքը կը վերաբերի այստեղ անոնց երկարաժամկէտ նպատակներուն, մենք ատիկա անոնց հետ կը քննարկենք», ըսած է Փենթակոնի բանբերը` նկատի ունենալով...

Page 136 of 882 1 … 135 136 137 … 882

Արխիւներ