Եւրոպական յանձնաժողովը եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին ու անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել Վրաստանին կոչ ուղղած են հետաքննելու 26 հոկտեմբերին խորհրդարանական ընտրութիւններուն մէջ արձանագրուած խախտումները, բացայայտելու եւ վերացնելու զանոնք: Այս մասին կը նշուի Եւրոպական յանձնաժողովի եւ Պորելի միացեալ յայտարարութեան մէջ:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Եւրոպական Միութիւնը ուշադիր կը հետեւի խորհրդարանական ընտրութիւններուն նախորդող զարգացումներուն, եւ Վրաստանի ժողովուրդը վերջին ամիսներուն ցոյց տուած է իր հաւատարմութիւնը ժողովրդավարական արժէքներուն եւ երկրի դէպի Եւրոպական Միութիւն ուղիին:
Յայտարարութեան բնագիրը կը վերաբերի ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններուն եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի գլխաւորած ընտրութիւններու միջազգային դիտորդական առաքելութեան նախնական արդիւնքներուն:
«Ընտրութիւններուն օրը, ընդհանուր առմամբ, ընթացակարգային առումով լաւ կազմակերպուած էր եւ կարգին անցած է, սակայն նշանաւորուած է լարուածութեամբ` քուէարկութեան գաղտնիութեան վերաբերեալ յաճախակի փոխզիջումներով եւ շարք մը ընթացակարգային անհամապատասխանութիւններով, ինչպէս նաեւ ընտրողներու ահաբեկման եւ ճնշման մասին հաղորդումներով, որոնք բացասաբար ազդած են հոլովոյթին նկատմամբ հասարակական վստահութեան վրայ», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Եւրոպական յանձնաժողովն ու Պորելը յիշեցուցած են, որ ընտրութիւններու դիտորդները զեկուցած են անհաւասար մրցակցային դաշտի, բեւեռացուած մթնոլորտի մէջ քարոզարշաւի կատարման եւ ընտրական հոլովոյթին վրայ վերջին օրէնսդրական փոփոխութիւններուն ազդեցութեան վերաբերեալ զգալի մտահոգութիւններու մասին:
«Մենք Վրաստանի Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբին եւ այլ համապատասխան մարմիններուն կոչ կ՛ուղղենք` կատարելու իրենց պարտականութիւնը` արագ, թափանցիկ եւ անկախ հետաքննելու ընտրախախտումները եւ մեղադրանքները: Այդ խախտումները պէտք է բացայայտուին եւ շտկուին: Ասիկա անհրաժեշտ քայլ է ընտրական հոլովոյթի նկատմամբ վստահութիւնը վերականգնելու համար», կ՛ընդգծուի յայտարարութեան մէջ:
Բացի ատկէ, յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Եւրոպական Միութիւնը անհամբեր կը սպասէ ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻ վերջնական զեկուցումին եւ առաջարկներուն, որոնք պէտք է իրականացուին կարելի եղածին չափ արագ:
Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել իր կարգին հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով մեկնաբանեց Վրաստանի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւնները` նշելով. «Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբին ու այլ առնչակից իշխանութիւններուն կոչ կ՛ուղղեմ` յարգելու արագօրէն, թափանցիկ եւ անկախ կերպով հետաքննելու իր պարտաւորութիւնը, եւ ընտրական խախտումներն ու այդ մասին պնդումները իրարմէ զատելու»:
«Պէտք է յստակացնել ենթադրեալ խախտումները եւ լրջութեամբ զանոնք դարմանել», շեշտեց Միշել:
Անցողիկ շեմը յաղթահարած վրացական ընդդիմադիր չորս կուսակցութիւնները յայտարարեցին, որ նոր խորհրդարանը պոյքոթի պիտի ենթարկեն: