Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի երէկ ընդունեց Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանն ու անոր կառավարութեան անդամները:
Խամենէի ողջունեց Իրանի զինուորական ուժը եւ երկրին մէջ գիտական զարգացումը` նշելով, որ Իրանի կարողութիւնը քիչ բան մը չէ:
Խամենէի իր խօսքը ներկաներուն ուղղելով ըսաւ. «Թշնամիներուն վրայ յոյս մի՛ դնէք եւ երկրի ծրագիրին յառաջ մղման համար անոնց համաձայնութեան մի՛ սպասէք»` աւելցնելով. «Ատիկա որոշ տեղեր այդ թշնամիին հետ գործակցելուն չի հակասեր, սակայն անոր վրայ վստահութիւն մի՛ ունենաք»: