Քամալա Հարիս եւ Տանըլտ Թրամփ համաձայնած են պատկերասփռուած բանավէճերու երկրորդ փուլը կատարել հոկտեմբերին: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին գրաւոր յայտարարութեան մէջ յայտնած է Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Հարիսի նախընտրական քարոզարշաւի հաղորդակցութեան գծով տնօրէն Մայքըն Թայլըր:
«Տանըլտ Թրամփի նախընտրական շտապը ընդունած է երեք բանավէճ կատարելու մեր առաջարկը` երկու փուլ` նախագահի թեկնածուներու, եւ մէկը` փոխնախագահի թեկնածուներու միջեւ:
«Եթէ Տանըլտ Թրամփ իսկապէս յայտնուի փոխնախագահ Հարիսի հետ 10 սեպտեմբերին կայանալիք բանավէճին, ապա Մինըսոթայի նահանգապետ Ուոլցը 1 հոկտեմբերին պիտի հանդիպի Ճէյմ Տէյվիտ Վենսի հետ, այնուհետեւ ամերիկացի ժողովուրդը հոկտեմբերին յաւելեալ կարելիութիւն պիտի ունենայ փոխնախագահին եւ Տանըլտ Թրամփին միջեւ բանավէճ տեսնելու», ըսած է ան: