Ռուսական բանակը յայտարարեց, որ արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ իր շարունակուող յառաջխաղացքի ծիրին մէջ իր վերահսկողութեան տակ առած է Տոնեցքի շրջանին մէջ գտնուող Նովկորոտսքոյ քաղաքը:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր առօրեայ զեկուցումին մէջ նշեց «ազատագրումը Նովկորոտսքոյի, որ Թուրեցք շրջանի մեծագոյն քաղաքներէն մէկն է եւ ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող գումակային կեդրոն մը»: