Ապահովութեան Խորհուրդի Շտապ Նիստ Պահանջելով` Իրան Ինքնիրեն Կը Վերապահէ Իսրայէլեան Յարձակումին Հակադարձելու Իրաւունքը
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի Իրանի վրայ իսրայէլեան յարձակումին հարցով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին ու Ապահովութեան խորհուրդին յղած իր նամակին մէջ յայտնեց, որ Իրան ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ միջազգային օրէնքին համահունչ ինքնիրեն կը վերապահէ «օրինական ու իրաւացի կերպով պատշաճ ժամանակին այս ոճրային յարձակումներու հակադարձելու իրաւունքը»: Ան նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարէն ու Ապահովութեան խորհուրդէն պահանջեց այս յարձակումները յստակօրէն դատապարտող կեցուածք որդեգրել եւ...




















