Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ասատ. «Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւններու Վերականգնումը Անոնց Քանդման Յանգեցուցած Պատճառներու Վերացում Կը Պահանջէ»

August 27, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ յայտնեց. «Համաշխարհային մակարդակի վրայ ներկայ տագնապալից կացութիւնն ու մեր վրայ անոր ազդեցութիւնը մեզ կը մղեն աւելի արագ աշխատելու` շտկելու համար այն, ինչ որ կարելի է շտկել` բարեկամի դանակի հարուածէն գոյացած վէրքի ցաւը անտեսելով, եւ այդպէս ընկալեցինք Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն վերաբերեալ նախաձեռնութիւնները, որոնք կատարուեցան Ռուսիոյ, Իրանի եւ Իրաքի կողմէ»:

Ասատ Սուրիոյ խորհրդարանին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Մենք դրացի երկրի մը հողերը չգրաւեցինք, որ նահանջենք, եւ ահաբեկչութեան չաջակցեցանք, որ աջակցութիւնը դադրեցնենք: Ինչպէս կարելի է խնդիր մը լուծել, երբ անոր իսկական պատճառները չենք տեսներ: (Թուրքիոյ հետ) յարաբերութիւններուն վերականգնումը նախ եւ առաջ անոնց քանդումին յանգեցուցած պատճառներու վերացումը կը պահանջէ, եւ մենք մեր ոչ մէկ իրաւունքէն պիտի զիջինք»:

«Բանակցային որեւէ հոլովոյթ յաջողելու համար յենարանի կը կարօտի, եւ նախկին հանդիպումներուն մէջ արդիւնքի չգոյացման պատճառներէն մէկը այդ յենարանի բացակայութիւնն է: Սուրիան շարունակ կը պնդէ Թուրքիոյ իր գրաւած հողերէն հեռացման ու ահաբեկչութեան աջակցութիւնը դադրեցնելուն վրայ», աւելցուց Սուրիոյ նախագահը:

«Փուլը, որուն մասին Սուրիան ներկայիս կը խօսի, հիմքերու եւ սկզբունքներու փուլն է, որովհետեւ անոր յաջողութիւնն է, որ հետագայ յաջողութեան հիմքը պիտի դառնայ, եւ թուրք պաշտօնատարներուն յայտարարութիւնները ճշմարտութեան չեն համապատասխաներ, որովհետեւ մեր արժեչափը գերիշխանութիւնն է», շեշտեց Ասատ:

«Պաղեստինի, Լիբանանի, Իրաքի եւ Եմէնի մէջ Դիմադրութեան մարտիկները մեզի համար առաջնորդող ուղի են, բնորդ եւ իտէալ են, որոնց կը հետեւինք ազատագրման, արժանապատուութեան, պատիւի եւ լիակատար անկախութեան ուղիին վրայ», յայտարարեց Սուրիոյ նախագահը:

 

 

Նախորդը

Պեն Ղաֆիր Աքսայի Մզկիթին Տեղ Հրէական Տաճար Կառուցելու Մասին Կը Խօսի

Յաջորդը

Իրանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Քննարկած Են Շրջանին Մէջ Տեղի Ունեցող Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.