Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Դեմոկրատական կուսակցութեան Շիքակոյի մէջ մինչեւ հինգշաբթի օր երկարող ընդհանուր ժողովի բացման ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ իր վարչակազմը աշխատանք կը տանի Կազայի մէջ զինադադար հաստատելու, պատերազմին վերջ տալու եւ շրջանին մէջ տագնապի ընդլայնումը կանխարգիլելու:
Ան ըսաւ, որ իր վարչակազմը անդադար աշխատանք կը տանի «Կազա գտնուող պատանդները իրենց ընտանիքներուն վերամիացնելու եւ Կազա մարդասիրական օժանդակութիւնները աւելցնելու»` նշելով, որ իսրայէլեան ու պաղեստինեան կողմերէն բազմաթիւ «անմեղներ» սպաննուեցան:
Մինչ այդ, պաղեստինցիներուն զօրակցող հազարաւոր ցուցարարներ հաւաքուած էին խորհրդաժողովի վայրին առջեւ` բողոքելով ամերիկեան վարչակազմին կողմէ Կազայի մէջ իսրայէլեան պատերազմին աջակցութեամբ:
Պայտըն ըսաւ, որ խորհրդաժողովի վայրին առջեւ պատերազմին դէմ բողոք կատարողները իրաւացի «տեսակէտ ունին»:
Սպիտակ տան ղեկավարը զօրակցութիւն յայտնեց Քամալա Հարիսին եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Տանըլ Թրամփը կոչեց «ձախողած անձ»:
«Ոճիրներու համեմատութիւնը պիտի նուազի, երբ ընդհանուր դատախազ մը (Քամալա Հարիսը, «Ա.») հասցնենք Սպիտակ տուն, եւ ոչ թէ դատապարտուած ոճրագործ մը», ըսաւ ան` նշելով. «Թրամփի նստաշրջանին ոճիրներու համեմատութիւնը բարձր էր, եւ անոնք այժմ կը նուազին»:
«Միացեալ Նահանգներու մէջ քաղաքական բռնութիւնը տեղ չունի, եւ ժողովրդավարութիւնը յաղթեց, եւ այժմ պէտք է պահպանել զայն», յայտնեց Պայտըն:
«Միացեալ Նահանգներու ոգիի պահպանման պայքարին մէջ ենք, եւ լաւագոյն օրերը մեր ետին չեն, այլ` մեր առջեւ», յայտնեց ան` նշելով. «81 միլիոն ամերիկացիներ նախկին ընտրութեան ընթացքին մեզի քուէարկեցին ժողովրդավարութիւնը փրկելու համար»:
Թրամփ. «Հարիսը Պարտութեան Մատնելը Աւելի
Դիւրին Պիտի Ըլլայ, Որովհետեւ Ամերիկան
Կը Մերժէ Անոր Համայնավարական Օրակարգը»
Միացեալ Նահանգներու նախագահի Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Տանըլտ Թրամփ նշեց. «Հարիսը պարտութեան մատնելը Պայտընը պարտութեան մատնելէն դիւրին պիտի ըլլայ, որովհետեւ Ամերիկան կը մերժէ անոր համայնավարական օրակարգը»:
«Նստաշրջանիս ընթացքին աշխատատեղեր խնայեցի անդրատլանտեան գործընկերութենէն հեռանալուս պատճառով», նշեց ան:
«Պայտընին ու Հարիսին մեծագոյն տնտեսութիւնը յանձնեցի, եւ այժմ մեծագոյն սղաճը կը տեսնենք», յայտնեց Թրամփ: