Անգարան կը շարունակէ ջանքեր գործադրել շրջանին մէջ լարուածութեան վերջ տալու համար: Այս մասին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:
Ըստ Թուրքիոյ նախագահի գրասենեակին, Էրտողան նաեւ շեշտած է, որ Անգարան պիտի շարունակէ իր ջանքերը` նպաստելու խաղաղութեան գործողութիւններուն:
Թուրքիան քանի մը անգամ յայտարարած է, որ հայ-թրքական եւ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթները փոխկապակցուած են, եւ հայ-ազրպէյճանական բանակցութիւններու դրական ելքի պարագային հայ-թրքական սահմանը պիտի բացուի:
Թուրքիոյ նախագահի գրասենեակի, հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, «Էրտողան նշեց, որ իրենց նպատակն է աւելցնել շարք մը ոլորտներու մէջ գործակցութիւնը, նախ եւ առաջ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ փոխադարձ առեւտուրի ծաւալը»:


