Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակն ու Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեցին, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ հետախուզական եւ ապահովական մարմինները յայտնաբերած են իսրայէլեան եւ մոլտովական քաղաքացիութիւն ունեցող ռաբբի Ցւի Քոկանի դիակը:
Ան հինգշաբթի, 21 նոյեմբերին անհետացած էր:
Իսրայէլի վարչապետի գրասենեակն ու արտաքին գործոց նախարարութիւնը միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով շեշտեցին. «Ցւի Քոկանի սպանութիւնը հակասեմական ոճրային ահաբեկչական դէպք է, եւ Իսրայէլ բոլոր միջոցներով պիտի գործէ եւ անոր սպանութեան պատասխանատու ոճրագործները հաշուետուութեան պիտի ենթարկէ»:
Նեթանիահուի գրասենեակը շաբաթ օր հաղորդած էր, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ բնակող ռաբբին հինգշաբթի օրուընէ ի վեր անհետացած է, եւ հետաքննութիւն կը կատարուի հիմնուելով տեղեկութիւններու վրայ, թէ Քոկանի անհետացումը առնչուած է ահաբեկչական արարքի:
Գրասենեակը նշեց, որ ռաբբին պատուիրակն էր Հապատ շարժումին, որ աշխարհի բոլոր կողմերը մասնաճիւղեր ունի:
Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ գոյութիւն ունի այն կասկածը, թէ ռաբբիի առեւանգման մասնակից բջիջը Ուզպեքիստանէն է եւ գործողութիւնը կատարած է Իրանի ցուցմունքով:


