Ռուսիան կ՛ողջունէ ՊՐԻՔՍ-ին միանալու Ազրպէյճանի որոշումը: Այս մասին ռուսական «Լենթա» կայքին հետ զրոյցի ընթացքին արձագանգելով կազմակերպութեան անդամակցելու Պաքուի դիմումին յայտարարած է Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդի միջազգային յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Կրիկորի Քարասին:
«Մենք կ՛ողջունենք մեր բարեկամ Ազրպէյճանի ՊՐԻՔՍ-ի աշխատանքներուն իբրեւ լիիրաւ անդամ մասնակցելու ցանկութիւնը:
«Մենք պիտի շարունակենք աջակցիլ, որպէսզի ատիկա տեղի ունենայ, սակայն ՊՐԻՔՍ-ը տակաւին նոր անդամներ ընդունելու յստակ մեքանիզմ չէ մշակած: Սակայն կը կարծեմ, որ ատիկա յառաջիկայ տարիներուն պիտի կատարուի», ըսած է ծերակուտականը:
Նշենք, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, թէ Ազրպէյճան պաշտօնապէս դիմում ներկայացուցած է անդամակցելու ՊՐԻՔՍ-ին:
ՊՐԻՔՍ-ին անդամ են Պրազիլը, Ռուսիան, Հնդկաստանը, Չինաստանը եւ Հարաւային Ափրիկէի հանրապետութիւնը, սակայն վերջին շրջանին տնտեսական պլոքին միանալու ցանկութիւն յայտնած են 23 պետութիւններ:


