Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արաքժի. «Իրան Մագլցումի Չի Ձգտիր, Եւ Անոր Հակադարձութիւնը Պիտի Ըլլայ Ճշգրիտ Ու Հաշուարկուած»

August 27, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքժի իր իտալացի պաշտօնակից Անթոնիօ Թայանիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին շեշտեց. «Սիոնական գոյացութեան Թեհրանի մէջ գործած ահաբեկչական արարքին Իրանի հակադարձութիւնը պիտի ըլլայ հաստատ, ճշգրիտ եւ հաշուարկուած»:

«Իրան, ի տարբերութիւն սիոնական գոյացութեան, լարուածութեան ընդլայնման չի ձգտիր, թէեւ ատկէ չի վախնար», ըսաւ իրանեան դիւանագիտութեան պետը:

Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին շնորհաւորեց Արաքժին արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին նշանակման առիթով եւ մտահոգութիւն յայտնեց «շրջանին մէջ անվտանգութեան բացակայութեան տարածքի ընդլայնման» նկատմամբ:

Ան բոլոր կողմերուն կոչ ուղղեց ինքնազսպում ցուցաբերելու եւ լարուածութիւնը մեղմացնելու:

Երկու կողմերը հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին շեշտեցին երկկողմանի յարաբերութիւնները ընդլայնելու եւ երկու երկիրներուն միջեւ խորհրդակցութիւնները շարունակելու կարեւորութիւնը:

Իրանի զինեալ ուժերու ընդհանուր հրամանատար հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Պաքրի երէկ յայտարարեց. «Հանիէին վրէժի լուծումը հաստատ է եւ դիմադրութեան առանցքը, ինչպէս երէկ տեսանք, անկախ կերպով պիտի գործէ»:

Կովկասը Իրանի Համար Աշխարհաքաղաքական
Եւ Ռազմավարական Նշանակութիւն Ունի

Իրանի արտաքին գործոց նախարարը, ամփոփելով Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ իր ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն արդիւնքները, «Էքս»-ի վրայ գրած է, որ Կովկասը Իրանի համար աշխարհաքաղաքական եւ ռազմավարական նշանակութիւն ունի:

«Երէկ եւ այսօր հեռաձայնով զիս շնորհաւորած են Ազրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարները: Կովկասեան շրջանը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան համար աշխարհաքաղաքական ու ռազմավարական նշանակութիւն ունի:

«Պատմական, մշակութային եւ աշխարհագրական մօտիկութիւնը կրկնապատկած է շրջանի երկիրներուն հետ յարաբերութիւններու ընդլայնման կարեւորութիւնը», գրած է իրանեան դիւանագիտութեան պետը:

Նախորդը

Շուապէ Կը Դատապարտէ ԵԽԽՎ-ի Երեսփոխաններու Ազրպէյճան Մուտքի Արգելքը

Յաջորդը

Գահիրէի Մէջ Բանակցութիւնները Անելի Մատնուեցան. Թեքնիք Պատուիրակութիւնները Կը Շարունակեն Բանակցիլ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Իրանեան Ուղերձներ`  Սպառնական-Գործակցային Ոճով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Իրանեան Ուղերձներ` Սպառնական-Գործակցային Ոճով

November 13, 2026
Փութինի Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներուն  Միջեւ Հանդիպումի Ընթացքին.  Համաձայնութիւն Եռակողմ  Բանակցութիւններու Նոր Փուլի Եւ Անոր  Եւրոպացիներու Մասնակցութեան Շուրջ
Գլխաւոր լուրեր

Փութինի Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներուն Միջեւ Հանդիպումի Ընթացքին. Համաձայնութիւն Եռակողմ Բանակցութիւններու Նոր Փուլի Եւ Անոր Եւրոպացիներու Մասնակցութեան Շուրջ

November 13, 2026
Թրամփ. «Աշխատանք Կը Տանինք Իրանի Վրայ  Ամբողջական Յաղթանակ Արձանագրելու»
Միջազգային

Թրամփ. «Աշխատանք Կը Տանինք Իրանի Վրայ Ամբողջական Յաղթանակ Արձանագրելու»

November 13, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.