Միջազգային

Ըստ Իսրայէլեան Եւ Ամերիկեան  Հետախուզական Տեղեկութիւններու.  Իրան Յառաջիկայ Օրերուն Իրաքէն Իսրայէլի  Վրայ Մեծ Յարձակում Մը Կը Ծրագրէ

Ըստ Իսրայէլեան Եւ Ամերիկեան Հետախուզական Տեղեկութիւններու. Իրան Յառաջիկայ Օրերուն Իրաքէն Իսրայէլի Վրայ Մեծ Յարձակում Մը Կը Ծրագրէ

Ամերիկեան «Աքսիոս» կայքը հաղորդեց, որ իսրայէլեան եւ ամերիկեան հետախուզական տեղեկութիւնները ցոյց կու տան, թէ Իրան յառաջիկայ օրերուն Իսրայէլի վրայ մեծ յարձակում մը կը ծրագրէ` հակադարձելու համար 25 հոկտեմբերին Իրանի վրայ կատարուած իսրայէլեան յարձակումին: «Աքսիոս» նշեց, որ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը անօդաչու թռչող սարքեր եւ թեւաւոր հրթիռներ կը փոխանցէ Իրաքի մէջ իրեն հաւատարիմ զինեալ խմբաւորումներու եւ Իսրայէլի վրայ միացեալ յարձակում մը կը...

Փեզեշքիան Պաքուի Մէջ  Պիտի Մասնակցի ՔՈՓ29-ին

Փեզեշքիան Պաքուի Մէջ Պիտի Մասնակցի ՔՈՓ29-ին

Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան պիտի մասնակցի Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք ՄԱԿ-ի Կենսոլորտի փոփոխութեան շրջանակային համաձայնութեան կողմերու խորհրդաժողովի 29-րդ նստաշրջանին` ՔՈՓ29-ին: Ազրպէյճանի պետական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ իրանեան պատուիրակութիւնը պիտի գլխաւորէ երկրի նախագահը: Ազրպէյճանի մէջ Իրանի դեսպանատունը այս տեղեկութիւնը չէ հաստատած: ՔՈՓ29-ը տեղի պիտի ունենայ Պաքուի մէջ, 11-22 նոյեմբերին:  

Թուրքիոյ Մէջ Կը Պատրաստուին «Օտարերկրեայ  Գործակալներու» Մասին Օրինագիծ Որդեգրելու

Թուրքիոյ Մէջ Կը Պատրաստուին «Օտարերկրեայ Գործակալներու» Մասին Օրինագիծ Որդեգրելու

Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը պատրաստուի խորհրդարանի վաւերացման ներկայացնելու «օտարերկրեայ գործակալներու» մասին օրէնքի նախագիծ մը: Այս մասին կը հաղորդէ «Էրմենիհապեր»-ը: Ըստ հրապարակուած գրաւոր յայտարարութեան, օրէնքը ուղղուած պիտի ըլլայ «այլ երկիրներու կամ օտարերկրեայ կազմակերպութիւններու համար աշխատողներու դէմ, որոնք կը սպառնան Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան»: Օրինագիծով այդ արարքին համար կը նախատեսուի մինչեւ 7 տարի բանտարկութիւն: Նմանապիպ օրէնք որդեգրուած է նաեւ Վրաստանի մէջ, ուր այդ քայլը...

Միացեալ Նահանգներու Նախագահական  Ընտրութեան Քուէներու Հաշուարկը Սկսաւ  Եւ Վերջնական Արդիւնքը Կը Նախատեսուի Այսօր

Միացեալ Նահանգներու Նախագահական Ընտրութեան Քուէներու Հաշուարկը Սկսաւ Եւ Վերջնական Արդիւնքը Կը Նախատեսուի Այսօր

Միացեալ Նահանգներու ամբողջ տարածքին երէկ ամերիկացի քուէարկողները ուղղուեցան ընտրական կեդրոններ` ընտրելու համար իրենց երկրին յաջորդ նախագահը: Նախագահական թեկնածուներ Քամալա Հարիս եւ նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ իւրաքանչիւրը առնուազն 270 ընտրական քուէի պէտք ունին` ընտրութեան յաղթանակ արձանագրելու համար: Ընտրութեան արդիւնքի վճռորոշ նահանգներն են Արիզոնան, Ճորճիան, Միչիկընը, Նեւատան, Հիւսիսային Քարոլայնան, Փենսիլվանիան եւ Ուիսքոնսինը: Հարիս եւ Թրամփ իւրաքանչիւրը երեքական ընտրական քուէ ապահովեցին Նիւ Համփշայրի...

Կալանթ Նեթանիահուին Կ՛առաջարկէ  Արդիականացնել Պատերազմին Նպատակները

Նեթանիահու Պաշտօնազրկեց Կալանթը Եւ Անոր Տեղ Պաշտպանութեան Նախարար Նշանակեց Եիսրայէլ Քացը

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ յայտարարեց, որ իր եւ Եոաւ Կալանթի միջեւ վստահութիւնը կորսուած է, եւ անոր տեղ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնին նշանակած է Եիսրայէլ Քացը: Նեթանիահու նաեւ փոխան Քացի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին նշանակեց Կիտէոն Սահերը:

Միցոթաքիս. «Յունաստանի Մէջ Թուրքիոյ Հետ  Պատերազմելու Կողմնակիցներ Կան»

Միցոթաքիս. «Յունաստանի Մէջ Թուրքիոյ Հետ Պատերազմելու Կողմնակիցներ Կան»

Յունաստանի վարչապետ Քիրիաքոս Միցոթաքիս անդրադարձած է թուրք-յունական յարաբերութիւններուն` 8 նոյեմբերին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի Աթէնք իրականացնելիք այցելութեան ընդառաջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Էրմենիհապեր»: Ան, պաշտպանելով Թուրքիոյ հետ երկխօսութիւն ունենալու տեսակէտը, նշած է, որ կողմնակից է խաղաղութեան: Միցոթաքիս շեշտած է, որ Յունաստանի ընդդիմադիր Նոր ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան» մէջ կան շրջանակներ, որոնք դէմ են Թուրքիոյ հետ երկխօսութեան: «Երկխօսութեան դէմ արձագանգողներու այլընտրանքային...

Իսրայէլ Պաշտօնապէս ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի Հետ  Համաձայնութիւնը Խզեց

Իսրայէլ Պաշտօնապէս ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի Հետ Համաձայնութիւնը Խզեց

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եիսրայէլ Քաց յայտարարեց, որ իր նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Եաքոպ Պլիթշթայնին հրամայած է ՄԱԿ-ը տեղեկացնել Իսրայէլի եւ պաղեստինցիներու օժանդակութեան ու աշխատանքի գործակալութեան` ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի միջեւ կնքուած 1967 թուականի համաձայնութեան չեղեալ նկատուելուն մասին: «ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի վերաբերեալ որոշումէն անկախ, պիտի շարունակենք ՄԱԿ-ի գործակալութիւններուն հետ աշխատիլ», նշեց Քաց: Իսրայէլեան խորհրդարանը անցեալ շաբաթ որդեգրած էր ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի` Իսրայէլի մէջ աշխատանքին վերջ տուող օրէնք մը:...

Մայա Սանտու` Մոլտովայի Նախագահ

Մայա Սանտու` Մոլտովայի Նախագահ

Մոլտովայի գործող նախագահ Մայա Սանտու նախագահական ընտրութեան երկրորդ փուլին իր յաղթանակը յայտարարած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Պի. Պի. Սի.»-ն: Մոլտովայի ընտրութեան արդիւնքները քուէներու 99,46 առ հարիւրի հաշուարկէն ետք Մայա Սանտու հաւաքած է քուէներուն 55,22 առ հարիւրը, իսկ անոր մրցակից Ալեքսանտր Սթոյանոկլօ` 44,78 առ հարիւրը: Երկրի նախագահը կ՛ընտրուի 4 տարուան ժամկէտով: 3 նոյեմբերին տեղի ունեցած ընտրութեան մասնակցութեան համեմատութիւնը կազմած է...

