Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գահիրէի Մէջ Բանակցութիւնները Անելի Մատնուեցան. Թեքնիք Պատուիրակութիւնները Կը Շարունակեն Բանակցիլ

Օգոստոս 27, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գահիրէի մէջ պաղեստինեան Համաս շարժումի եւ Իսրայէլի միջեւ Միացեալ Նահանգներու, Եգիպտոսի եւ Քաթարի միջնորդութեամբ բանակցութիւնները անգամ մը եւս անելի մատնուեցան` Իսրայէլի Ֆիլատելֆիա միջանցքէն հեռանալ մերժելուն պատճառով:

Գահիրէի մէջ կիրակի օրուան բանակցութիւնները վճռորոշ կը նկատուէին, սակայն որեւէ յառաջընթացի չյանգեցան, եւ պաշտօնական պատուիրակութիւնները հեռացան Եգիպտոսի մայրաքաղաքէն:

Իսրայէլացի պաշտօնատար մը իսրայէլեան «Ուալլա» կայքին յայտնեց, որ երկու կողմերուն միջեւ տարակարծութիւնները կը գոյատեւեն:

Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանը, մէջբերելով պաշտօնատարներ, հաղորդեց, որ Գահիրէի բանակցութիւններուն գերիներու փոխանակման գործարքի յանգելու կարելիութիւնը չնչին է: Ըստ կայանին, իսրայէլեան պատուիրակութեան տրուած լիազօրութիւնը Ֆիլատելֆիա միջանցքին վերաբերեալ փոխզիջումնային լուծումի հասնիլ չ՛արտօներ: Կայանը աւելցուց, որ իսրայէլեան թեքնիք պատուիրակութիւնը տակաւին կը գտնուի Գահիրէ` բանակցութիւնները շարունակելու եւ գործարքի շուրջ բացերը կրճատելու համար:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Սի.Էն.Էն.»-ին վստահեցուց, որ քննարկումները յառաջիկայ օրերուն պիտի շարունակուին, եւ բանակցող խումբերը Գահիրէ պիտի մնան` մնացեալ հարցերը լուծելու համար:

Համաս շարժումէն պաշտօնատար մը թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ եգիպտացի եւ քաթարցի միջնորդները Համասի Գահիրէ գտնուող պատուիրակութեան ներկայացուցած են նոր առաջարկ մը, որ մնայուն զինադադար եւ Կազայէն իսրայէլեան բանակի ամբողջական հեռացում չի պարունակեր:

Աւելի՛ն, այդ առաջարկը Իսրայէլին կ՛արտօնէ վերահսկողութիւն հաստատել 14 քիլոմեթր երկարութիւն ունեցող Կազա-Եգիպտոս սահմանին վրայ, ինչպէս նաեւ Կազայի մէջ իսրայէլեան զինուորական ներկայութիւն կը պարունակէ:

Համաս Գահիրէի բանակցութիւններէն առաջ յայտարարած էր, որ յանձնառու է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի 2 յուլիսին յայտարարած առաջարկին, որուն համաձայն գտնուեցաւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը:

Ուաշինկթընի մէջ Իսրայէլի դեսպան Մայքըլ Հերցոկ «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Ֆիլատելֆիա միջանցքին վրայ մեր ուժերու կրճատման համաձայն գտնուեցանք, սակայն ներկայ փուլին ստիպուած չենք այդտեղէն հեռանալու»:

Համաս շարժումի ղեկավարներէն Ուսամա Համտան շարժումին պատկանող «Աքսա» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց. «Բռնագրաւումը համաձայնութիւնը ընդունելու համար նոր պայմաններ ճշդեց եւ նախապէս իր համաձայն գտնուածէն ետդարձ կատարեց»:

«Բռնագրաւումը Ֆիլատելֆիա միջանցքին մէջ դիրքերու փոփոխութեան եւ Ռաֆահ սահմանային անցքի ոչ պաղեստինեան ղեկավարման մասին կը խօսի», ըսաւ Համտան` աւելցնելով. «Ամերիկեան վարչակազմը ընտրական հաշիւներով մօտալուտ համաձայնութեան մասին խօսելով կեղծ յոյսեր կը յառաջացնէ»:

Եգիպտացի պաշտօնատարներ իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթին յայտնեցին. «Գահիրէի մէջ բանակցութիւնները առանց համաձայնութեան աւարտեցան, եւ որեւէ զիջում կատարել չընդունուեցաւ»:

Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը իր կարգին նշեց, որ «Իսրայէլեան պատուիրակութեան Թել Աւիւ վերադարձը բանակցութիւններուն մէջ ճգնաժամ չի նշանակեր, եւ բանակցութիւնները յառաջիկայ օրերուն պիտի շարունակուին»` աւելցնելով. «Գահիրէի բանակցութիւններուն մէջ որեւէ բեկում չարձանագրուեցաւ»:

Բարձրաստիճան աղբիւր մը եգիպտական հետախուզութեան մօտիկ եղող «Գահիրա Իխպարիա» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է. «Եգիպտոս բոլոր առնչակից կողմերուն վերահաստատեց, որ Ռաֆահի անցակէտին կամ Ֆիլատելֆիա միջանցքին վրայ իսրայէլեան որեւէ ներկայութիւն չ՛ընդունիր»:

«Եգիպտոս Կազայի մէջ տագնապի երկու կողմերուն միջեւ միջնորդութիւնը կը կատարէ իր ազգային անվտանգութեան եւ եղբայրական պաղեստինցի ժողովուրդի շահերու պահպանման համահունչ կերպով», աւելցուցած է աղբիւրը:

 

 

Նախորդը

Արաքժի. «Իրան Մագլցումի Չի Ձգտիր, Եւ Անոր Հակադարձութիւնը Պիտի Ըլլայ Ճշգրիտ Ու Հաշուարկուած»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?