Իրան տեղեկութիւն ստացած էր Իսրայէլի կողմէ հաւանական յարձակումի մասին: Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին ըսած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի:
Ան նաեւ ընդգծած է, որ Իրանը իսրայէլեան յարձակումին պատասխանելու իրաւունք ունի եւ ճիշդ ժամանակին պիտի պատասխանէ:
«Յարձակումին նախորդող երեկոյէն մենք ստացած ենք ազդանշաններ, որոնք կը վկայէին յարձակումին հաւանականութիւնը, ատկէ ետք մենք համոզուած էինք, թէ յարձակում պիտի ըլլայ: Բացի ատկէ, տարբեր կողմերու հետ հաղորդագրութիւններ փոխանակած ենք եւ մինչեւ յարձակումը ձեռնարկած ենք անհրաժեշտ քայլերու եւ այս առումով մեր պարտքը կատարած ենք: Մենք պիտի չմոռնանք մեր նահատակներու արիւնը եւ մենք մեզի իրաւունք կը վերապահենք պատասխանելու սիոնական վարչակարգի յարձակողական գործողութիւններուն, եւ ատիկա պիտի կատարուի համապատասխան պահուն», ըսած է Արաղչի:
Ան նաեւ ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգներ մեղսակից են Իսրայէլի հարուածներուն:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտնեց. «Սիոնական գոյացութիւնը հաշուետուութեան չենթարկելը, զայն քաջալերեց յաւելեալ ոճիրներ գործելու»:
«Սիոնական գոյացութեան աջակցողները, նախ եւ առաջ Միացեալ Նահանգները պատասխանատու են անոր գործած ոճիրներուն», նշեց նախարարութիւնը:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը աւելցուց. «Մեր տրամադրութեան տակ գտնուող բոլոր միջոցները պիտի օգտագործենք Իսրայէլին խիստ ու պատշաճ կերպով պատասխանելու»: