Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պայտըն Եւ Մոտի Հաստատակամութիւն Կը Յայտնեն` Աջակցելու Ռուս-Ուքրանական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման

August 28, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն եւ Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտի 26 օգոստոսին տեղի ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին հաւաստած են, որ կ՛աջակցին Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ տագնապի խաղաղ լուծման: Այս մասին կը նշուի Սպիտակ տան մամլոյ ծառայութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:

Պայտըն Մոտիի հետ քննարկած է Հնդկաստանի վարչապետի Լեհաստան եւ Ուքրանիա այցելութիւնը, ինչպէս նաեւ սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին մէջ տեղի ունենալիք հանդիպումը:

Ըստ Սպիտակ տան, Միացեալ Նահանգներու նախագահը բարձր գնահատած է Մոտիի ուղեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ «անոր խաղաղութեան ուղերձն ու Ուքրանիոյ տրամադրուող շարունակական մարդասիրական օգնութիւնը ի միջի այլոց նաեւ ուժանիւթի մարզին մէջ»:

«Ղեկավարները հաստատած են տագնապի խաղաղ լուծման իրենց անփոփոխ աջակցութիւնը` միջազգային օրէնքին համապատասխան եւ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան հիման վրայ», ընդգծուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Մոտի իր կարգին «Էքս»-ի վրայ գրած է, որ Պայտընի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած է շրջանային եւ համաշխարհային տարբեր հարցեր, ներառեալ Ուքրանիոյ եւ Պանկլատեշի մէջ տիրող կացութիւնը:

1992 թուականին Քիեւի եւ Նիւ Տելհիի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով Հնդկաստանի վարչապետը 23 օգոստոսին այցելած էր Ուքրանիա, որմէ առաջ նաեւ այցելած էր Լեհաստան:

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հետ հանդիպումի ժամանակ Մոտի յայտնած էր, որ Հնդկաստանը պատրաստ է գործօն դեր խաղալ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ խաղաղութեան հասնելու որեւէ ջանքի մէջ:

Հնդկաստանի վարչապետը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է նաեւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ու վերահաստատած Հնդկաստանի լիակատար աջակցութիւնը խաղաղութեան եւ կայունութեան շուտափոյթ վերականգնման:

 

 

Նախորդը

Վոլոտին. «Պայտըն Կ՛ուզէ Նախագահական Ընտրութենէն Առաջ Վերահսկողութեան Տակ Առնել «Թելեկրամ»-ը»

Յաջորդը

ԵԽԽՎ-ի Նախագահը Քննադատած Է Պաքուի` Որոշ Երեսփոխաններու Ազրպէյճան Մուտքը Արգիլելու Որոշումը

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.