Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Իսրայէլի կողմէ Իրանի դէմ գործուած յարձակումին վերաբերեալ հաղորդագրութիւն հրապարակած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Էրմենիհապեր» կայքը:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր հաղորդագրութեան մէջ խստօրէն կը դատապարտէ տեղի ունեցածը:
«Միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղենք` կարելի եղածին չափ շուտ գործի անցնիլ օրէնքի կիրարկման եւ Նեթանիահուի կառավարութիւնը կանգնեցնելու համար:
«Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան վերահաստատման համար պարտադիր է շրջանի երկիրներու եւ արտաշրջանային դերակատարներու կողմէ խելամիտ ու ողջախոհ դիրքորոշման որդեգրումը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: