Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով յայտարարած է, որ Ռուսիան վճռականօրէն կը մերժէ Վրաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն միջամտելու մասին իր դէմ ուղղուած մեղադրանքները: Այս մասին կը հաղորդէ «էխօքաւքազա» կայքը:
«Մենք կտրուկ կերպով կը մերժենք նման մեղադրանքները: Անոնք բազմաթիւ երկիրներու համար սովորական դարձած են, գրեթէ անմիջապէս Ռուսիան կը մեղադրեն միջամտութեան համար: Ո՛չ, ատիկա ճիշդ չէ: Ոչ մէկ միջամտութիւն եղած է: Մեղադրանքները բացարձակապէս անհիմն են», լրագրողներուն ըսած է Փեսքով:
Մեկնաբանելով Վրաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքը` ան ըսած է. «Ատիկա վրացի ժողովուրդին ընտրութիւնն է»:
«Այժմ շատ կարեւոր է, որ ոչ մէկ երրորդ երկիր միջամտէ այս ընտրութիւններու արդիւնքին: Նոյն տիկին նախագահը (Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլին, «Ա.») ըսաւ, որ չի ճանչնար այս ընտրութիւններուն արդիւնքը: Ես չեմ գիտեր, թէ արդեօք Վրաստանի նախագահի իրաւասութիւններուն ծիրին մէջ է ճանչնալ կամ չճանչնալ ընտրութիւնները: Ամէն պարագայի, այս բոլորը վրացական ներքին խնդիրներ են», ըսած է Փեսքով:
Զուրապիշվիլին եւ ընդդիմութեան ղեկավարները վերջին ընտրութիւնները որակած են «ռուսական յատուկ գործողութիւն»:
Լաւրով. «Մոսկուան Պատրաստ Է Քննարկելու Թիֆլիսի Հետ
Հաղորդակցութիւնները Ընդլայնելու Առաջարկները»
Մոսկուան պատրաստ է քննարկելու Թիֆլիսի հետ հաղորդակցութիւնները ընդլայնելու առաջարկները: Այս մասին յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
«Եթէ մեր վրացի դրացիներուն կողմէ հաղորդակցութիւններու մասին լրացուցիչ առաջարկներ ըլլան, ի հարկէ, մենք պիտի քննենք զանոնք: Մենք երբեք չենք խուսափած հաղորդակցութիւններէն», ըսած է Լաւրով: