Լաւրով. «Անգարայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համագործակցութեան Շարունակութիւնը Տարակուսելի Է` Հաշուի Առնելով Թրքական Իշխանութիւններու Յայտարարութիւնները»
Անգարայի եւ Քիեւի միջեւ ռազմական-արհեստագիտական համագործակցութեան շարունակութիւնը տարակուսելի է` հաշուի առնելով թրքական իշխանութիւններուն յայտարարութիւնները ուքրանական ճգնաժամի կարգաւորման աջակցելու իրենց պատրաստակամութեան մասին: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին թրքական «Հիւրրիեթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: «Ցաւօք, Անգարան կը շարունակէ ռազմական-արհեստագիտական ոլորտին մէջ համագործակցիլ Քիեւի վարչակարգին հետ: «Թրքական զէնքը Ուքրանիոյ զինեալ ուժերուն կողմէ կ՛օգտագործուի...




















