Միջազգային

Էրտողան. «Ազրպէյճանի Հետ Միասին Կ՛աջակցինք  Իրաւահաւասարութեան Եւ Միասնութիւն Կը Ցուցաբերենք Թրքական Բոլոր Պետութիւններուն Հետ»

Էրտողան. «Ազրպէյճանի Հետ Միասին Կ՛աջակցինք Իրաւահաւասարութեան Եւ Միասնութիւն Կը Ցուցաբերենք Թրքական Բոլոր Պետութիւններուն Հետ»

Ազրպէյճանի հետ միասին մենք կ՛աջակցինք իրաւահաւասարութեան եւ միասնութիւն կը ցուցաբերենք թրքական բոլոր պետութիւններուն հետ: Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան: «Ինչպէս մենք միաւորուած ենք մեր սիրելի Ազրպէյճանի հետ` առաջնորդուելով «երկու պետութիւն` մէկ ազգ» կարգախօսով, այնպէս ալ մեր սիրտը կը բաբախէ թրքական այլ պետութիւններու մէջ ապրող մեր թուրք եղբայրներուն համար», ընդգծած է Էրտողան:  

Իսրայէլեան Բանակը Հեռացաւ Խան Եունեսի  Կեդրոնական Ու Արեւելեան  Շրջաններու Մեծամասնութենէն

Իսրայէլեան Բանակը Հեռացաւ Խան Եունեսի Կեդրոնական Ու Արեւելեան Շրջաններու Մեծամասնութենէն

Իսրայէլեան բանակը երէկ հեռացաւ Կազայի հարաւային շրջանին մէջ Խան Եունեսի կեդրոնական ու արեւելեան շրջաններու մեծամասնութենէն` իր ետին ձգելով հսկայական աւեր: Երէկ արշալոյսին 5 քաղաքացիներ, ներառեալ մանուկ մը, զոհուած են, երբ իսրայէլեան օդուժը Խան Եունեսի Ժապալիա գաղթակայանը ռմբակոծեց: Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը հաղորդեց, որ իսրայէլացի պաշտօնատարներ յայտնած են, որ նախարարաց սեղմ խորհուրդի անդամները որոշած են վաւերացնել Ֆիլատելֆիա միջանցքին վրայ վերահսկողութիւնը պահելու որոշումը:...

Ըստ «Սի. Էն. Էն. Թիւրք»-ի.  Թուրքիան Սուրիոյ Հետ Յարաբերութիւններուն  Կարգաւորման Համար 4 Պայման Նշած Է

Ըստ «Սի. Էն. Էն. Թիւրք»-ի. Թուրքիան Սուրիոյ Հետ Յարաբերութիւններուն Կարգաւորման Համար 4 Պայման Նշած Է

Անգարան Դամասկոսի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու չորս պայման ճշդած է: «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի կը տեղեկացնէ, թէ այս մասին կը հաղորդէ «Սի.Էն.Էն. Թիւրք»-ը` վկայակոչելով Անգարայի դիւանագիտական աղբիւրները: «Ըստ աղբիւրներու, յարաբերութիւնները մինչեւ 2011 թուականին գոյութիւն ունեցած մակարդակին վերադարձնելու ուղին կ՛անցնի չորս հիմնական պայմաններէ. «Այսինքն` Թուրքիան յարաբերութիւններու կարգաւորումէն չորս հիմնական ակնկալիք ունի», կը հաղորդէ «Սի.Էն.Էն.Թիւրք»: Անգարան Դամասկոսէն կ՛ակնկալէ. 1.- Ահաբեկչական տարրերու ամբողջական ոչնչացում` Սուրիոյ տարածքային...

Ֆիտան. «Եւրոպական Միութեան Հետ  Մեր Յարաբերութիւններու Բարելաւումը  Պէտք Չէ Կիպրական Խնդիրին Կապել»

Ֆիտան. «Եւրոպական Միութեան Հետ Մեր Յարաբերութիւններու Բարելաւումը Պէտք Չէ Կիպրական Խնդիրին Կապել»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ոչ պաշտօնական ժողովին մասնակցելէ ետք յայտնեց. «Ժողովը կարեւոր էր վերակենդանացնելու համար Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ յարաբերութիւնները»: Ան նաեւ նշեց. «Եւրոպական կողմը որոշ ատենէ ի վեր Թուրքիան այս ժողովներուն չէր հրաւիրեր, ուստի Թուրքիա ժողովին հրաւիրելը դրական զարգացում է»: «Ժողովը մանրամասն կերպով քննարկեց Թուրքիոյ եւ Եւրոպական...

Ռուսիան Լիակատար Կերպով Կ՛աջակցի  Ազրպէյճանի` ՊՐԻՔՍ-ին Անդամակցութեան

Ռուսիան Լիակատար Կերպով Կ՛աջակցի Ազրպէյճանի` ՊՐԻՔՍ-ին Անդամակցութեան

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով «Վեսթնիք Քաւքազա»-ին յայտնած է, որ Ռուսիոյ իշխանութիւնները լիակատար կերպով կ՛աջակցին Ազրպէյճանի` ՊՐԻՔՍ-ին համարկուելու հարցին մէջ: Անոր համաձայն, Պաքուի` ՊՐԻՔՍ-ին անդամակցութեան հեռանկարը պիտի ուրուագծուի Քազանի մէջ տեղի ունենալիք վեհաժողովի ընթացքին: «Մենք կ՛ողջունենք մեր ազրպէյճանցի գործընկերներուն ուղերձը: Ազրպէյճանի դիմումը ընդունուած է Ռուսիոյ նախագահութեան կողմէ, եւ մենք զայն պիտի քննարկենք ՊՐԻՔՍ-ի բոլոր մասնակից անդամ երկիրներուն հետ: Անշուշտ,...

Պորել. «Այսրյորդանանի Մէջ Իսրայէլեան  Գործողութիւնը Կազայի Պատերազմը  Ընդլայնելու Նախերգանք Պէտք Չէ Ըլլայ»

Պորել. «Այսրյորդանանի Մէջ Իսրայէլեան Գործողութիւնը Կազայի Պատերազմը Ընդլայնելու Նախերգանք Պէտք Չէ Ըլլայ»

Եւրոպական Միութեան արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել յայտնեց. «Այսրյորդանանի մէջ իսրայէլեան գործողութիւնը պէտք չէ Կազայի պատերազմը ընդլայնելու նախերգանք ըլլայ»: «Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարի պաղեստինցիները հեռացնելու գաղափարը կը սպառնայ աւելցնել կայունութեան քայքայման սպառնալիքը», նշեց Պորել: Իսրայէլեան բանակը յայտարարած էր, որ Այսրյորդանանի Ժենին եւ Թուլքարմ շրջաններուն մէջ զինեալներու դէմ լայնածաւալ գործողութիւն շղթայազերծած է: Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, գործողութիւնը...

Սեժուռնէ. «Կը Զօրակցինք Կազայի Մէջ Զինադադարի  Հաստատման Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու,  Քաթարի Եւ Եգիպտոսի Ղեկավարած Միջնորդութեան»

Սեժուռնէ. «Կը Զօրակցինք Կազայի Մէջ Զինադադարի Հաստատման Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու, Քաթարի Եւ Եգիպտոսի Ղեկավարած Միջնորդութեան»

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Սթեֆան Սեժուռնէ յայտարարեց. «Քաթարի արտաքին գործոց նախարարին հետ քննարկումներուս ընթացքին ողջունեցի Կազայի հարցով բանակցութիւններուն մէջ Տոհայի դերակատարութիւնը»: «Մենք կը զօրակցինք Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու, Քաթարի եւ Եգիպտոսի ղեկավարած միջնորդութեան», նշեց Սեժուռնէ: Իսրայէլեան լաւատեղեակ աղբիւրներ, սակայն, իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին յայտնեցին. «Ֆիլատելֆիա միջանցքէն հեռացման հարցին մէջ յառաջընթաց չարձանագրուելուն եւ Կազայի մէջ պատերազմին վերջ տալու...

Հուսի. «Իսրայէլացի Թշնամիին Հակադարձման  Պատրաստութիւնը Կը Շարունակուի, Եւ Ժամկէտը  Անոր Համար Անակնկալ Պիտի Ըլլայ»

Հուսի. «Իսրայէլացի Թշնամիին Հակադարձման Պատրաստութիւնը Կը Շարունակուի, Եւ Ժամկէտը Անոր Համար Անակնկալ Պիտի Ըլլայ»

Եմէնի հուսիներու «Անսարուլլա» շարժումին ղեկավար Ապտելմալեք Պատրէտտին Հուսի շեշտեց. «Իսրայէլացի թշնամին բոլոր կարմիր գիծերը անցաւ եւ առանց որեւէ նկատառումի կ՛ոտնահարէ բոլոր օրէնքներն ու անգիր օրէնքները»: Ան Կազայի մէջ իսրայէլեան պատերազմին շուրջ պատկերասփռուած ուղերձի մը ընթացքին յայտնեց. «Կազայի մէջ զարգացումներն ու անոնց Այսրյորդանան տարածուիլը երեւոյթներ են, որոնք մեզի ցոյց կու տան իսրայէլացի թշնամիին իսկութիւնն ու վտանգը»: «Աքսայի մզկիթ ներխուժումներէն աւելի վտանգաւորը...

«Հանիէի Ահաբեկման Ոճիրին Սերտուած Կերպով  Ու Հաստատօրէն Պիտի Հակադարձենք»  Կ՛ըսէ Իրանի Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը

«Հանիէի Ահաբեկման Ոճիրին Սերտուած Կերպով Ու Հաստատօրէն Պիտի Հակադարձենք» Կ՛ըսէ Իրանի Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը

Իրանի զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Պաքրի յայտարարեց. «Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէի Թեհրանի մէջ ահաբեկման սիոնական գոյացութեան ոճիրին սերտուած կերպով ու հաստատօրէն պիտի հակադարձենք»: Այս մասին հաղորդեց ԻՐՆԱ-ն: «Աքսայի ջրհեղեղ» գործողութենէն ետք շրջանին մէջ տագնապալի պայմաններէ կ՛անցնինք, իսկ սիոնական գոյացութիւնը գոյութենական վտանգ կը զգայ եւ վտանգաւոր պայմաններու մէջ է, ուստի չի տատամսիր իր ամօթալի կեանքը շարունակելու...

«Անդրկովկասի Մէջ Կացութիւնը Լարուած Է, Այնտեղ  Արեւմուտքը Կը Ձգտի Մեծցնել Իր Ազդեցութիւնը»  Կ՛ըսէ ՀԱՊԿ-ի Սպայակոյտի Պետը

«Անդրկովկասի Մէջ Կացութիւնը Լարուած Է, Այնտեղ Արեւմուտքը Կը Ձգտի Մեծցնել Իր Ազդեցութիւնը» Կ՛ըսէ ՀԱՊԿ-ի Սպայակոյտի Պետը

Աշխարհի վրայ անկայուն աշխարհաքաղաքական կացութիւնը պիտի պահպանուի: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է ՀԱՊԿ-ի միացեալ սպայակոյտի պետ Անտրէյ Սերտիուքով: «Բարդ կացութիւն կը շարունակէ մնալ Անդրկովկասի մէջ, ուր Արեւմուտքը կը ձգտի մեծցնել իր ազդեցութիւնը, եւ Կեդրոնական Ասիոյ շրջանին մէջ», յայտարարած է Սերտիուքով:  

Տուրովին 5 Միլիոն Եւրոյի Չափով Գրաւ  Նշանակած Են. Ան Չի Կրնար Ֆրանսայէն Հեռանալ

Տուրովին 5 Միլիոն Եւրոյի Չափով Գրաւ Նշանակած Են. Ան Չի Կրնար Ֆրանսայէն Հեռանալ

Փաւել Տուրով դատական վերահսկողութեան տակ վերցուած է, անոր արգիլուած է լքել Ֆրանսայի տարածքը եւ պէտք է 5 միլիոն եւրոյի չափով գրաւ վճարէ: Գրաւի դիմաց ազատ արձակուելէ ետք Տուրով պէտք է շաբաթը երկու անգամ ներկայանայ ոստիկանութիւն: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ Փարիզի դատախազութիւնը: Դատախազութեան համաձայն, Տուրով կը մեղադրուի վեց յանցագործութեան մէջ, ներառեալ ապօրինի գործարքներ կատարելու նպատակով առցանց...

Եւրոպական Միութիւնը Մտահոգուած Է Վրաստանի  Իշխանութիւններու Ընդդիմադիր Կուսակցութիւնները  Արգիլելու Յայտարարութիւններով

Եւրոպական Միութիւնը Մտահոգուած Է Վրաստանի Իշխանութիւններու Ընդդիմադիր Կուսակցութիւնները Արգիլելու Յայտարարութիւններով

Եւրոպական Միութիւնը մտահոգուած է Վրաստանի վարչապետի եւ «Վրացական երազանք» կուսակցութեան այլ ներկայացուցիչներու ընդդիմադիր կուսակցութիւններու արգիլման վերաբերեալ յայտարարութիւններով: Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան հարցերով բանբեր Փեթեր Սթանօ Թիֆլիսին յիշեցուցած է «անհրաժեշտութեան մասին յարգելու ժողովրդավարութեան հիմնական սկզբունքները, որոնց հիմնական տարրերէն մէկը քաղաքական բազմակարծութիւնն է»: «Ամուր եւ համախմբուած ժողովրդավարական կառոյցներն ու հոլովոյթները առանցքային են Եւրոպական Միութեան անդամակցելու հոլովոյթին մէջ», ըսած է ան: Փեթեր Սթանօ...

Քըրպի. «Միացեալ Նահանգներ Իրանին  Կոչ Կ՛ուղղեն Հրաժարելու Իսրայէլի  Վրայ Հաւանական Յարձակումէն»

Քըրպի. «Միացեալ Նահանգներ Իրանին Կոչ Կ՛ուղղեն Հրաժարելու Իսրայէլի Վրայ Հաւանական Յարձակումէն»

Միացեալ Նահանգներ Իրանին կոչ կ՛ուղղեն հրաժարելու Իսրայէլի վրայ հաւանական յարձակումէն եւ հաւատարիմ կը մնան իսրայէլեան տարածքի պաշտպանութեան` նման յարձակման պարագային: Այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ռազմավարական հաղորդակցութիւններու համակարգող Ճոն Քըրպի: «Իրանին ուղղուած մեր ուղերձը անփոփոխ է եւ այդպէս ալ պիտի մնայ: Մենք կոչ կ՛ուղղենք ատիկա չընելու: Լարուածութիւնը մեծցնելու պատճառ չկայ: Շրջանային պատերազմ սկսելու որեւէ պատճառ չկայ:...

«Մեր Վրիժառութիւնը Անակնկալ Պիտի Ըլլայ,  Եւ Սիոնական Վարչակարգը Պէտք Է  Սարսափահար Վիճակի Մէջ Մնայ»  Կ՛ըսէ Իրանի Պաշտպանութեան Փոխնախարարը

«Մեր Վրիժառութիւնը Անակնկալ Պիտի Ըլլայ, Եւ Սիոնական Վարչակարգը Պէտք Է Սարսափահար Վիճակի Մէջ Մնայ» Կ՛ըսէ Իրանի Պաշտպանութեան Փոխնախարարը

Իրանի պաշտպանութեան փոխնախարար գնդապետ-զօրավար Հիժաթալլա Քուրէյշի շեշտեց, որ Իրանի ռազմարդիւնաբերութիւնը այլեւս ամբողջութեամբ տեղական արտադրութիւն դարձած է: «Հակառակ պատժամիջոցներուն եւ հսկայական ու անարդար սահմանափակումներուն, ռազմարդիւնաբերութեան մէջ ինքնաբաւութեան իրագործումը իսլամական յեղափոխութեան կարեւորագոյն ձեռքբերումներէն մէկն է», ըսաւ ան: «Այդպիսի կարողութիւններու հասնիլը Իրանը շրջանին մէջ ազդու եւ ճակատագրական դերակատարի վերածեց», յայտնեց Քուրէյշի: Անդրադառնալով Թեհրանի մէջ պաղեստինեան Համաս շարժումի քաղաքական գրասենեակի ղեկավար Իսմայիլ Հանիէի սպանութեան`...

Ռուսական Բանակը Իր Վերահսկողութեան  Տակ Առած Է Տոնեցքի Քամիշիւքա Գիւղը

Ռուսական Բանակը Իր Վերահսկողութեան Տակ Առած Է Տոնեցքի Քամիշիւքա Գիւղը

Այս պահուս Ուքրանիոյ վերաբերեալ բանակցութիւններու նախադրեալներ չկան: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով: «Ներկայ պահուս աւելի քան ակնյայտ է, որ նման բանակցութիւններու համար որեւէ նախադրեալ չկայ», ըսած է Քրեմլինի բանբերը: Փեսքով միեւնոյն ժամանակ տեղեկացուցած է, որ Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Ուքրանիոյ վերաբերեալ...

Կրոսի. «Եթէ Քուրսքի Հիւլէական Կայանին  Վրայ Արտաքին Ազդեցութիւն Ըլլայ, Հետեւանքները  Կրնան Չափազանց Լուրջ Ըլլալ»

Կրոսի. «Եթէ Քուրսքի Հիւլէական Կայանին Վրայ Արտաքին Ազդեցութիւն Ըլլայ, Հետեւանքները Կրնան Չափազանց Լուրջ Ըլլալ»

Եթէ Քուրսքի հիւլէական կայանին վրայ արտաքին ազդեցութիւն ըլլայ, հետեւանքները կրնան չափազանց լուրջ ըլլալ: Այս մասին յայտարարած է Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան ղեկավար Ռաֆայէլ Կրոսի: «Քուրսքի մէջ հաւանական կացութիւնը Չեռնոպիլի հետ համեմատելը կանուխ է», յայտնած է ան: Յայտնենք, որ ՄԱԿ-ի կազմին մէջ գործող Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան տնօրէն Ռաֆայէլ Կրոսի 27 օգոստոսին Քուրսքի հիւլէական կայան այցելեց:  

Քաց. «Պէտք Է Այսրյորդանանի Մէջ Սպառնալիքին Հետ  Վարուինք Կազայի Մէջ Մեր Կիրարկած Ձեւով»

Քաց. «Պէտք Է Այսրյորդանանի Մէջ Սպառնալիքին Հետ Վարուինք Կազայի Մէջ Մեր Կիրարկած Ձեւով»

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եիսրայէլ Քաց մեկնաբանեց բռնագրաւեալ Այսրյորդանանի մէջ իսրայէլեան բանակի գործողութիւնը` յայտնելով, որ Իսրայէլ պէտք է ժամանակաւորապէս հեռացնէ պաղեստինցիները «կամ պէտք եղած որեւէ այլ քայլի դիմէ» եւ սպառնալիքին հետ վարուի Կազայի մէջ կիրարկուած ձեւով: «Իրան աշխատանք կը տանի Այսրյորդանանի մէջ ահաբեկչական արեւելեան ճակատ ստեղծելու, հետեւելով Կազայի եւ Լիբանանի օրինակին, այդ ալ, ֆինանսաւորում կատարելով, ահաբեկիչները զինելով եւ Յորդանանէն արդիական...

Զելենսքի. «Ուքրանիան Միացեալ Նահանգներուն  Պիտի Ներկայացնէ Յաղթանակի Հասնելու Սեփական Ծրագիրը»

Զելենսքի. «Ուքրանիան Միացեալ Նահանգներուն Պիտի Ներկայացնէ Յաղթանակի Հասնելու Սեփական Ծրագիրը»

Քիեւ սեպտեմբերին Միացեալ Նահանգներուն պիտի ներկայացնէ յաղթանակի հասնելու սեփական ծրագիր: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսած է Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի: «Քուրսքի շրջանը ներառուած է մեր ծրագիրին մէջ` Ուքրանիոյ յաղթանակի ծրագիրին մէջ: Ասիկա կրնայ ոմանց համար չափազանց յաւակնոտ թուիլ, սակայն անիկա մեզի համար կարեւոր ծրագիր է», ըսած է ան: Ծրագիրի երկրորդ ուղղութիւնը «աշխարհի անվտանգութեան ենթակառոյցին մէջ Ուքրանիոյ ռազմավարական տեղն է»,...

Զախարովա. «Միջին Արեւելքը Հասաւ Վտանգաւոր Կէտի,  Եւ Ամերիկեան Զինուորական Կուտակումը  Յաւելեալ Մագլցումով Կը Սպառնայ»

Զախարովա. «Միջին Արեւելքը Հասաւ Վտանգաւոր Կէտի, Եւ Ամերիկեան Զինուորական Կուտակումը Յաւելեալ Մագլցումով Կը Սպառնայ»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտնեց. «Միջին Արեւելքը հասաւ վտանգաւոր կէտի, եւ ատիկա յղի է հակակշիռէ դուրս յաւելեալ մագլցումով, որ կրնայ մեծ պատերազմի յանգեցնել»: Զախարովա «Սփութնիք»-ին յայտնեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ ներկայ մագլցումը վտանգաւոր է, իսկ Կազայի մէջ արիւնահեղութիւնը աննախադէպ է` աւելցնելով, որ մագլցումը «մեծ մասամբ հետեւանք է Միացեալ Նահանգներու շրջանին վրայ իր տիրապետութիւնը պահպանելու փափաքին»: «Իսրայէլի եւ...

Իրան Խոստացած Է Աջակցիլ Համասի  Եւ Իսրայէլի Միջեւ Որեւէ Համաձայնագիրի

Իրան Խոստացած Է Աջակցիլ Համասի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Որեւէ Համաձայնագիրի

Իրան պիտի աջակցի պաղեստինեան Համաս շարժումին եւ Իսրայէլի միջեւ զինադադարի որեւէ համաձայնագիրի, որուն պայմանները ընդունելի պիտի ըլլան պաղեստինցիներուն համար: Այս մասին յայտնեց Իրանի իսլամական հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքժի` Համասի քաղաքական գրասենեակի անդամ Խալիլ Հայէի հետ զրոյցի ընթացքին: Այս մասին կը հաղորդէ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: «Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը պիտի աջակցի պաղեստինեան արմատական Համաս շարժումին եւ Իսրայէլի միջեւ որեւէ...

Page 134 of 882 1 … 133 134 135 … 882

Արխիւներ