Փեզեշքիան. «Պատերազմի Չենք Ձգտիր, Սակայն  Եթէ Որեւէ Կողմ Ուզէ Մեր Վրայ Յարձակում Գործել,  Ուժգին Ու Վճռական Հակադարձութեան Պիտի Արժանանայ»

Փեզեշքիան. «Մեր Հրթիռները Որեւէ Պետութեան Վրայ Յարձակում Գործելու Համար Չեն, Այլ Մենք Զմեզ Պաշտպանելու Համար Են»

Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան յայտնեց. «Կազայի բնակիչները տոկուն են, եւ Իսրայէլ մէկ տարի ետք չկրցաւ զանոնք անձնատուութեան մղել»: «Մեր հրթիռները որեւէ պետութեան վրայ յարձակում գործելու համար չեն, այլ մենք զմեզ պաշտպանելու եւ մեր վրայ յարձակում գործել մտածողը զսպելու համար են», նշեց Փեզեշքիան: Իրանի նախագահը նաեւ յայտնեց. «Թշնամին կ՛ուզէ մեր դէմ պաշարում հաստատել եւ մեր տնտեսութեան վնասել: Պէտք է արգիլենք, որ...

Այսօր` Միացեալ Նահանգներու  Նախագահի Ընտրութիւն

Այսօր` Միացեալ Նահանգներու Նախագահի Ընտրութիւն

Այսօր Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի կ՛ունենայ նախագահի ընտրութիւնը: Քուէարկողները ամբողջ երկրի տարածքին կ՛ուղղուին քուէարկութեան կեդրոններ` քուէարկելու համար ընտրութեան երկու մրցակիցներէն մէկուն` Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Քամալա Հարիսին կամ նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփին: Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու Քամալա Հարիս երէկ յայտնեց, որ արդէն նամակատան ճամբով քուէարկած է, եւ ըսաւ, որ տեղի ունենալիք նախագահական պայքարը պիտի ըլլայ «լարուած»: Հարիս վստահութիւն յայտնեց սեփական յաղթանակին նկատմամբ:...

Էրտողան Ազրպէյճան Պիտի Այցելէ  Մասնակցելու Համար ՔՈՓ29-ին

Էրտողան Ազրպէյճան Պիտի Այցելէ Մասնակցելու Համար ՔՈՓ29-ին

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ազրպէյճան պիտի այցելէ` մասնակցելու համար ՔՈՓ29-ին: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ անոր այցելութիւնը նախատեսուած է 11-12 նոյեմբերին: ՄԱԿ-ի Կենսոլորտի փոփոխութեան խորհրդաժողովը պիտի սկսի 11 նոյեմբերին եւ պիտի տեւէ մինչեւ 22 նոյեմբեր: Յայտնենք, որ Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով 29 հոկտեմբերին յայտնած էր, որ տակաւին յստակ չէ, թէ արդեօք Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին պիտի մասնակցի՞...

«Իրան Միջնորդներու Ճամբով Զգուշացուց,  Որ Իսրայէլի Վրայ Ուժգին Եւ Բարդ Յարձակում Կը Ծրագրէ»  Կը Գրէ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»

«Իրան Միջնորդներու Ճամբով Զգուշացուց, Որ Իսրայէլի Վրայ Ուժգին Եւ Բարդ Յարձակում Կը Ծրագրէ» Կը Գրէ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» հաղորդեց, որ Իրան  միջնորդներու ճամբով փոխանցած է պատգամ մը, թէ Իսրայէլի վրայ ուժգին եւ բարդ յարձակում մը կը ծրագրէ: Օրաթերթը կը նշէ, որ Իսրայէլի իրանեան հակադարձութեան ծրագիրը կը ներառէ աւելի ուժեղ մարտագլխիկներ եւ այլ զէնքերու կիրարկում: Պաշտօնատարներ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ին  յայտնած են. «Իրան դիւանագէտներու յայտնեց, թէ իր բանակը պիտի մասնակցի Իսրայէլին հակադարձութեան»: Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռը իր կարգին...

Խամենէի. «Ուաշինկթըն Եւ Իսրայէլ Պատասխան  Պիտի Ստանան Այն Բանին Համար, Որ Կ՛ընեն  Իրանի Եւ Դիմադրութեան Դէմ»

Խամենէի. «Ուաշինկթըն Եւ Իսրայէլ Պատասխան Պիտի Ստանան Այն Բանին Համար, Որ Կ՛ընեն Իրանի Եւ Դիմադրութեան Դէմ»

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի շաբաթ օր յայտնեց. «Պէտք եղածը պիտի ընենք դիմակայելու համար մեծամտութիւնը, ըլլայ այդ զինուորական, զինումի կամ քաղաքական առումով»: «Հաստատօրէն իրանցի ժողովուրդի եւ երկրի պատասխանատուներու ընդհանուր ուղղուածութիւնը դիմակայելն է համաշխարհային մեծամտութիւնն ու ոճրային գոյացութիւնը, որ այսօր կը տիրէ համաշխարհային համակարգին, եւ անոնք որեւէ թերացում պիտի չունենան, ատկէ վստահ եղէք»: Խամենէի «Մեծամտութեան դէմ ճակատում»-ի ազգային օրուան...

Նախագահական Ընտրութենէն 2 Օր Առաջ.  Հարիսի Եւ Թրամփի Միջեւ Մրցակցութիւնը Սուր Է

Նախագահական Ընտրութենէն 2 Օր Առաջ. Հարիսի Եւ Թրամփի Միջեւ Մրցակցութիւնը Սուր Է

«Իփոս»-ի կատարած հարցախոյզին համաձայն, քուէարկողներուն 49 առ հարիւրը կը զօրակցի Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ, նախագահի պաշտօնի Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու Քամալա Հարիսին, իսկ 46 առ հարիւրը` նախկին նախագահ, Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Տանըլտ Թրամփին: Հարցախոյզը ցոյց տուած է, թէ ամերիկացի քուէարկողներուն 60 առ հարիւրը դժգոհ է թեկնածուներու իր ընտրանքէն, «ամերիկացի քուէարկողները հիասթափուած են, եւ անոնց 75 առ հարիւրը կ՛ըսէ, թէ երկիրը վտանգաւոր կերպով...

«Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերուն Հետ  Մեր Յարաբերութիւնները Սերտ Են,  Եւ Ռուս Պաշտօնատարներու Հետ  Անոնց Հանդիպումներուն Իրազեկ Ենք»  Կ՛ըսէ Փենթակոն

Փենթակոն. «Միջին Արեւելքի Մէջ Թեւաւոր Հրթիռներէ Պաշտպանութեան Համակարգեր, Հալածիչներ, Բեռնատար Օդանաւեր, Հեռահաս Ռմբաձիգներ Պիտի Տեղակայենք»

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը` Փենթակոնը յայտարարեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ թեւաւոր հրթիռներէ պաշտպանութեան համակարգեր, հալածիչներ, բեռնատար օդանաւեր, հեռահաս ռմբաձիգներ տեղակայելու ընթացքի մէջ է: Փենթակոն ըսաւ, որ ամերիկեան սպառազինութիւնը շրջան պիտի սկսի հասնիլ քանի մը ամիսէն, մինչ «Ապրահամ Լինքըն» օդանաւակիրը կը պատրաստուի մեկնելու: Նախարարութիւնը յայտնեց, որ յաւելեալ սպառազինութիւն տեղակայելու որոշումը հիմնուած է Իսրայէլի մէջ «Թատ» հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգի տեղակայման որոշումին վրայ,...

Ֆիտան. «Ռուս-Ուքրանական Տագնապին Արդարացի  Լուծում Պէտք Է Գտնուի Ուքրանիոյ Տարածքային  Ամբողջականութեան Ծիրին Մէջ»

Ֆիտան. «Ռուս-Ուքրանական Տագնապին Արդարացի Լուծում Պէտք Է Գտնուի Ուքրանիոյ Տարածքային Ամբողջականութեան Ծիրին Մէջ»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան ռուս-ուքրանական տագնապին արդարացի լուծման պայման նշած է Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութեան պահպանումը: Անոր համաձայն, թրքական կողմը կը շարունակէ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ հասարակաց եզրեր փնտռել: «Մենք առանձնայատուկ յարաբերութիւններ ունինք երկու կողմերուն հետ: Մենք չենք հրաժարիր զանոնք լսելէ: Ընկերը միայն ճշմարտութիւնը կ՛ըսէ, մենք այդպէս ալ կ՛ընենք: Պատերազմի արդար լուծումը պէտք է գտնել Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութեան ծիրին...

