Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) գերմանական պատուիրակութեան ղեկավար Ֆրանք Շուապէ դատապարտած է պաշտօնական Պաքուի որոշումը` արգիլելու մուտքը կառոյցի այն անդամներուն, որոնք կողմ քուէարկած են ազրպէյճանական պատուիրակութեան լիազօրութիւններու դադրեցման:
Այդ որոշումին կողմ քուէարկած էր 76 երեսփոխան, 10-ը` դէմ, 4` ձեռնպահ:
«Ժողովրդավարական երկիրներուն մէջ մուտքի արգելքներ կը կիրարկուին միայն ծայրայեղականներու եւ բռնի յանցագործներու համար», «Էքս»-ի մէջ գրած է Պաքուի նկատմամբ պատժամիջոցը նախաձեռնած գերմանացի քաղաքական գործիչը:
Աւելի կանուխ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ յայտարարած էր, որ ԵԽԽՎ-էն ազրպէյճանական պատուիրակութիւնը վտարելուն կողմ քուէարկած երեսփոխանները Ազրպէյճանի մէջ անցանկալի անձ յայտարարուած են, անոնց մուտքը երկիր պիտի արգիլուի, այնքան ատեն որ ԵԽԽՎ-ի մէջ ազրպէյճանական պատուիրակութեան լիազօրութիւնը չէ վերականգնած:


