Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վոլոտին. «Պայտըն Կ՛ուզէ Նախագահական Ընտրութենէն Առաջ Վերահսկողութեան Տակ Առնել «Թելեկրամ»-ը»

August 28, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ խորհրդարանի` Տումայի նախագահ Վիաչիսլաւ Վոլոտին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն կ՛ուզէ Միացեալ Նահանգներու նոյեմբերին նախատեսուած նախագահական ընտրութենէն առաջ վերահսկողութեան տակ առնել «Թելեկրամ»-ը: Այս մասին հաղորդեց «Ռաշա Թուտէյ»-ը:

«Թելեկրամ»-ը կը նկատուի համացանցի քիչ եւ միեւնոյն ժամանակ մեծագոյն հարթակներէն մէկը, որուն վրայ Միացեալ Նահանգներ որեւէ ազդեցութիւն չունին: Միաժամանակ անիկա կը գործէ շարք մը երկիրներու մէջ, որոնք անոնց կը հետաքրքրեն: Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան նախօրեակին Պայտընի համար  կարեւոր է անոր վրայ վերահսկողութիւն հաստատել», աւելցուց Վոլոտին:

«Միացեալ Նահանգներու համար ընկերային ցանցերուն հսկողութիւնն ու անոնց վրայ ամբողջական վերահսկողութիւնն ու անոնց ենթակայութիւնը քաղաքական տիրապետութեան ու արտաքին ազդեցութեան աւանդական ձեւերէն են: Եւ այսպիսով կը փորձեն Ֆրանսայի ճամբով Փաւել Տուրովը ամբաստանել աւելի քան 10 ոճիրներով, ուստի եւ վերահսկողութեան տակ առնել ցանցը», նշեց ան:

«Պետութիւնները, ուր «Թելեկրամ» հարթակը կը գործէ եւ աշխուժ կերպով կը զարգանայ, պէտք է հասկնան տեղի ունեցողին խորքը եւ իրենք որոշեն, եթէ կ՛ուզեն, որ Ուաշինկթըն նաեւ այս հարթակը առնէ իր վերահսկողութեան տակ, կամ անոր աշխատանքը Միացեալ Նահանգներու քաղաքական շահերուն համահունչ կերպով կազմակերպուի», աւելցուց Տումայի նախագահը:

Միւս կողմէ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ Ֆրանսայէն պահանջած է 2021 թուականին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու քաղաքացիութիւն ստացած Տուրովին տրամադրել հիւպատոսական անհրաժեշտ բոլոր ծառայութիւնները:

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշած է, որ Ապու Տապին ուշադիր կը հետեւի այս գործին:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն «Էքս»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտարարեց. «Ֆրանսայի տարածքին մէջ «Թելեկրամ»-ի հիմնադիրին ձերբակալութիւնը կատարուած է շարունակուող հետաքննութեան ծիրին մէջ: Ատիկա ոչ մէկ պարագայի քաղաքական որոշում է: Որոշումը պէտք է տան դատաւորները»:

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Փաւել Տուրովի Ֆրանսայի մէջ կալանքը երկարաձգուած է մինչեւ 28 օգոստոս: Դատախազութիւնը զգուշացուցած է, որ կալանքի ժամկէտը կրնայ երկարաձգուիլ եւ կրնայ մինչեւ 96 ժամ տեւել` «կազմակերպուած յանցագործութեան դրութեան պատկանող յանցագործութիւններու նկատմամբ կիրարկուող ընթացակարգին համաձայն»:

Անոր թիկնապահն ու ընկերուհին հարցաքննութենէ ետք ազատ արձակուած են:

Նախորդը

Պայտըն. «Ռուսիան Ուքրանիոյ Մէջ Իր Մղած Պատերազմին Մէջ Երբեք Պիտի Չյաջողի»

Յաջորդը

Պայտըն Եւ Մոտի Հաստատակամութիւն Կը Յայտնեն` Աջակցելու Ռուս-Ուքրանական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման

RelatedPosts

Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին  Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»
Միջազգային

Պարրաք. «Մեծն Իսրայէլի Մասին Խօսիլը Պարզապէս Պատրանք Է»

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.