Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պլինքըն. «Կը Դատապարտենք Վրաստանի Ընտրութիւններուն Մէջ Միջազգային Արժեչափերու Բոլոր Խախտումները Եւ Կոչ Կ՛ուղղենք Զանոնք Ամբողջապէս Հետաքննելու»

Հոկտեմբեր 29, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը դատապարտէ միջազգային օրէնքի արժեչափերու բոլոր խախտումները եւ կը միանայ միջազգային ու տեղական դէտերու կոչերուն` ընտրութիւններուն առնչուած խախտումներուն վերաբերեալ բոլոր հաղորդումներու ամբողջական հետաքննութեան վերաբերեալ: Այս մասին նշուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի` Վրաստանի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերաբերեալ ուղերձին մէջ:

Ան ընդգծած է, որ 2024 թուականին միջազգային ու տեղական դէտերը նշած են, որ նախընտրական միջավայրին մէջ գոյութիւն ունի իշխող կուսակցութեան կողմէ պետական միջոցներու չարաշահում, ձայներու գնում եւ ընտրողներու ահաբեկում, ինչ որ նպաստած է անհաւասար միջավայրի ստեղծման եւ խաթարած հասարակութեան ու միջազգային վստահութիւնը արդար արդիւնքի կարելիութեան նկատմամբ:

«Թէեւ միջազգային ու տեղական դէտեր համաձայնած են, որ ընտրութիւններու օրը, ընդհանրապէս, լաւ կազմակերպուած է, սակայն կան խախտումներու եւ բռնութիւններու մասին հաղորդումներ: Միջազգային դէտերը արդիւնքները ազատ եւ արդար չեն նկատած: Մենք կը դատապարտենք միջազգային արժեչափերու բոլոր խախտումները եւ կը միանանք միջազգային ու տեղական դէտերու կոչերուն` ընտրութիւններու առնչուած խախտումներուն վերաբերեալ բոլոր հաղորդումներու ամբողջական հետաքննութեան վերաբերեալ:

«Մենք Վրաստանի քաղաքական ղեկավարներուն կոչ կ՛ուղղենք` յարգելու օրէնքի գերակայութիւնը, չեղեալ նկատելու հիմնարար ազատութիւնները խաթարող օրէնսդրութիւնը եւ միասին վերացնելու ընտրական հոլովոյթի թերութիւնները: Վրաստանի եւրոպական եւ եւրատլանտեան համարկման նպատակները, որոնք ամրագրուած են երկրին սահմանադրութեամբ, կը պահանջեն, որ կառավարութիւնը յարգէ քաղաքացիական հասարակութեան անդամներուն իրաւունքները եւ Վրաստանի բոլոր քաղաքացիներուն հիմնարար ազատութիւնները», կը նշուի ուղերձին մէջ:

 

 

Նախորդը

Եւրոպական Յանձնաժողովն Ու Խորհուրդը Վրաստանին Կոչ Կ՛ուղղեն Հետաքննելու Ընտրական Խախտումները

Յաջորդը

Նեթանիահու. «Եթէ Իսրայէլ Տապալի, Ամբողջ Աշխարհը Կը Տապալի»

RelatedPosts

Ռուսիա – Ուքրանիա Հանդիպումը Պուտափեշթի,  Ժընեւի, Մինսքի Եւ Մոսկուայի Մէջ Կատարելու Առաջարկներ
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա – Ուքրանիա Հանդիպումը Պուտափեշթի, Ժընեւի, Մինսքի Եւ Մոսկուայի Մէջ Կատարելու Առաջարկներ

Օգոստոս 21, 2025
Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ  Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն  Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ  Ամերիկեան Տեսլականին»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ Ամերիկեան Տեսլականին»

Օգոստոս 21, 2025
Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ  Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?