Մետվետեւ. «Եթէ Թրամփ Իսկապէս Փորձէ Դադրեցնել  Պատերազմը, Կրնայ Նոր Քենետի Դառնալ»

Մետվետեւ. «Եթէ Թրամփ Իսկապէս Փորձէ Դադրեցնել Պատերազմը, Կրնայ Նոր Քենետի Դառնալ»

Ռուսիոյ անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւ անդրադարձած է 5 նոյեմբերին Միացեալ Նահանգներու մէջ կայանալիք նախագահական ընտրութեան` ընդգծելով, որ Մոսկուան որեւէ մեծ սպասումի առիթ չունի: Ըստ Մետվետեւի, Ռուսիոյ համար ընտրութիւնը ոչինչ պիտի փոխէ, որովհետեւ թեկնածուներու դիրքորոշումները լիովին կ՛արտացոլացնեն Ռուսիոյ յաղթելու անհրաժեշտութեան վերաբերեալ երկկուսակցական համախոհութիւնը: «Քամալան (Քամալա Հարիսը) յիմար է, անփորձ, վերահսկուող եւ պիտի վախնայ իր շրջապատի բոլոր մարդոցմէ: Պիտի իշխեն կարեւորագոյն...

Լաւրով. «Թուրք-Սուրիական Բանակցութիւններու  Մեկնարկման Արգելքը Սուրիայէն Թրքական  Ուժերու Կանխահաս Հեռացումն Է»

Լաւրով. «Թուրք-Սուրիական Բանակցութիւններու Մեկնարկման Արգելքը Սուրիայէն Թրքական Ուժերու Կանխահաս Հեռացումն Է»

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ իշխանութիւնները երկխօսութեան շարունակման լուրջ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն, եւ Ռուսիան աշխուժ ջանքեր կը թափէ այդ բանակցութիւններուն վերսկսման համար: Ան այս մասին յայտարարեց թրքական «Հիւրրիեթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը նշեց, որ Դամասկոսի եւ Անգարայի միջեւ ի յայտ եկած տարակարծութիւնը պատճառ դարձաւ բանակցութիւններու դադրեցման: «Սուրիական կառավարութիւնը կը պնդէ,...

Իրան. «Մտահոգութեամբ Կը Հետեւինք Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Իրադարձութեան՝ Մարտական Գործողութիւններու Դադրեցման Կոչ Ուղղելով»

Իսրայէլացի Պաշտօնատարներ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ին. «Իրան Լրջօրէն Հակադարձելու Մասին Կը Մտածէ, Իսկ Մենք Պատրաստ Ենք Աւելի Մեծ Յարձակում Շղթայազերծելու»

Իսրայէլացի պաշտօնատարներ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին յայտնած են. «Իրան լրջօրէն հակադարձելու մասին կը մտածէ, իսկ մենք պատրաստ ենք աւելի մեծ յարձակում շղթայազերծելու»: Աղբիւրներ մէկ օր առաջ ամերիկեան «Աքսիոս» կայքին յայտնած էին, որ կան «իսրայէլեան տեղեկութիւններ, որոնք կը նախատեսեն աւելի մեծաթիւ անօդաչու թռչող սարքերով եւ թեւաւոր հրթիռներով Իրանի յարձակումը»` նշելով. «Իրան կը պատրաստուի յառաջիկայ օրերուն իրաքեան հողերէն Իսրայէլի վրայ յարձակում գործելու»:

Սպանիոյ Մէջ Սաստիկ Ողողումներու  Զոհերու Թիւը Հասած Է 202-ի

Սպանիոյ Մէջ Սաստիկ Ողողումներու Զոհերու Թիւը Հասած Է 202-ի

Սպանիոյ Վալենսիա շրջանին մէջ սաստիկ ողողումներու զոհերու թիւը հասած է 202-ի: Այս մասին «Էքս»-ի վրայ կը յայտնեն շրջանային իշխանութիւնները: Լրատուամիջոցներուն տուեալներով` առնուազն 250 մարդ կը նկատուի անհետ կորսուած: Սպանիոյ կառավարութիւնը եռօրեայ սուգ յայտարարած է: Երեքշաբթի օր Սպանիոյ արեւելքը գտնուող Վալենսիա շրջանի որոշ հատուածներուն մէջ ընդամէնը 8 ժամուան ընթացքին տեղացած է աւելի քան մէկ տարուան չափով անձրեւ, ինչ որ աւերիչ ողողումներ...

Page 123 of 882 1 … 122 123 124 … 882

Արխիւներ