Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նեթանիահու. «Ֆիլատելֆիա Միջանցքի Վերաբերեալ Մեր Դիրքորոշումէն Պիտի Չհրաժարինք»

August 28, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը նշեց. «Նեթանիահու վճռական է վերադարձնելու գերիները եւ Ֆիլատելֆիա միջանցքը Իսրայէլի ձեռքը պահելու»:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը այս առումով հաղորդեց, որ Նեթանիահու յայտարարած է. «Ֆիլատելֆիա միջանցքին վերաբերեալ մեր դիրքորոշումէն պիտի չհրաժարինք, եւ այդ առնչութեամբ անվտանգութեան մարմիններու ղեկավարութեան դիրքորոշումը զիս չի հետաքրքրեր»:

Եգիպտական լաւատեղեակ ապահովական աղբիւրներ սէուտական «Շարք» օրաթերթին յայտնեցին, որ եգիպտական եւ պաղեստինեան կողմերը համաձայն են, որ իսրայէլեան ուժերը ամբողջովին պէտք է հեռանան սահմանային Ֆիլատելֆիա եւ Նեցարիմ ճակատներէն, իսկ Ռաֆահի անցակէտը պէտք է մէկ կողմը պաղեստինեան վերահսկողութեան տակ ըլլայ, իսկ միւս կողմը` եգիպտական:

«Չենք կրնար Ֆիլատելֆիա ճակատին վրայ իսրայէլեան ներկայութիւնը ընդունիլ, որովհետեւ ատիկա վնաս կը հասցնէ Կազայի հետ եգիպտական քաղաքական, ապահովական ու տնտեսական շահերուն»:

Աղբիւրները յայտնեցին, որ ամերիկեան կողմը Գահիրէի մէջ վերջին բանակցութիւններուն ընթացքին Ֆիլատելֆիա միջանցքին վրայ իսրայէլեան ներկայութեան մասին կատարած է բազմաթիւ առաջարկներ, որոնցմէ մէկը այդ ներկայութեան կէտերու կրճատումը կամ սահմանէն ու Ռաֆահի անցակէտէն հեռացնելն էր, սակայն եգիպտական կողմը «մերժեց այդ բոլոր առաջարկները եւ կառչած մնաց շրջանէն իսրայէլեան ամբողջական հեռացումին»:

Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ճոն Քըրպի յայտնեց. «Աշխատանքային խմբակները ներկայիս Գահիրէի մէջ ժողովներ կը գումարեն Կազայի մէջ զինադադարի շուրջ բանակցութիւններ կատարելու համար»:

«Գահիրէի մէջ աշխատանքային խմբակներու բանակցութիւններուն մէջ ներկայացուած պիտի ըլլան բոլոր կողմերը, ներառեալ Համասը», ըսաւ Քըրպի:

«Բանակցութիւնները ներկայիս կը կեդրոնանան մանրամասնութիւններու, որոնց շարքին` գերիներու եւ բանտարկեալներու փոխանակման վրայ», յայտնեց ան:

Լաւատեղեակ աղբիւր մը իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին յայտնած է. «Ամէն անգամ, որ բանակցութիւններուն մէջ կէտի մը շուրջ լուծումի հասնինք, Իսրայէլի վարչապետը նոր կէտ մը կ՛աւելցնէ»:

Միւս կողմէ, իսրայէլեան բանակը երէկ յայտարարեց, թէ Ռաֆահի շրջանին մէջ փապուղիի մը մէջէն ազատագրած է իսրայէլացի գերի մը, եւ անոր առողջական վիճակը լաւ է:

 

Նախորդը

Ռուսական Բանակը Իր Վերահսկողութեան Տակ Առած Է Տոնեցքի Օրլովքա Բնակավայրը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.