Միջազգային

Նեթանիահու. «Ֆիլատելֆիա Միջանցքի  Վերաբերեալ Մեր Դիրքորոշումէն Պիտի Չհրաժարինք»

Նեթանիահու. «Ֆիլատելֆիա Միջանցքի Վերաբերեալ Մեր Դիրքորոշումէն Պիտի Չհրաժարինք»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը նշեց. «Նեթանիահու վճռական է վերադարձնելու գերիները եւ Ֆիլատելֆիա միջանցքը Իսրայէլի ձեռքը պահելու»: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը այս առումով հաղորդեց, որ Նեթանիահու յայտարարած է. «Ֆիլատելֆիա միջանցքին վերաբերեալ մեր դիրքորոշումէն պիտի չհրաժարինք, եւ այդ առնչութեամբ անվտանգութեան մարմիններու ղեկավարութեան դիրքորոշումը զիս չի հետաքրքրեր»: Եգիպտական լաւատեղեակ ապահովական աղբիւրներ սէուտական «Շարք» օրաթերթին յայտնեցին, որ եգիպտական եւ պաղեստինեան կողմերը համաձայն են,...

Ռուսական Բանակը Իր Վերահսկողութեան Տակ  Առած Է Տոնեցքի Օրլովքա Բնակավայրը

Ռուսական Բանակը Իր Վերահսկողութեան Տակ Առած Է Տոնեցքի Օրլովքա Բնակավայրը

Ռուսական «Վոսթոք» խմբաւորումը պարտութեան մատնած է ուքրանական հինգ զօրամաս, ինչպէս նաեւ ետ մղած է չորս հակագրոհ: «Կեդրոն» խմբաւորման ռուսական ստորաբաժանումները ազատագրած են Տոնեցքի Օրլովքա բնակավայրը: Այս մասին կը յայտնէ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը: Օրլովքա կը գտնուի Աւտէեւքայի արուարձանին մէջ` առանցքային ճամբու վրայ, որով կը մատակարարուէր Ուքրանիոյ զինեալ ուժերու Տոնպասի խմբաւորումը: Այժմ ուքրանական զօրքերու մատակարարումը էապէս խախտած է: Նախարարութեան հաղորդումով, ռուսական զօրքերը...

ԵԽԽՎ-ի Նախագահը Քննադատած Է Պաքուի` Որոշ  Երեսփոխաններու Ազրպէյճան Մուտքը  Արգիլելու Որոշումը

ԵԽԽՎ-ի Նախագահը Քննադատած Է Պաքուի` Որոշ Երեսփոխաններու Ազրպէյճան Մուտքը Արգիլելու Որոշումը

Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) նախագահ Թէոտորոս Ռուսոփուլոս քննադատած է որոշ երեսփոխաններու Ազրպէյճան մուտքը արգիլելու Պաքուի որոշումը: «Ատիկա վատ ազդանշան է: Իրենց խիղճին համաձայն քուէարկածները սեւ ցուցակի վրայ ներառելը կրնայ միայն հակառակ արդիւնքը ունենալ», ըսած է ան: Յիշեցնենք, որ Պաքուն արգիլած էր Ազրպէյճան մուտքը ԵԽԽՎ-ի այն երեսփոխաններուն, որոնք ազրպէյճանական պատուիրակութեան դէմ քուէարկած են: Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ...

Պայտըն Եւ Մոտի Հաստատակամութիւն Կը Յայտնեն`  Աջակցելու Ռուս-Ուքրանական  Յարաբերութիւններու Կարգաւորման

Պայտըն Եւ Մոտի Հաստատակամութիւն Կը Յայտնեն` Աջակցելու Ռուս-Ուքրանական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն եւ Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտի 26 օգոստոսին տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին հաւաստած են, որ կ՛աջակցին Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ տագնապի խաղաղ լուծման: Այս մասին կը նշուի Սպիտակ տան մամլոյ ծառայութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ: Պայտըն Մոտիի հետ քննարկած է Հնդկաստանի վարչապետի Լեհաստան եւ Ուքրանիա այցելութիւնը, ինչպէս նաեւ սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումը:...

Վոլոտին. «Պայտըն Կ՛ուզէ Նախագահական  Ընտրութենէն Առաջ Վերահսկողութեան  Տակ Առնել «Թելեկրամ»-ը»

Վոլոտին. «Պայտըն Կ՛ուզէ Նախագահական Ընտրութենէն Առաջ Վերահսկողութեան Տակ Առնել «Թելեկրամ»-ը»

Ռուսիոյ խորհրդարանի` Տումայի նախագահ Վիաչիսլաւ Վոլոտին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն կ՛ուզէ Միացեալ Նահանգներու նոյեմբերին նախատեսուած նախագահական ընտրութենէն առաջ վերահսկողութեան տակ առնել «Թելեկրամ»-ը: Այս մասին հաղորդեց «Ռաշա Թուտէյ»-ը: «Թելեկրամ»-ը կը նկատուի համացանցի քիչ եւ միեւնոյն ժամանակ մեծագոյն հարթակներէն մէկը, որուն վրայ Միացեալ Նահանգներ որեւէ ազդեցութիւն չունին: Միաժամանակ անիկա կը գործէ շարք մը երկիրներու մէջ, որոնք անոնց կը հետաքրքրեն:...

Պայտըն. «Ռուսիան Ուքրանիոյ Մէջ Իր Մղած  Պատերազմին Մէջ Երբեք Պիտի Չյաջողի»

Պայտըն. «Ռուսիան Ուքրանիոյ Մէջ Իր Մղած Պատերազմին Մէջ Երբեք Պիտի Չյաջողի»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն դատապարտեց «ուքրանական ելեկտրականութեան ցանցին վրայ Ռուսիոյ շղթայազերծած ամօթալի յարձակումը»: «Ռուսիան երբեք պիտի չյաջողի իր դրացիին դէմ մղած պատերազմին մէջ», ըսաւ ան` խոստանալով շարունակել Քիեւին աջակցութեան տրամադրումը: Պայտըն հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Խստագոյն կերպով կը դատապարտեմ Ռուսիոյ կողմէ Ուքրանիոյ դէմ պատերազմի շարունակութիւնն ու ուքրանացի ժողովուրդը խաւարի մատնելու անոր ջանքերը»: «Ռուսիան Ուքրանիոյ մէջ երբեք պիտի չյաջողի, եւ...

Խամենէի Ընդունեց Փեզեշքիանն  Ու Կառավարութեան Անդամները

Խամենէի Ընդունեց Փեզեշքիանն Ու Կառավարութեան Անդամները

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի երէկ ընդունեց Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանն ու անոր կառավարութեան անդամները: Խամենէի ողջունեց Իրանի զինուորական ուժը եւ երկրին մէջ գիտական զարգացումը` նշելով, որ Իրանի կարողութիւնը քիչ բան մը չէ: Խամենէի իր խօսքը ներկաներուն ուղղելով ըսաւ. «Թշնամիներուն վրայ յոյս մի՛ դնէք եւ երկրի ծրագիրին յառաջ մղման համար անոնց համաձայնութեան մի՛ սպասէք»` աւելցնելով. «Ատիկա որոշ տեղեր...

Գահիրէի Մէջ Բանակցութիւնները Անելի Մատնուեցան.  Թեքնիք Պատուիրակութիւնները Կը Շարունակեն Բանակցիլ

Գահիրէի Մէջ Բանակցութիւնները Անելի Մատնուեցան. Թեքնիք Պատուիրակութիւնները Կը Շարունակեն Բանակցիլ

Գահիրէի մէջ պաղեստինեան Համաս շարժումի եւ Իսրայէլի միջեւ Միացեալ Նահանգներու, Եգիպտոսի եւ Քաթարի միջնորդութեամբ բանակցութիւնները անգամ մը եւս անելի մատնուեցան` Իսրայէլի Ֆիլատելֆիա միջանցքէն հեռանալ մերժելուն պատճառով: Գահիրէի մէջ կիրակի օրուան բանակցութիւնները վճռորոշ կը նկատուէին, սակայն որեւէ յառաջընթացի չյանգեցան, եւ պաշտօնական պատուիրակութիւնները հեռացան Եգիպտոսի մայրաքաղաքէն: Իսրայէլացի պաշտօնատար մը իսրայէլեան «Ուալլա» կայքին յայտնեց, որ երկու կողմերուն միջեւ տարակարծութիւնները կը գոյատեւեն: Իսրայէլի պետական...

Արաքժի. «Իրան Մագլցումի Չի Ձգտիր, Եւ Անոր  Հակադարձութիւնը Պիտի Ըլլայ Ճշգրիտ Ու Հաշուարկուած»

Արաքժի. «Իրան Մագլցումի Չի Ձգտիր, Եւ Անոր Հակադարձութիւնը Պիտի Ըլլայ Ճշգրիտ Ու Հաշուարկուած»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքժի իր իտալացի պաշտօնակից Անթոնիօ Թայանիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին շեշտեց. «Սիոնական գոյացութեան Թեհրանի մէջ գործած ահաբեկչական արարքին Իրանի հակադարձութիւնը պիտի ըլլայ հաստատ, ճշգրիտ եւ հաշուարկուած»: «Իրան, ի տարբերութիւն սիոնական գոյացութեան, լարուածութեան ընդլայնման չի ձգտիր, թէեւ ատկէ չի վախնար», ըսաւ իրանեան դիւանագիտութեան պետը: Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին շնորհաւորեց Արաքժին արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին...

Շուապէ Կը Դատապարտէ ԵԽԽՎ-ի  Երեսփոխաններու Ազրպէյճան Մուտքի Արգելքը

Շուապէ Կը Դատապարտէ ԵԽԽՎ-ի Երեսփոխաններու Ազրպէյճան Մուտքի Արգելքը

Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) գերմանական պատուիրակութեան ղեկավար Ֆրանք Շուապէ դատապարտած է պաշտօնական Պաքուի որոշումը` արգիլելու մուտքը կառոյցի այն անդամներուն, որոնք կողմ քուէարկած են ազրպէյճանական պատուիրակութեան լիազօրութիւններու դադրեցման: Այդ որոշումին կողմ քուէարկած էր 76 երեսփոխան, 10-ը` դէմ, 4` ձեռնպահ: «Ժողովրդավարական երկիրներուն մէջ մուտքի արգելքներ կը կիրարկուին միայն ծայրայեղականներու եւ բռնի յանցագործներու համար», «Էքս»-ի մէջ գրած է Պաքուի նկատմամբ պատժամիջոցը նախաձեռնած...

Իրանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Քննարկած Են Շրջանին Մէջ Տեղի Ունեցող Իրադարձութիւնները

Իրանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Ապպաս Արաքժի եւ Ճէյհուն Պայրամով հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած են երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ կովկասեան շրջանի իրադարձութիւնները: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ Պայրամով յոյս յայտնած է ընդլայնելու Թեհրանի եւ Պաքուի միջեւ համագործակցութիւնը: Արաքժի նշած է, որ Պաքուի հետ փոխշահաւէտ յարաբերութիւններու զարգացումը Թեհրանի քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն է: Անոնք նաեւ խօսած են շարք մը միջազգային հարցերու...

Ասատ. «Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւններու  Վերականգնումը Անոնց Քանդման Յանգեցուցած  Պատճառներու Վերացում Կը Պահանջէ»

Ասատ. «Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Վերականգնումը Անոնց Քանդման Յանգեցուցած Պատճառներու Վերացում Կը Պահանջէ»

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ յայտնեց. «Համաշխարհային մակարդակի վրայ ներկայ տագնապալից կացութիւնն ու մեր վրայ անոր ազդեցութիւնը մեզ կը մղեն աւելի արագ աշխատելու` շտկելու համար այն, ինչ որ կարելի է շտկել` բարեկամի դանակի հարուածէն գոյացած վէրքի ցաւը անտեսելով, եւ այդպէս ընկալեցինք Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն վերաբերեալ նախաձեռնութիւնները, որոնք կատարուեցան Ռուսիոյ, Իրանի եւ Իրաքի կողմէ»: Ասատ Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ...

Պեն Ղաֆիր Աքսայի Մզկիթին Տեղ Հրէական  Տաճար Կառուցելու Մասին Կը Խօսի

Պեն Ղաֆիր Աքսայի Մզկիթին Տեղ Հրէական Տաճար Կառուցելու Մասին Կը Խօսի

Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար Պեն Ղաֆիր ձայնասփիւռի կայանի մը հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարեց, որ Աքսայի մզկիթին տեղ հրէական տաճար կը կառուցէր, եթէ որոշումը իրը ըլլար: Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակը հակիրճ յայտարարութիւն մը հրապարակելով նշեց, որ Աքսայի մզկիթին վերաբերեալ ներկայ կացութեան «որեւէ փոփոխութիւն չկայ»: Իսրայէլի ներքին գործոց նախարար Մոշէ Արիել իր կարգին ըսաւ. «Վարչապետ Նեթանիահուն պէտք է անմիջապէս չափ ու սահման...

Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը  Ուքրանիոյ Ուժանիւթի Կենսական Ենթակառոյցներու  Թիրախաւորումը Յայտարարեց

Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Ուքրանիոյ Ուժանիւթի Կենսական Ենթակառոյցներու Թիրախաւորումը Յայտարարեց

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ իր ուժերը երէկ առաւօտեան լայնածաւալ յարձակում շղթայազերծած են «ուքրանական ռազմական ճարտարարուեստի համալիրին կողմէ օգտագործուող» ուժանիւթի կենսական ենթակառոյցին վրայ: Հարուածը գործադրուած է գերճշգրիտ եւ հեռահար զէնքերով, որոնք կ՛արձակուին օդէն, ծովէն եւ անօդաչու թռչող սարքերով: «Յարձակումին բոլոր թիրախները հարուածուեցան», նշեց նախարարութիւնը: Ըստ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներուն, կիրակի օրուան ընթացքին ուքրանական բանակը 1930 զինուոր կորսնցուցած է: Ուքրանիոյ նախագահի...

Ֆրանչիսկոս Պապը Դատապարտած Է Ռուս  Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Դէմ Ուքրանիոյ Որոշումը

Ֆրանչիսկոս Պապը Դատապարտած Է Ռուս Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Դէմ Ուքրանիոյ Որոշումը

Ֆրանչիսկոս պապը 25 օգոստոսին դատապարտած է Քիեւի` Ուքրանիոյ մէջ Ռուս ուղղափառ եկեղեցւոյ հետ կապ ունեցող կրօնական կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը արգիլող որոշումը: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը: «Ոչ մէկ քրիստոնէական եկեղեցի կրնայ ուղղակի կամ անուղղակի կերպով վերացուիլ: Եկեղեցիներուն պէտք չէ դպչիլ», ըսած է պապը կիրակնօրեայ պատարագի ընթացքին: «Մտածելով Ուքրանիոյ մէջ վերջերս որդեգրուած օրէնքին մասին` ես կը վախնամ աղօթողներու ազատութեան վրայ», ըսած...

Թրամփ. «Աշխարհը Դէպի  Համաշխարհային Գ. Պատերազմ Կ՛երթայ»

Թրամփ. «Աշխարհը Դէպի Համաշխարհային Գ. Պատերազմ Կ՛երթայ»

Աշխարհը դէպի Համաշխարհային Գ. պատերազմ կ՛երթայ: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ գրած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի հանրապետական թեկնածու Տանըլտ Թրամփ: «Ո՞վ Միջին Արեւելքի մէջ մեզի համար բանակցութիւններ կը վարէ: Ամէնուր ռումբեր կը թափին: «Քնկոտ Ճոն Քալիֆորնիոյ լողափներէն մէկուն մէջ քնացած է` դեմոկրատականներու կողմէ վտարուած, իսկ ընկերուհի Քամալան նախընտրական փոխադրակառքով շրջագայութեան կ՛երթայ: Եկէք Համաշխարհային Գ. պատերազմ չարտօնենք, որովհետեւ ճիշդ հիմա այդտեղ կ՛երթանք»,...

Արաքժի. «Մեր Հակադարձութիւնը Ճշգրիտ Ու  Սերտուած Պիտի Ըլլայ, Եւ Բոլոր Հարցերը Նկատի Կ՛առնենք»

Արաքժի. «Մեր Հակադարձութիւնը Ճշգրիտ Ու Սերտուած Պիտի Ըլլայ, Եւ Բոլոր Հարցերը Նկատի Կ՛առնենք»

Իրանի նոր նշանակուած արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքժի յայտնեց. «Մեր անվտանգութեան ու գերիշխանութեան վրայ սիոնական գոյացութեան յարձակումը անպատասխան պիտի չմնայ»: «Մեր հակադարձութիւնը ճշգրիտ ու սերտուած պիտի ըլլայ, եւ բոլոր հարցերը նկատի կ՛առնենք», ըսաւ Արաքժի: Իրանի արտաքին գործոց նախարարը նշեց. «Մեր վրէժը պիտի լուծենք ճիշդ պահուն ու ճիշդ ձեւով, եւ այդ հարցին մէջ տատամսում չկայ»: «Պիտի չիյնանք այն թակարդին մէջ, որ...

Հայաստանի Պաշտօնատարները Արցախ Այցելելէ  Զերծ Մնալ Դարձեալ Զգուշացնելով.  «Ալիեւ Կարգավիճակի Հարցը Ուղարկած Է  Պատմութեան Աղբամանը»  Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Արտաքին  Գործոց Նախարարութիւնը

Պաքուն «Անբաղձալի Անձերու» Ցուցակին Վրայ Ներառած Է ԵԽԽՎ-ի Մէջ Ազրպէյճանի Պատուիրակութեան Դէմ Քուէարկած Անձերը

Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին (ԵԽԽՎ) մէջ Ազրպէյճանի պատուիրակութեան դէմ քուէարկած անձերը, ներառեալ վեհաժողովին մէջ Գերմանիոյ պատուիրակութեան ղեկավար Ֆրանք Շուապէն ներառուած են «անբաղձալի անձերու» ցուցակին վրայ: Այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ: «Եթէ այդ անձերը ԵԽԽՎ-ի մէջ մեր պատուիրակութեան լիազօրութեան վերականգնումէն առաջ Ազրպէյճան հասնին, անոնց արտօնութիւն պիտի չտանք երկիր մուտք գործելու», ըսած է ան` անդրադառնալով ՔՈՓ29-ին...

Թուրքիոյ Եւ Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարները  Քննարկած Են Կազայի Եւ Շրջանի Մէջ Կացութիւնը

Թուրքիոյ Եւ Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Քննարկած Են Կազայի Եւ Շրջանի Մէջ Կացութիւնը

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան եւ Իրանի նոր նշանակուած արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքժի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են: Անոնք քննարկած են Կազայի եւ շրջանին մէջ արձանագրուած զարգացումները: Այս մասին հաղորդեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:    

Ալիեւ. «Ազրպէյճանն Ու Ուքրանիան Փոխադարձ  Աջակցութիւն Կը Ցուցաբերեն Տարածքային  Ամբողջականութեան Եւ Գերիշխանութեան Հարցերուն Մէջ»

Ալիեւ. «Ազրպէյճանն Ու Ուքրանիան Փոխադարձ Աջակցութիւն Կը Ցուցաբերեն Տարածքային Ամբողջականութեան Եւ Գերիշխանութեան Հարցերուն Մէջ»

Ազրպէյճանն ու Ուքրանիան իրարու կը կապեն հարուստ աւանդութիւններով բարեկամական յարաբերութիւնները: Այս մասին Ուքրանիոյ ազգային տօնի` Անկախութեան օրուան վերաբերեալ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի ուղղուած շնորհաւորական ուղերձին մէջ գրած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ: «Ազրպէյճանն ու Ուքրանիան փոխադարձ աջակցութիւն եւ համերաշխութիւն կը ցուցաբերեն տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան հարցերուն մէջ` ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան, միջազգային արժեչափերուն ու սկզբունքներուն համապատասխան: Մտադրութիւն կ՛արտայայտենք հետագային եւս գործադրել բոլոր ջանքերը...

Page 135 of 882 1 … 134 135 136 … 882

Արխիւներ