Լաւատեղեակ աղբիւր մը «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ին յայտնած է. «Մոսատի տնօրէնը Տոհայի մէջ հանդիպում ունեցաւ Քաթարի վարչապետ Մոհամետ պըն Ապտելռահմանի եւ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ուլիըմ Պըռնզի հետ:
«Հանդիպումը կեդրոնացաւ սկզբունքները ճշդելու մօտալուտ աւելի մեծ վեհաժողովի մը վրայ, որ պիտի քննարկէ Կազայի եւ Լիբանանի մէջ զինադադարի հաստատումը», նշեց աղբիւրը:
Զուիցերիոյ նախագահը երէկ յայտարարեց. «Յառաջիկայ ամիս Ժընեւի մէջ Միջին Արեւելքի շուրջ խորհրդաժողով պիտի կազմակերպուի»:
Լաւատեղեակ աղբիւր մը «Ֆոքս Նիուզ»-ին յայտնած էր. «Քաթարի ժողովին գլխաւոր նպատակը` Կազայի մէջ երկարատեւ` առնուազն մէկ ամիս տեւողութեամբ զինադադարի հաստատման ծրագիրները քննարկելն է»:
Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի նախքան այդ յայտարարած էր. «Եգիպտոս առաջարկեց 4 իսրայէլացի գերիները քանի մը պաղեստինցի ձերբակալեալներու հետ փոխանակելու համար Կազայի մէջ 2 օր տեւողութեամբ զինադադարի հաստատումը»:
Սիսի Ալճերիոյ նախագահ Ապտելմաժիտ Թիպունի հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նշած էր. «10 օրէն մնայուն զինադադարի հաստատման համար անմիջական ժամանակաւոր զինադադարի հաստատման շուրջ բանակցութիւններ պիտի վարենք»:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը երէկ հաղորդեց, որ Իսրայէլի նախարարաց սեղմ խորհուրդը քննարկած է եգիպտական առաջարկը, եւ նախարարներու մեծամասնութիւնը համաձայն գտնուած են անոր` բացի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուէն, ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար Պեն Ղաֆիրէն եւ ելեւմուտքի նախարար Պեցալել Սմոթրիչէն:
Նեթանիահու պնդած է, որ պէտք չէ զինադադարի պայմաններուն մէջ բանակցիլ:
Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը նշեց, որ Տոհայի մէջ գերիներու հաւանական փոխանակման բարեփոխուած գործարքի ընդհանուր գիծերուն շուրջ ամբողջ գիշերը տեւած ժողովէն ետք Մոսատի տնօրէնը պիտի մնայ Տոհա:
«Առնչակից կողմերը կը սերտեն բանակցութիւններու շարունակման եւ քանի մը օրէն թեքնիք խմբակի ժողովի գումարման կարելիութիւնը», աւելցուց օրաթերթը: