Եւրոպական յանձնաժողովը 30 հոկտեմբերին առաջին անգամ ըլլալով յայտարարած է Ուքրանիոյ եւ Մոլտովայի Եւրոպական Միութեան հաւանական անդամակցութեան որոշակի թուականը: Այս մասին կը հաղորդէ գերմանական «Տէօչէ Վելլէ» օրաթերթը:
«Մենք լրացուցիչ գործիքներ ստեղծած ենք Արեւմտեան Պալքաններու երկիրներու, Մոլտովայի եւ Ուքրանիոյ համար` անոնց օգնելու արագացնելու իրենց բարեփոխումները: Այս գործիքները կը կոչուին «Աճի ծրագիր», «Ուքրանիոյ ծրագիր»` կախեալ երկրէն:
«Եւ այս ծրագիրով կարելի դարձուցած ենք, որ Արեւմտեան Պալքանները, Մոլտովան, ինչպէս նաեւ Ուքրանիան աւարտին հասցնեն բարեփոխումները, որպէսզի մինչեւ Եւրոպական յանձնաժողովի յաջորդ նստաշրջանի աւարտը կարենան ամէն ինչ պատրաստել եւ դառնալ Եւրոպական Միութեան անդամ», նշած է բարի դրացիութեան եւ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Օլիվիէ Վարհէին:
Եւրոպական յանձնաժողովի նստաշրջանը կը տեւէ հինգ տարի, յաջորդը պիտի աւարտի 2029 թուականին: